2023 տարին կը զուգադիպի Սիրան Սեզայի (Զարիֆեան) ծննդեան 120-ամեակին: Գրագիտուհի, հրապարակագիր, հրապարակախօս եւ հասարակական դէմք Սիրան Սեզա շարունակողը եղաւ զինք նախորդող ժամանակաշրջանի ականաւոր կին դէմքերուն` Սրբուհի Տիւսաբի, Սիպիլի, Զապէլ Եսայեանի եւ Հայկանուշ Մառքի, սփիւռքահայ իրականութեան մէջ: Ան կնոջ իրաւունքներու պաշտպանութեան համար մտատիպար ունեցաւ Սրբուհի Տիւսաբը, մինչ իր ընկերային հասարակական գործունէութեան համար Սիպիլը, իսկ գրական ձգտումներով եւ նախասիրութիւններով` Զապէլ Եսայեանը: Հայկանուշ Մառքի ՙՀայ կին՚ պարբերաթերթի իրեն փոխանցած ներշնչումներով ան հիմը դրաւ ՙԵրիտասարդ Հայուհի՚ ամսաթերթին, 1932 թուականին Լիբանանի մէջ: Մեծ եղաւ ազդեցութիւնը ՙԵրիտասարդ Հայուհիին՚ լիբանանահայ եւ սփիւռքահայ կնոջական, գրական, մշակութային եւ ազգային-հասարակական կեանքին վրայ որ լոյս տեսաւ 1932-1934, եւ 1942-1968 տարիներու ընթացքին:
Սիրան Սեզայի արդէն իսկ հրատարակած գործերու ՙՊատնէշ՚ եւ ՙՄեղաւորուհի՚ պատմուածքներու հատորներուն ՙՀէքիաթներուն Աշխարհէն՚ եւ ՙՄատթէոս Զարիֆեան Ամբողջական գործեր՚ հրատարակութիւններուն վրայ կու գան աւելնալու Սեզայի որդւոյն` Վահագն Քիւփէլեանի կողմէ լոյս ընծայուած երկու անտիպ հատորները` ՙԳիրք Ծննդոց՚ (2014-ին) եւ ՙԽորտակուած Կեանքեր՚ (2015-ին) Լոս Անճելոսի մէջ, խմբագրութեամբ ծանօթ մտաւորական եւ բանասէր Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի: Սեզա այս երկու հատորներն ալ վէպ անուանած է թէեւ ՙԽորտակուած Կեանքեր՚-ը աւելի կը յատկանշուի վէպի մը անհրաժեշտ գրական տուեալներով քան ՙԳիրք Ծննդոց՚-ը, որ առաւելաբար ինքնակենսագրականի բնոյթ ունի:
Մեր խորհրդածութեան նիւթը կը հանդիսանայ ՙԽորտակուած Կեանքեր՚ հատորը, որ Սեզա ստեղծագործած է 1924 թուականին, տակաւին 21 տարեկան հասակին: Վէպի գլխաւոր հերոսուհին Ալենուշն է կան Ալինան: Ալինայի կերպարը ներկայացուած է մանկութենէն սկսեալ անոր յաճախած ուսումնական հաստատութիւններուն եւ իր ժամանակի ընկերային, ազգային ու քաղաքական իրադարձութիւններու հետ ունեցած շփումներու ընդմէջէն: Փոքրիկ Ալինան կը կազմաւորուի տարիներու ընթացքին եւ ընթերցողը կը նկատէ ուսեալ, հայրենասէր ու ազգասէր հայուհիի մը գործուն մասնակցութիւնը պոլսահայ իրականութեան մէջ, 1900-ական թուականներու առաջին քսանամեակին ընթացքին: Սեզա կը ներկայացնէ իր հերոսուհիին փորձառութիւնները հեզասահ եւ գրաւիչ արձակով մը եւ օգտագործելով նաեւ օրագրութիւններու փոխանցած անձնական յոյզերն ու տպաւորութիւնները: Գրագիտուհիի ներաշխարհին ճշմարիտ հայելին ու անկեղծ վերարտադրութիւնն է Սեզայի այս արձակ հատորը, որ միեւնոյն ատեն արտացոլումն է նոյն ժամանակաշրջանի պոլսահայ կեանքի վերիվայրումներուն եւ փոթորկումներուն:
Ընտանեկան միջավայրը իր խոր ազդեցութիւնը թողած է Ալինայի նման բանաստեղծի խառնուածք ունեցող պատանուհիի մի աճման եւ զարգացման մէջ: Հայրը` Կովկասի ազնուական ընտանիքէ սերած Զարիֆ Գրիգորի զաւակը, Պոլիս կը փոխադրուի: Ան ծանօթանալով Ալինայի մօրը կը գրաւէ անոր սիրտը իր արնական գեղեցկութեամբ, քանոնի վարպետ նուագակցութեամբ եւ պարի յատուկ տաղանդով: Այս բոլոր յատկութիւններուն կ’ընկերանայ իր արձանագրած տնտեսական յաջողութիւնը, որ ձեռք կը ձգէ հիմնելով իր ընկերութիւնը պոլսահայ գործընկերոջ մը հետ առեւտրական կապեր հաստատելով եւրոպական երկիրներու եւ մասնաւորաբար Անգլիոյ հետ: Մայրը, որպէս շնորհալի պարուհի, երիտասարդական խումբերու մէջ կը փայլի իր ճկուն եւ հեզասահ շարժուձեւերով ու պարի հանդէպ ունեցած բացառիկ սիրով: Պարէն անկախաբար ան կը հետեւի նաեւ քաղաքի թատերական կեանքին իր քրոջ ընկերակցութեամբ, առանց զանց առնելու որեւէ թատերական ներկայացում:
Ալինայի կեանքին վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցած էր նաեւ իր մեծ մայրը, որ ՙհանի՚ կը կոչէր: Ալինա իր մեծ մօր սենեակը կը քնանար ու կը լսէր անոր պատմութիւնները հուրիներու եւ վիշապներու մասին, որոնք այնքան կը սիրէր: Անոնք միասին կ’աղօթէին քնանալէ առաջ ու կը խաչակնքէին սենեակին չորս անկիւնները: Ալինա շատ մօտ կը զգար իր բանաստեղծ ու արուեստագէտ եղբօրը Տիրայրին, որուն հետ կը փոխանակէին հայ եւ օտար գրողներու ստեղծագործութիւնները եւ գրական խօսակցութիւններ ու քննարկումներ կ’ունենային իրար հետ: Վիշտով լեցուն էր իր սիրտը վաղամեռիկ եղբօրը նկատմամբ, որ յեղափոխական կուսակցութեան շարքերուն մէջ իր ծառայութեան տարիներուն անխնայ ըլլալով իր առողջութեան նկատմամբ ծանրօրէն հիւանդացաւ եւ մահացաւ, խոր ցաւ պատճառելով իր ընտանիքին եւ յատկապէս գերզգայուն Ալինային:
Ալինայի կենսագրութեան գլխաւոր իրագործումները արդիւնքն են իր ստացած բարձրորակ կրթութեան: Տան մօտիկը գտնուող հայկական կաթողիկէ վարժարանին մէջ նախնական կրթութեան քանի մը տարիները ամբողջացնելէ ետք, ան յաճախեց Անգլիական գիշերօթիկ վարժարանը, ուր ստացաւ որակաւոր ուսում յատկապէս անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի մէջ: Անգլիական կարգապահութեամբ յատկանշուող այդ վարժարանին մէջ Ալինա պատրաստուեցաւ որպէս փայլուն ուսանողուհի, օտար լեզուներու մէջ գերազանցութեամբ, գրելու եւ արտասանելու արտակարգ ձիրքերով: Ան կը վայելէր անգլիացի տնօրէնուհիին մասնաւորի քաջալերանքն ու ուշադրութիւնը: Տնօրէնուհին տիպարը կը հանդիսանար դպրոցի բոլոր աշակերտուհիներուն, ի մասնաւորի Ալինային: Իր պատանեկան աճման տարիներուն ան հիացումով եւ համոզումով հետեւեցաւ տնօրէնուհիին ցուցմունքներուն եւ կեանքի օրինակին:
Դասերէն անկախաբար Ալինա մեծ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր նաեւ պոլսահայ կեանքին եւ հայութեան ճակատագրին: Անոր ուշադրութենէն չէր վրիպեր, որ երեսփոխանական ժողովին մէջ, ուր Գրիգոր Զոհրապը ներկայ էր, որոշում կը տրուի քրիստոնեաներու եւ հայերու զինուորագրութիւնը իրականութիւն դարձնելու: Հայ երիտասարդները պիտի ընդգրկուէին բանակին մէջ, զինավարժութիւն ընէին, զէնք կրէին եւ ի հարկին ՙՕսմանեան Հայրենիքին՚ համար պարտադրուէին պատերազմներու մասնակցիլ: Ալինայի ուշադրութենէն չէր վրիպեր նաեւ գաւառներու մէջ խմորուող շարժումներուն, Սասունի ապստամբութեան մասին շրջանառուող խիզախումներուն եւ սրբազան գործին վերաբերեալ մանրակրկիտ տեղեկութիւնները: Ալինայի դասընկերուհի հաճընցի Զարուհին, որ զինուորագրուած էր այս սուրբ գործին, կը ջանար համոզել Ալինան, որ իր կարգին ընդգրկուի այս շարժումին մէջ որպէս ազգասէր եւ հայրենասէր հայուհի: Սակայն Ալինա տարակարծիք էր այն ըմբռնումներուն, որով ազատագրութեան սուրբ գործը կը ղեկավարուէր հայ ազգին մէջ: Ան չէր ընդուներ, որ հաւաքական ղեկավարութիւնը կարող էր նման սրբազան գործ մը առաջնորդել, այլ կը հաւատար առանձին ղեկավարներու եւ զօրավարներու ուժին եւ հեղինակութեան, ինչպէս Դաւիթ Բէկն ու զօրավար Անդրանիկը: Անոնք իրենց ետեւէն հազարաւորներ տանելու ուժն ու հմայքը ունէին: Ալինա կը հաստատէր նաեւ, որ նման զօրեղ առաջնորդներու գործը յաղթանակի կրնային հասցնել միայն համոզուած եւ խիզախ կամաւորներու գունդերը: Ըստ Ալինային, ազատագրական պայքարը պէտք չէր ղեկավարուէր մտաւորականութեան կողմէ, որոնք ոչ պատրաստութիւնը, ոչ ալ կարողութիւնը ունէին նման շարժում մը կազմակերպելու: Այդ պատմական առաքելութիւնը պէտք էր վստահուէր այն զինուորական ղեկավարներուն, որոնք խիզախելու, հակակշռելու եւ ճիշդ որոշումներ կայացնելու ընդունակ էին եւ ի վերուստ օժտուած:
Հատորի երկու հիմնական թեմաները հանդիսացող ազգի ճակատագիրն ու իտէալական սէրը հաւասարապէս ընդելուզուած են հատորի արձակ էջերուն եւ օրագրութիւններուն ներքին կառոյցին մէջ: Սեզա հարազատութեամբ կը ներկայացնէ զանոնք, որոնք կը կազմեն իր իսկ էութիւնը:
Ալինայի սիրոյ ըմբռնումները հիմնուած էին այն գրական երկերուն վրայ, որ ինք կ’ընթերցէր եղբօրը Տիրայրի իրեն փոխանցած գիրքերուն – բանաստեղծութիւն թէ սիրավէպ – ընդմէջէն: Եղբօր միջոցաւ անոր ծանօթացած ընկերոջ Արէտի տրամադրած գիրքերը եւս խոր ազդեցութիւն կը գործեն Ալինայի վրայ: Յայտնութիւն մը կ’ըլլայ անոր փոխանցած գերմանացի գրող ՙԿէօթէյի գործը՚: Գիրքի հերոս Վերթեր երկար տառապանքներէ ետք անձնասպան կ’ըլլայ, չկարենալով յաղթահարել այն բոլոր դժուարութիւնները, որոնք ընկերութիւնը իր դէմ կը ցցէ արգիլելու համար իր սիրած աղջկան` Շարլօթի հետ ամուսնութիւնը: Կը խորտակուի երիտասարդ զոյգին կեանքը: Ալինա, յափշտակուած այս գրական երկով, կը փափաքի զայն հայերէնի թարգմանել ապագային: Ուրիշ գրող մը` ֆրանսացի Միւսէ, Ալինայի հոգին լեցուցած էր իր սիրային բանաստեղծութիւններով, որոնք անգիր կ’արտասանէր: Ան կը զարմանար, որ սէրը միշտ ալ տառապանքի աղբիւր հանդիսացած էր պատմութեան ընթացքին, թէեւ ներշնչած էր նաեւ գլուխ-գործոցներու ստեղծագործութեան, համաշխարհային գրականութեան մէջ:
Գիրքերու փոխանակման միջոցաւ Ալինայի եւ Արէտի միջեւ ստեղծուած բարեկամութիւնը հետզհետէ կը վերածուի սիրային լուրջ կապի: Այս սէրն էր, որ պիտի տառապեցնէր Ալինան եւ Արէտը հաւասարապէս: Հարցը աւելի կը բարդանայ, երբ Արէտի գլխաւոր մրցակիցը Ալինայի սիրոյն կը հանդիսանայ Հրանդը, դասընկերուհի Զելայի եղբայրը: Հրանդ կը վայելէր Ալինայի ընտանիքին անվերապահ քաջալերանքը, որովհետեւ ան կը մարմնաւորէր Ալինայի ապագայ կեանքի ընկերոջ նկատմամբ անոնց ունեցած բոլոր ակնկալութիւնները: Արէտ չունէր ընտանեկան, ընկերային, տնտեսական եւ ասպարէզային այն առաւելութիւնները, որոնք պայման էին Ալինայի ամուսնութեան: Ժխտական էր ծնողքին կեցուածքը Արէտի նկատմամբ եւ անոնք ըրին ամէն ինչ խորտակելու համար սիրոյ այս կապը: Նոյն շրջանին կը զուգադիպէր Ալինայի մեկնումը Ատաբազարի աղջկանց գիշերօթիկ վարժարանը: Մօրը ծրագիրն էր Ալինան արձանագրել այս դպրոցին մէջ, որպէսզի ան ստանայ բարձրորակ ուսում, անջատուած եւ մեկուսացած քաղաքի կեանքէն: Մօրը համար այս հաստատութեան մէջ Ալինային ստանալիք դաստիարակութեան հեռանկարը կը հանդիսանար անոր պատրաստութիւնը որպէս օրինակելի մայր, բարոյական եւ կրօնական սկզբունքներով թրծուած: Ան չէր հաւատար երկսեռ ազատ կրթութեան պատանիներու անչափահաս տարիքին, վերապահելով այդ պատեհութիւնը գոլէճական աւելի հասուն տարիներուն:
Ալինա մօրը հետ գիշերօթիկ վարժարանը ժամանելէն ետք կը պնդէ տուն վերադառանալ: Ան գերութեան մէջ կը զգայ ինքզինքը եւ կ’ընդվզի մօրը դէմ, որ լաւ կրթութեան մը համար զինք կը մեկուսացնէ վանքի նմանող դպրոցի մը մէջ: Մօրը մեկնումէն ետք Ալինա կը յաջողի համոզել տնօրէնուհին, որ զինք տուն ղրկէ: Այս հոգեկան պայքարներուն արդիւնքը այն կ’ըլլայ, որ Ալինայի փխրուն առողջութիւնը չի դիմանար ու ան ծանրօրէն կը հիւանդանայ: Բժիշկը խստիւ կը պատուիրէ ծնողաց, որ զայն կատարեալ հանգիստի մէջ պահեն եւ զինք յուզող նիւթերու մասին երբեք չխօսին: Թէեւ Արէտի մասին խօսակցութիւնը կը դադրի, սակայն Ալինա կը զգայ ընտանիքին լուրջ տարակարծութիւնը Արէտի նկատմամբ: Անհանդուրժողականութիւնը ակներեւ էր եւ ան կ’որոշէ հեռանալ այս տան հեղձուցիչ մթնոլորտէն: Կը գրէ իր տնօրէնուհիին, որ զինք վերստին ընդունի որպէս աշակերտուհի եւ յաւելեալ աշխատանքով առիթ ունենայ կորսնցուցած դասանիւթերը ամբողջացնելու: Շատ չանցած արտօնութիւնը կը հասնի ու Հրանդի միջամտութեամբ իր ծնողներուն մօտ ան կը մեկնի գիշերօթիկ` իր դպրոցը, ուրկէ վերադարձած էր իր կամակորութեան պատճառաւ: Ծնողք հարկադրաբար կ’արտօնեն Ալինայի վերադարձը դպրոց: Ալինա իր կարգին կ’որոշէ համակերպիլ դպրոցի օրէնքներուն եւ այնտեղ կիրարկուող խիստ պայմաններուն: Ան լաւ գիէր, որ իր ըմբոստ նկարագրով հարց պիտի ունենար կարապահութեան հսկող պատասխանատուներուն հետ, սակայն ամէն գնով վճռած էր մնալ եւ ամբողջացնել իր ուսումնառութիւնը: Ներկայ դպրոցին տնօրէնուհին ամերիկացի էր եւ շատ լաւ հայերէն կը խօսէր, սակայն չունէր իր Անգլիական դպրոցի տնօրէնուհիին հմայքն ու ազնուականութիւնը: Ալինա շատ լաւ տպաւորուած էր, սակայն երկու ամերիկացի ուսուցչուհիներէն Օրդ. Պլէքվուտը` գրականութեան եւ Օրդ. Կրինը` Սբ. Գիրքի սերտողութեան: Գրականութեան պահերը Ալինայի համար անգերազանցելի էին, երբ ուսուցչուհին կ’արտասանէր անգլիացի Keats-ի եւ Shelley-ի բանաստեղծութիւններէն ու կը մեկնաբանէր զանոնք: Ալինա յափշտակութեամբ կը հետեւէր դասաւանդութեան եւ իր մասնակցութիւնը կը բերէր արծարծուող գրական վերլուծումներուն: Իսկ Սբ. գիրքի դասաւանդութիւնը մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծէր աշակերտութեան մօտ քանի որ այնքան սիրելի կը դառնային Նազովրեցի Յիսուսն ու իր ուսուցումները:
Դպրոցական մթնոլորտին ընտելանալով Ալինա հետզհետէ կ’անդրադառնայ որոշ թերացումներու, որոնք կը բխին իր ազգային նախանձախնդրութենէն: Ըստ Ալինայի, հաստատութեան ազգային դաստիարակութիւնը չի գտնուիր այն մակարդակին վրայ, որ ինք կը փափաքի տեսնել: Դպրոցական լսարաններու արծարծած հարցերը ընդհանրապէս գրական եւ բարոյական նիւթերու շուրջ կը կեդրոնանային եւ ոչ ազգային հայրենասիրական խորքով յագեցած նիւթերու: Յեղափոխութեան եւ սուրբ գործին վերաբերեալ նիւթերը չէին արծարծուեր: Հայոց պատմութեան դասաւանդութիւնը չէր շեշտեր հայոց բանակներուն յաղթանակները արշաւող հռոմէական, պարսկական, բիւզանդական յարձակումներու դէմ, չէր ստեղծեր ոգեւորութիւն եւ հպարտութիւն պատանի աշակերտուհիներու հոգիներէն ներս: Ալինա իր ներշնչումները կը ստանար Րաֆֆիի վէպերու ընթերցանութեամբ: Ան նոյնիսկ կը ծրագրէ թարգմանել այդ վէպերը Ֆրանսերէնի, որպէսզի օտար ժողովուրդներ եւս ծանօթանան հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ արձանագրուած սխրանքներուն: Ալինա վերլուծելով հայ ժողովուրդի ճակատագիրը, կ’ափսոսայ որ աշխատասէր, ընդունակ եւ արուեստագէտի յոյզերով օժտուած հայ ազգը ինկած էր թուրք-թաթար ցեղերու վոհմակին մէջ: Անոնք լեցուած նախանձով եւ չարակամութեամբ միայն գողցած էին եւ յափշտակած իրենց հայ հարեւաններու ինչքերը: Անոնք հետամուտ չէին եղած երբեք սորվելու, զարգանալու եւ կառուցելու: Ալինա կ’ափսոսար, որ հայ երիտասարդները, որոնք ենթասպայ էին եւ զինավարժութեան կը հետեւէին, ինչպէս` Տիրայրը, Արէտը, զարմիկ Արշամը, պիտի երթային կռուիլ այսպիսի ժողովուրդի մը համար: Պիտի մեռնէին պատերազմի դաշտին վրայ ինչ իտէալներու եւ գաղափարի համար արդեօք:
Ալինա իր պատմութեան ուսուցչուհի Օրդ. Սարգիսեանի միջոցաւ կ’ուզէ քննադատել անցնող 500 տարիներուն ընթացքին հայ երիտասարդներուն տրուած սխալ դաստիարակութիւնը: Հայ հաւաքականութիւնը մոռնալով որ հայ ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին եղած է ռազմական առաւելութիւններով օժտուած ազգ, ան ջանացած էր իր զաւակները պատրաստել որպէս վաճառական, մտաւորական եւ արհեստաւոր: Այս ժամանակաշրջանին եթէ գտնուեցան զինուորական կարողութիւններով օժտուած երիտասարդներ, անոնք ծառայեցին օտար պետութիւններու, ինչպէս` Ռուսիոյ, Վրաստանի, իսկ Զօրավար Անդրանիկ պուլկարական բանակին մէջ փառքի տիրացաւ: Հայոց պատմութեան մէջ փայլած հայ թագաւորներու եւ զօրավարներու գործը շարունակողները կը հանդիսանային Զէյթունի, Սասունի, Կովկասի եւ Արեւմտահայաստանի այլ քաղաքներու այն քաջարի զինուորներն ու կամաւորները, որոնք խրամէ խրամ մարտնչելով հայրենիք կ’ազատագրէին: Ալինայի մնայուն երազը եղած էր իր կողքին ունենալ քաջ եւ համազգեստով ասպետ մը, որուն հետ պիտի ուզէր մեկնիլ պատերազմի դաշտ մեծ տեսիլքով եւ հաւատքով:
Պատերազմին լուրը կը հաղորդուի դպրոցի աշակերտուհիներուն, երբ անոնք մատուռ կ’առաջնորդուին, ուր աղօթք կը բարձրացնեն ՙՕսմանեան բանակի յաղթանակին համար՚: Ինչ հեգնանք էր այս որ անչափահաս սոյն պարմանուհիները իրենց ազգը կեղեքող այդ արիւնարբու կայսրութեան յաղթանակին համար պիտի աղօթէին: Նախակրթարանի փոքր կարգի աշակերտուհիները չէին գիտեր ինչ էր պատերազմը: Պոլսոյ աղջիկները մտահոգ էին իրենց երիտասարդ եղբայրներուն եւ զարգացած տղոց մասին, որոնք պիտի երթային մեռնիլ թուրքի թշնամիին համար: Գաւառացի աղջիկները խռոված էին իրենց ընտանիքներու տեղահանութեան ողբերգութեամբ: Սարսափելի բան էր տեղահանութիւնը երբ իրենց տունէն, պարտէզէն, ինչքերէն կողոպտուած ընտանիքները փողոց նետուած էին անծանօթ ուղղութեամբ: Տակաւին ճամբուն կէսը չհասած, թշնամին վստահաբար կը սպաննէր այրերը, կ’անպատուէր կիները եւ կը դժբախտացնէր փոքր երեխաները: Ալինա, թէեւ մեծապէս խռոված եւ փոթորկած այս լուրերէն, կը վճռէ հաւատալ, որ հայ ազգը պիտի կարենայ վերականգնիլ եւ վերընձիւղիլ այս բոլոր ողբերգութիւններէն ետք ու տիրանալ անցեալի իր փառքին որպէս յաղթական ժողովուրդ:
Դպրոցական տարեշրջանի վերջին երեկոյին կազմակերպուած ողջերթի ձեռնարկին աշակերտուհիներ կը խնդրեն Ալինայէն, որ խօսի Վարդանանց պատերազմի թիկունքին դիմադրող Տիկնայք Փափկասունքի ներշնչող կերպարներուն մասին: Ալինա հռետորական շնորհքով կ’անդրադառնայ թէ անոնք ինչպէս իրենց շքեղ պալատական կեանքը ձգած, ցնցոտիներ հագան, մսեղէն կերակուրներէ հրաժարեցան, իրենց զաւակներու կրթութիւնը իրենց վրայ առին, տան գործերը իրենք կատարեցին, խշտեակներու վրայ քնացան: Անոնք պատրաստեցին Վահան Մամիկոնեանի նման զինուորական մը, որ պարսիկներու դէմ յաղթանակ տարաւ, հայրենիքը վերաշինեց ու վերականգնեց աւելի հզօր քան առաջ: Ալինան կը պատրաստուէր հայ ազգի մէջ իր ապագայ դերակատարութեան, որպէս համազգային արժէքներով, հայրենասիրութեամբ եւ գրագիտուհիի անժխտելի տաղանդով օժտուած մտաւորական կին առաջնորդ:
Ամառնային արձակուրդի առիթով տունդարձին, Ալինա կ’ունենայ խռովայոյզ ապրումներ: Հայ գրողները, մտաւորականները, Կոմիտասը, Վարուժանը, Սիամանթօն, Չէօկիւրեանը, Ռուբէն Սեւակը աքսորուած էին եւ լուր չկար անոնցմէ: Խլեր էին ազգի ընտրանին եւ անոնց ճակատագիրը անյայտ էր: Ալինա կը վերյիշէր Պէրպէրեան վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսները, ուր հայ մտաւորականութիւնը ներկայ կ’ըլլար: Այդ հաստատութեան մէջ է որ կը պատրաստուէր ազգի մտաւորական սերունդը: Ալինայի համար հպարտութիւն էր իր ծանօթութիւնը աքսորեալ մտաւորականներուն հետ:
ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ