Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

April 10, 2023
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

 

 

 

ՅԱՐՈՒՑԵԱԼ ՔՐԻՍՏՈՍ ՄԵԶԻ ՀԵՏª

ՄԻՆՉԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎԱԽՃԱՆԸ

 

Աւետարանը կը պատմէ, որ Քրիստոս յարութիւն առնելէ ետք Գալիլիոյ մէջ աշակերտներուն երեւցաւ ու անոնց սրբազան առաքելութիւն մը յանձնեցª աշխարհ բերած իր արժէքներն ու ճշմարտութիւնները քարոզելու եւ մարդիկ իրեն հետեւորդ դարձնելու, միաժամանակ վստահեցնելով, որ ՙմիշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը՚ (Մտ 28.20)£

Յարուցեալ Քրիստոս խոստացաւ իրեն հաւատացողներուն հետ ըլլալ մինչեւ աշխարհին վերջը, այլ խօսքովª մինչեւ իր երկրորդ գալուստը£ Արդ, Յարուցեալ Քրիստոս անցեալ չէ, այլª ներկայ£ Ան միշտ մեզի հետ է£

– Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ էª խաւարին մէջ կորսուած մարդուն լոյսը դառնալով£ Իր երկրաւոր առաքելութեան սկիզբը Քրիստոս յայտարարեց. ՙես որպէս լոյս եկայ աշխարհ, որպէսզի ով որ ինծի հաւատայª խաւարի մէջ չմնայ՚ (Յհ 12.46)£ Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդին մեզ խաւարէն երկնային լոյսին առաջնորդեց եւ իր լոյսով շաղախեց մարդկային կեանքը ու մենք դարձանք ՙլոյսի որդիներ՚  (Ա.Թս 5.5) եւ ՙաշխարհի լոյսը՚ (Մտ 5.14)£

– Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ էª կեանքի փոթորիկին մէջ մնացած մարդուն յոյս ներշնչելով£ Դժուարութեան մատնուած մարդուն Քրիստոս ըսաւª մի՛ վախնար, միայն հաւատա՛£ Քրիստոսի յոյսով զօրացած Առաքեալներ կարեւորութեամբ շեշտեցին հաւատքով շաղախուած յոյսի հրամայականը քրիստոնեայի կեանքին մէջ£ Քրիստոսի հետեւորդներուն ուղղած իրենց հովուական թուղթերուն մէջ անոնք յիշեցուցին, որ ՙմեր յոյսը դրած ենք կենդանի Աստուծոյ վրայ՚ (Ա.Տմ 4.10), որովհետեւ ՙայս յոյսով էր որ փրկուեցանք՚ (Հռ 8.24), եւ հետեւաբար, ՙանխախտ պահենք այն յոյսը՚ (Եբր 10.23), որ ՙերբեք ամօթով չի ձգեր՚ (Յհ 5.5)£

– Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ էª մարդուն յաւիտենական կեանք խոստանալով£ Չմոռնանք Քրիստոսի խոստումը. ով որ իմ խօսքերս լսէ եւ հաւատայ ինծի ու ետեւէս գայ, յաւիտեան կեանք պիտի ունենայ£ Արդ, ով որ կը հաւատայ Քրիստոսի ՙարդէն իսկ մահէն կեանքի անցած է՚ (Յհ 5.24)£ Պօղոս առաքեալ իր կեանքի օրինակով կը վկայէ, որ յաւիտենական կեանքը ՙձրի պարգեւ՚ է Աստուծոյ կողմէ Քրիստոսի ճամբով տրուած մարդուն (Հռ 6.23)£ Հետեւաբար, Քրիստոսին հետեւողը կոչուած է իր հաւատքի կեանքով եւ բարի գործերով ամուր կառչելու յաւիտենական կեանքին£

– Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ էª մահուան վրայ տարած յաղթանակով£ Մեղքը, չարը, ապականութիւնը, սատանան ու մահը իրենց տիրապետութիւնը հաստատած էին մարդկային կեանքին վրայ, հեռացնելով մարդը Աստուծմէ, երկիրըª երկինքէն£ Աստուծոյ Որդին իր մահով մահը յաղթեց եւ մահուան իշխանութիւնը քանդեց£ Քրիստոսի յարութեամբ մարդը վերամարդացաւ, Աստուծոյ որդեգիրը դարձաւ  եւ յաւիտենական կեանքի շնորհին արժանացաւ£

– Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ էª մարդուն առջեւ փրկութեան ճամբան բանալով£ Եթէ կ’ուզես փրկուիլ, հետեւէ ինծիª պատգամեց Քրիստոս£ Առաքեալներ շարունակ յիշեցուցին քրիստոնեայ հաւատացեալներուն, թէª միայն Քրիստոսով կրնանք փրկուիլ, որովհետեւ ան աշխարհ եկաւ մարդու փրկութեան համար, եւ թէ Քրիստոս է միակ Փրկիչը աշխարհի:

Իր ուսուցումներուն, առակներուն ու հրաշքներուն ճամբով Աստուծոյ Որդին յաճախ յիշեցուց իր հետեւորդներունª ՙեթէ կը սիրէք զիսª պիտի գործադրէք իմ պատուիրաններս՚ (Յհ 14.15) եւ խոստացաւ թէ ՙորբ պիտի չձգեմ ձեզ. կրկին պիտի գամ ձեզի՚ (Յհ 14.18)£

Սիրելի հայորդիներ, մկրտութեամբ Աստուծոյ Միածին Որդին մեր փրկիչը դաւանելու կոչուած ըլլալով կ’անդրադառնա՞նք արդեօք, որ յարուցեալ Քրիստոս խոստացած է մեզի հետ ըլլալ, մեզ որբ չձգել, եւ դարձեալ գալ, այն սպասումով, որ հաւատարմութեամբ հետեւինք իրենª անսալով իր ուսուցումներուն եւ գործադրելով իր պատուիրանները£ Այս է քրիստոնեայ մարդուն կոչումը£

Արդ, իր հրաշափառ յարութեամբ Քրիստոս չհեռացաւ այս աշխարհէն£ Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ է, աշխարհին յայտնած ճշմարտութիւններով, պարզած արժէքներով, իր Աւետարանով£ Արդեօք մենք յարուցեալ Քրիստոսին հետ ե՞նք, կ’ապրի՞նք իր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ, կը քալե՞նք իր ցոյց տուած ճամբէն, կը դաւանի՞նք մեզի փոխանցած իր արժէքները ու ճշմարտութիւնները, որպէս ուղեցոյց մեր կեանքին ու գործին£

Քրիստոսի յարութեան նշումը յիշեցում մըն է, որ Քրիստոս մեզի հետ էª

– կեանքի փոթորիկներուն մէջ, որպէս մեր փրկութեան լաստը£

– կեանքի խաւարին մէջ, որպէս մեր երկնային լոյսը£

– կեանքի դժուարութիւններուն մէջ, որպէս մեր կենդանի յոյսը£

– կեանքի մոլոր ճամբաներուն մէջ, որպէս մեր ճշմարիտ ճամբան£

Յարուցեալ Քրիստոս մեզի հետ է մինչեւ աշխարհի վախճանը£ Ան խոստացաւ դարձեալ գալª դատելու մեզ, մեր ապրած կեանքին ու կատարած գործերուն համար£ Պատրա՞ստ ենք ընդունելու Քրիստոսը, որպէս մեր Տէրն ու փրկիչը£

Սիրելի՛ զաւակներ հայ ժողովուրդի, մեր կեանքի դաժան թէ ուրախ պահերուն, միշտ ըլլանք իր խաչով ու յարութեամբ մեզի կեանք շնորհած մեր Փրկչին հետ, հետեւինք իրենª վերանորոգ հաւատքով ու յոյսով սպասելով իր երկրորդ գալուստը£

 

***

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ’ողջունենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն£ Կ’ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ Արք. Մաշալեանը, իրենց մաղթելով բեղմնաւոր ծառայութիւն հայ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս£

Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդները, Հոգեւոր Դասը, Ազգային Իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը£ Կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանն ու Արցախը եւ մեր ազգին սիրելի զաւակները, որպէսզի կարենանք, Յարուցեալ Փրկչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգել մեր կեանքը եւ դիմագրաւել ներկայ ժամանակներու բազմազան մարտահրաւէրները£

Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,

Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի£

 

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

 

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԵՍ ԵՄ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ կ’ընծայէ մեզի տօնական հոգեպարար մթնոլորտի մէջ նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչինª Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնը£ Մեր ապրած տեսակաւոր հարցերուն ու տագնապներուն դիմաց, Ս. Յարութեան տօնը լուսաւոր տեսարան մը կը բանայ մեր դիմաց£ Լայն բանանք մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի մեր կեանքը անորոշութեան տանող պայմաններուն դիմաց, մեր ներաշխարհին մէջ Յարութեան կենդանարար լոյսը ընդունինք եւ այդ լոյսով պայծառութիւն բերենք մեր կեանքին£ Այսօր, մեր Եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ յարութեան յաղթանակին աւետիսն ու խրախոյսը եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց Աստուծոյ պարգեւած լոյսին, աշխարհի փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց կը պարտուինք ու կը խորտակուինք£ Հետեւաբար, կենդանի հաւատքով եւ ճշմարտութիւնը փնտռող աչքերով նայինք Յարութեան հրաշալիքին, որպէսզի առողջարար ու կազդուրիչ գիտակցութիւն բերենք մեր կեանքին ու մեր շրջապատին£ Անկասկած, մեր ապրած տագնապներուն դիմաց, բոլորս ալ ճար ու դարման կ’աղերսենք եւ զԱստուած օգնութեան կը կանչենք£ Արդարեւ, ներկայ դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ, բոլորս ալ կարիքը ունինք փրկաւէտ միջոցի մը, որ կրնայ քակել մեր աչքին կապը, եւ առիթ ընծայել, որ կենարար լոյս թափանցէ օր ըստ օրէ աւելի մթագնող մեր առօրեայէն ներս£ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ.- ՙԵ՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով, որ ինծի կը հետեւի` խաւարի մէջ պիտի չքալէ… այլª պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ՚: (Յովհ. 8£12) Այս բառերը, որոնք այնքան թելադրականութեամբ ու հեղինակութեամբ կ’արտասանուին նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ, գարնան նորաբաց արեգակին քաղցր ջերմութիւնն ու լոյսը պէտք է բերեն մեր կեանքին£ Քրիստոսի յարութեան տօնը յաղթանակն է լոյսին£ Այդ պատճառով, Եկեղեցին այսօր մեզ կը հրաւիրէ լոյսով դիտելու ամէն բան ու նոր արշալոյսի մը պարգեւած ջերմութեամբ կազդուրուելու եւ նոր կշռոյթ զետեղելու մեր ապրումներուն, եռանդին ու աշխատանքներուն մէջ£ Սիրելի հաւատացեալներ, Առանց լոյսիª ոչինչ որոշ է տիեզերքի մէջ£ Առանց ներքին հոգեւոր լոյսիª նաեւ անյոյս է մեր վիճակը, որովհետեւ Աստուծոյ բացակայութիւնը ներքին խաւարի ու հոգիի անդամալուծութեան կը տանի մեր կեանքը£ Արդարեւ, առանց երկնային լոյսի օժանդակութեան, խաւարի կը վերածուի մեր հոգեկան աշխարհը, անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքը ու մարդկային մեր ճիգն ու երազներն ալ ի վերջոյ կը փոշիանան ու կը սնանկանան£ Մարդուս կեանքը առաւելաբար կախեալ է իր բարոյական վիճակէն£ Ներքին լոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհէն ներս ունենալ ամէնէն ապահով նեցուկըª զԱստուած, որ աղբիւրն է բոլոր ուղիղ սկզբունքներուն, բոլոր բարի խորհուրդներուն, բոլոր արդար մտածումներուն ու գործերուն, եւ երաշխիքըª անայլայլ նկարագրին, անբիծ վարքին ու աներկիւղ քաջութեան£ ՙԵս եմ աշխարհի լոյսը….՚, կ՛ըսէ մեր Տէրը£ Ուստի, ջանանք դարձեալ քալել աւետարանի ուղիներէն, որպէսզի յարութեան լոյսով ողողուած, նոր լոյս բերենք մեր հոգիներուն եւ այդպիսով շարունակենք ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ազգին տարած մեր պարտականութիւններըª մեր շրջապատէն ներս քրիստոնէական յոյսը ցոլացնելով եւ լուսեղէնը պաշտպանելով£ Տօնական բարեբաստիկ այս առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, Թեմիս հոգեւորականաց դասն ու ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու թաղականութիւններն ու յարակից մարմինները, լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար նուիրումով գործող մեր վարժարաններու, ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու բոլոր պատասխանատուները£ Նաեւ կ՛աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած անորոշութեան խաւարը փարատէ Լիբանանի ու Հայաստանի հորիզոններէն ու նոր ոգեկանութիւն հաստատէ հայութեան կեանքէն ներս£ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց£ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս£ Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ աղօթարարª ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Next Post

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.