6 Ապրիլին, Աւագ Հինգշաբթի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին յիշատակեց մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Վերջին ընթրիքը եւ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի հաստատումը: Այս առիթով, վաղ առաւօտեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ-Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ կատարուեցաւ Ապաշխարողաց կարգ:
Այնուհետեւ, Մայր Աթոռի միաբանութիւնը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ մասնակցեցաւ Միջօրէի ժամերգութեան եւ Սուրբ Պատարագի արարողութեան: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարի լուսարար արժանապատիւ Տգ Յովհաննէս քահանայ Քեսապլեանը, որ Սուրբ Պատարագի ընթացքին ընթերցեց նաեւ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիի ՙՍուրբ Հաղորդութեան մասին՚ ճառը: