Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ կ’ընծայէ մեզի տօնական հոգեպարար մթնոլորտի մէջ նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչինª Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնը£
Մեր ապրած տեսակաւոր հարցերուն ու տագնապներուն դիմաց, Ս. Յարութեան տօնը լուսաւոր տեսարան մը կը բանայ մեր դիմաց£ Լայն բանանք մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի մեր կեանքը անորոշութեան տանող պայմաններուն դիմաց, մեր ներաշխարհին մէջ Յարութեան կենդանարար լոյսը ընդունինք եւ այդ լոյսով պայծառութիւն բերենք մեր կեանքին£
Այսօր, մեր Եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ յարութեան յաղթանակին աւետիսն ու խրախոյսը եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց Աստուծոյ պարգեւած լոյսին, աշխարհի փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց կը պարտուինք ու կը խորտակուինք£ Հետեւաբար, կենդանի հաւատքով եւ ճշմարտութիւնը փնտռող աչքերով նայինք Յարութեան հրաշալիքին, որպէսզի առողջարար ու կազդուրիչ գիտակցութիւն բերենք մեր կեանքին ու մեր շրջապատին£
Անկասկած, մեր ապրած տագնապներուն դիմաց, բոլորս ալ ճար ու դարման կ’աղերսենք եւ զԱստուած օգնութեան կը կանչենք£ Արդարեւ, ներկայ դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ, բոլորս ալ կարիքը ունինք փրկաւէտ միջոցի մը, որ կրնայ քակել մեր աչքին կապը, եւ առիթ ընծայել, որ կենարար լոյս թափանցէ օր ըստ օրէ աւելի մթագնող մեր առօրեայէն ներս£
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ.-
ՙԵ՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով, որ ինծի կը հետեւի` խաւարի մէջ պիտի չքալէ… այլª պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ՚: (Յովհ. 8£12)
Այս բառերը, որոնք այնքան թելադրականութեամբ ու հեղինակութեամբ կ’արտասանուին նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ, գարնան նորաբաց արեգակին քաղցր ջերմութիւնն ու լոյսը պէտք է բերեն մեր կեանքին£
Քրիստոսի յարութեան տօնը յաղթանակն է լոյսին£ Այդ պատճառով, Եկեղեցին այսօր մեզ կը հրաւիրէ լոյսով դիտելու ամէն բան ու նոր արշալոյսի մը պարգեւած ջերմութեամբ կազդուրուելու եւ նոր կշռոյթ զետեղելու մեր ապրումներուն, եռանդին ու աշխատանքներուն մէջ£
Սիրելի հաւատացեալներ,
Առանց լոյսիª ոչինչ որոշ է տիեզերքի մէջ£ Առանց ներքին հոգեւոր լոյսիª նաեւ անյոյս է մեր վիճակը, որովհետեւ Աստուծոյ բացակայութիւնը ներքին խաւարի ու հոգիի անդամալուծութեան կը տանի մեր կեանքը£ Արդարեւ, առանց երկնային լոյսի օժանդակութեան, խաւարի կը վերածուի մեր հոգեկան աշխարհը, անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքը ու մարդկային մեր ճիգն ու երազներն ալ ի վերջոյ կը փոշիանան ու կը սնանկանան£
Մարդուս կեանքը առաւելաբար կախեալ է իր բարոյական վիճակէն£ Ներքին լոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհէն ներս ունենալ ամէնէն ապահով նեցուկըª զԱստուած, որ աղբիւրն է բոլոր ուղիղ սկզբունքներուն, բոլոր բարի խորհուրդներուն, բոլոր արդար մտածումներուն ու գործերուն, եւ երաշխիքըª անայլայլ նկարագրին, անբիծ վարքին ու աներկիւղ քաջութեան£
ՙԵս եմ աշխարհի լոյսը….՚, կ՛ըսէ մեր Տէրը£ Ուստի, ջանանք դարձեալ քալել աւետարանի ուղիներէն, որպէսզի յարութեան լոյսով ողողուած, նոր լոյս բերենք մեր հոգիներուն եւ այդպիսով շարունակենք ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ազգին տարած մեր պարտականութիւններըª մեր շրջապատէն ներս քրիստոնէական յոյսը ցոլացնելով եւ լուսեղէնը պաշտպանելով£
Տօնական բարեբաստիկ այս առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, Թեմիս հոգեւորականաց դասն ու ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու թաղականութիւններն ու յարակից մարմինները, լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար նուիրումով գործող մեր վարժարաններու, ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու բոլոր պատասխանատուները£
Նաեւ կ՛աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած անորոշութեան խաւարը փարատէ Լիբանանի ու Հայաստանի հորիզոններէն ու նոր ոգեկանութիւն հաստատէ հայութեան կեանքէն ներս£
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց£ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս£
Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ աղօթարարª
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց