Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՙՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ՚ ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

April 4, 2023
in Գաղութային
0
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՙՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ՚ ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

Հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսին, Կաթողիկոսարանին տպարանէն լոյս տեսաւ ՙՁայնագրեալ Շարական Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ՚ շարքին ԺԲ. հատորը (երեք մասերով), խմբագրութեամբª Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չոլոյեանին եւ համակարգչային պատրաստութեամբª Սարգիս Սրկ. Յովհաննէսեանին£

Այս հատորը կը բովանդակէ սուրբերուն նուիրուած բոլոր կանոններն ու շարականներըª հետեւելով Ձայնքաղ Շարականի բովանդակութեան շարքին£

ԺԲ. հատորին Ա. մասը կ՛ընդգրկէ հետեւեալ կանոնները.- Աստուածամօր առնչուած, Անապատական Անտոնի, Թէոդոս թագաւորին, Տրդատ թագաւորին, Դաւիթ մարգարէին եւ Յակոբ առաքեալին, Ս. Ստեփանոսին, Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալներուն, Որոտման սուրբ որդիներունª Յակոբ առաքեալին եւ Յովհաննու աւետարանիչին, ընդհանուր առաքեալներուն, տասներկու առաքեալներուն, Քրիստոսի 72 աշակերտներուն, Յովնան մարգարէին, Ս. Սարգիս զօրավարին, Ս. Թէոդորոս զօրավարին, Երուսաղէմի Ս. Կիւրեղ հայրապետին, Երուսաղէմի Ս. Յովհաննէս հայրապետին, սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին£

ԺԲ. հատորին Բ. մասը բաժնուած է երկու մասերու. առաջինին մէջ կը գտնենք Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին յաջորդող շաբթուան վեց օրերըª իբրեւ ամբողջացում Շարակնոցի բոլոր շարականներուն, եւ Յովհանննէս Մկրտիչի գլխատման յիշատակին կանոնը£ Ապա, Ապրիլեան նահատակներու նուիրուած կանոնը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ներառուի Շարակնոցին մէջ, պաշտօնապէս ընդունուելէ ետք հայ եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովին կողմէ, Ցեղասպանութեան զոհերու հաւաքական սրբադասումէն ետք£ Այս մասին մէջ կը գտնուին նաեւ հետեւեալ կանոնները.- Յովհաննէս Մկրտիչի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի որդիներուն եւ թոռներուն, Մեծն Ներսէս հայրապետին, Ս. Իսահակ հայրապետին, սրբուհի Սանդուխտին, սուրբ մարգարէներուն, սուրբ նախահայրերուն եւ սուրբ թարգմանիչներուն£

Վերջապէս, ԺԲ. հատորին Գ. բաժինը կը բովանդակէ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Բեթղեհէմի մանուկներուն, սուրբ հրեշտակապետներուն եւ երկնային համայն զօրքին, սուրբ հայրապետներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի նշխարի գիւտին, ամենայն սրբոց, Սրբոց Վարդանանց, Սրբոց Ղեւոնդեաց, Ս. Իգնատիոս հայրապետին, Ս. Յովհաննու Ոսկեբերանի, Ս. Գրիգոր Աստուածաբանին, Ս. Նիկողայոս հայրապետին եւ այլ սուբերու£

Շարականներու այս ձայնագրութիւնը կատարուած է հետեւելով մեր տրամադրութեան տակ ունեցած աւանդութիւններուն եւ մասնագէտ ու եկեղեցական երաժշտութեան լաւատեղեակ երաժիշտներու ձայնագրութեան, միաժամանակª պահելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիսութեան աւանդական երգեցողութիւնը£

Նշենք, որ ԺԲ. հատորի Ա. մասի մեկենասութիւնը ստանձնած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը, երկրորդինըª Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, իսկ երրորդինըª Գանատայի թեմէն Կարօ եւ Լենա Պոսթաճեան ամոլը, ի յիշատակ իրենց մօրª Ազատուհի Դաւիթեան Պոսթաճեանին£

Եւ, այսպիսով, ԺԲ. հատորին հրատարակութեամբ վերջ կը գտնէ 40 տարի առաջ հոգելոյս Զարեհ սրբազանին եւ Օշական սրբազանին նախաձեռնած հայ եկեղեցւոյ շարականները ամբողջութեամբ եւրոպական ձայնագրութեամբ արձանագրելու ծրագիրը£

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ԵՍ ԵՄ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ կ’ընծայէ մեզի տօնական հոգեպարար մթնոլորտի մէջ նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչինª Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնը£ Մեր ապրած տեսակաւոր հարցերուն ու տագնապներուն դիմաց, Ս. Յարութեան տօնը լուսաւոր տեսարան մը կը բանայ մեր դիմաց£ Լայն բանանք մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի մեր կեանքը անորոշութեան տանող պայմաններուն դիմաց, մեր ներաշխարհին մէջ Յարութեան կենդանարար լոյսը ընդունինք եւ այդ լոյսով պայծառութիւն բերենք մեր կեանքին£ Այսօր, մեր Եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ յարութեան յաղթանակին աւետիսն ու խրախոյսը եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց Աստուծոյ պարգեւած լոյսին, աշխարհի փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց կը պարտուինք ու կը խորտակուինք£ Հետեւաբար, կենդանի հաւատքով եւ ճշմարտութիւնը փնտռող աչքերով նայինք Յարութեան հրաշալիքին, որպէսզի առողջարար ու կազդուրիչ գիտակցութիւն բերենք մեր կեանքին ու մեր շրջապատին£ Անկասկած, մեր ապրած տագնապներուն դիմաց, բոլորս ալ ճար ու դարման կ’աղերսենք եւ զԱստուած օգնութեան կը կանչենք£ Արդարեւ, ներկայ դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ, բոլորս ալ կարիքը ունինք փրկաւէտ միջոցի մը, որ կրնայ քակել մեր աչքին կապը, եւ առիթ ընծայել, որ կենարար լոյս թափանցէ օր ըստ օրէ աւելի մթագնող մեր առօրեայէն ներս£ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ.- ՙԵ՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով, որ ինծի կը հետեւի` խաւարի մէջ պիտի չքալէ… այլª պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ’առաջնորդէ՚: (Յովհ. 8£12) Այս բառերը, որոնք այնքան թելադրականութեամբ ու հեղինակութեամբ կ’արտասանուին նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ, գարնան նորաբաց արեգակին քաղցր ջերմութիւնն ու լոյսը պէտք է բերեն մեր կեանքին£ Քրիստոսի յարութեան տօնը յաղթանակն է լոյսին£ Այդ պատճառով, Եկեղեցին այսօր մեզ կը հրաւիրէ լոյսով դիտելու ամէն բան ու նոր արշալոյսի մը պարգեւած ջերմութեամբ կազդուրուելու եւ նոր կշռոյթ զետեղելու մեր ապրումներուն, եռանդին ու աշխատանքներուն մէջ£ Սիրելի հաւատացեալներ, Առանց լոյսիª ոչինչ որոշ է տիեզերքի մէջ£ Առանց ներքին հոգեւոր լոյսիª նաեւ անյոյս է մեր վիճակը, որովհետեւ Աստուծոյ բացակայութիւնը ներքին խաւարի ու հոգիի անդամալուծութեան կը տանի մեր կեանքը£ Արդարեւ, առանց երկնային լոյսի օժանդակութեան, խաւարի կը վերածուի մեր հոգեկան աշխարհը, անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքը ու մարդկային մեր ճիգն ու երազներն ալ ի վերջոյ կը փոշիանան ու կը սնանկանան£ Մարդուս կեանքը առաւելաբար կախեալ է իր բարոյական վիճակէն£ Ներքին լոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհէն ներս ունենալ ամէնէն ապահով նեցուկըª զԱստուած, որ աղբիւրն է բոլոր ուղիղ սկզբունքներուն, բոլոր բարի խորհուրդներուն, բոլոր արդար մտածումներուն ու գործերուն, եւ երաշխիքըª անայլայլ նկարագրին, անբիծ վարքին ու աներկիւղ քաջութեան£ ՙԵս եմ աշխարհի լոյսը….՚, կ՛ըսէ մեր Տէրը£ Ուստի, ջանանք դարձեալ քալել աւետարանի ուղիներէն, որպէսզի յարութեան լոյսով ողողուած, նոր լոյս բերենք մեր հոգիներուն եւ այդպիսով շարունակենք ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ազգին տարած մեր պարտականութիւններըª մեր շրջապատէն ներս քրիստոնէական յոյսը ցոլացնելով եւ լուսեղէնը պաշտպանելով£ Տօնական բարեբաստիկ այս առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, Թեմիս հոգեւորականաց դասն ու ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու թաղականութիւններն ու յարակից մարմինները, լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար նուիրումով գործող մեր վարժարաններու, ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու բոլոր պատասխանատուները£ Նաեւ կ՛աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած անորոշութեան խաւարը փարատէ Լիբանանի ու Հայաստանի հորիզոններէն ու նոր ոգեկանութիւն հաստատէ հայութեան կեանքէն ներս£ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց£ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս£ Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ աղօթարարª ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Next Post

ԵՍ ԵՄ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼՈՅՍԸ Գոհութիւն եւ փառք կը յայտնենք Ամենակալին, որ դարձեալ առիթ կ'ընծայէ մեզի տօնական հոգեպարար մթնոլորտի մէջ նշելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչինª Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնը£ Մեր ապրած տեսակաւոր հարցերուն ու տագնապներուն դիմաց, Ս. Յարութեան տօնը լուսաւոր տեսարան մը կը բանայ մեր դիմաց£ Լայն բանանք մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի մեր կեանքը անորոշութեան տանող պայմաններուն դիմաց, մեր ներաշխարհին մէջ Յարութեան կենդանարար լոյսը ընդունինք եւ այդ լոյսով պայծառութիւն բերենք մեր կեանքին£ Այսօր, մեր Եկեղեցին մեզի կը փոխանցէ յարութեան յաղթանակին աւետիսն ու խրախոյսը եւ մեզի կը յիշեցնէ, որ առանց Աստուծոյ պարգեւած լոյսին, աշխարհի փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց կը պարտուինք ու կը խորտակուինք£ Հետեւաբար, կենդանի հաւատքով եւ ճշմարտութիւնը փնտռող աչքերով նայինք Յարութեան հրաշալիքին, որպէսզի առողջարար ու կազդուրիչ գիտակցութիւն բերենք մեր կեանքին ու մեր շրջապատին£ Անկասկած, մեր ապրած տագնապներուն դիմաց, բոլորս ալ ճար ու դարման կ'աղերսենք եւ զԱստուած օգնութեան կը կանչենք£ Արդարեւ, ներկայ դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ, բոլորս ալ կարիքը ունինք փրկաւէտ միջոցի մը, որ կրնայ քակել մեր աչքին կապը, եւ առիթ ընծայել, որ կենարար լոյս թափանցէ օր ըստ օրէ աւելի մթագնող մեր առօրեայէն ներս£ Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ'ըսէ.- ՙԵ՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով, որ ինծի կը հետեւի` խաւարի մէջ պիտի չքալէ... այլª պիտի ունենայ այն լոյսը, որ կեանքին կ'առաջնորդէ՚: (Յովհ. 8£12) Այս բառերը, որոնք այնքան թելադրականութեամբ ու հեղինակութեամբ կ'արտասանուին նոյնինքն Քրիստոսի կողմէ, գարնան նորաբաց արեգակին քաղցր ջերմութիւնն ու լոյսը պէտք է բերեն մեր կեանքին£ Քրիստոսի յարութեան տօնը յաղթանակն է լոյսին£ Այդ պատճառով, Եկեղեցին այսօր մեզ կը հրաւիրէ լոյսով դիտելու ամէն բան ու նոր արշալոյսի մը պարգեւած ջերմութեամբ կազդուրուելու եւ նոր կշռոյթ զետեղելու մեր ապրումներուն, եռանդին ու աշխատանքներուն մէջ£ Սիրելի հաւատացեալներ, Առանց լոյսիª ոչինչ որոշ է տիեզերքի մէջ£ Առանց ներքին հոգեւոր լոյսիª նաեւ անյոյս է մեր վիճակը, որովհետեւ Աստուծոյ բացակայութիւնը ներքին խաւարի ու հոգիի անդամալուծութեան կը տանի մեր կեանքը£ Արդարեւ, առանց երկնային լոյսի օժանդակութեան, խաւարի կը վերածուի մեր հոգեկան աշխարհը, անիմաստ կը դառնայ մեր կեանքը ու մարդկային մեր ճիգն ու երազներն ալ ի վերջոյ կը փոշիանան ու կը սնանկանան£ Մարդուս կեանքը առաւելաբար կախեալ է իր բարոյական վիճակէն£ Ներքին լոյս ունենալ կը նշանակէ աշխարհէն ներս ունենալ ամէնէն ապահով նեցուկըª զԱստուած, որ աղբիւրն է բոլոր ուղիղ սկզբունքներուն, բոլոր բարի խորհուրդներուն, բոլոր արդար մտածումներուն ու գործերուն, եւ երաշխիքըª անայլայլ նկարագրին, անբիծ վարքին ու աներկիւղ քաջութեան£ ՙԵս եմ աշխարհի լոյսը....՚, կ՛ըսէ մեր Տէրը£ Ուստի, ջանանք դարձեալ քալել աւետարանի ուղիներէն, որպէսզի յարութեան լոյսով ողողուած, նոր լոյս բերենք մեր հոգիներուն եւ այդպիսով շարունակենք ի սպաս մեր Եկեղեցւոյ ու մեր ազգին տարած մեր պարտականութիւններըª մեր շրջապատէն ներս քրիստոնէական յոյսը ցոլացնելով եւ լուսեղէնը պաշտպանելով£ Տօնական բարեբաստիկ այս առիթով, ջերմապէս կը շնորհաւորենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի հաւատաւոր զաւակները, Թեմիս հոգեւորականաց դասն ու ժողովականութիւնը, մեր եկեղեցիներու թաղականութիւններն ու յարակից մարմինները, լիբանանահայ մեր կեանքի յարատեւութեան համար նուիրումով գործող մեր վարժարաններու, ազգային կառոյցներու եւ մարմիններու բոլոր պատասխանատուները£ Նաեւ կ՛աղօթենք, որ ամենաբարին Աստուած անորոշութեան խաւարը փարատէ Լիբանանի ու Հայաստանի հորիզոններէն ու նոր ոգեկանութիւն հաստատէ հայութեան կեանքէն ներս£ Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց£ Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս£ Մնամ սիրոյ ջերմ ողջունիւ աղօթարարª ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.