Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

April 4, 2023
in Հայաստան
0
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ

Ապրիլ 2-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը` Ծաղկազարդը: Տօնը տարիներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ հռչակուած էր մանուկներու օրհնութեան օր:

Այս առիթով, Առաւօտեան ժամերգութենէն յետոյ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին, Միածնաէջ Սուրբ Տաճարի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան կարգ: Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը բաշխեց Մայր Աթոռին մէջ համախմբուած մանուկներուն եւ ուխաւորներուն:

Բերկրաշատ տօնին առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Պատարագի սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վանորէից տեսուչ գերաշնորհ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեանը:

Արտակ Սրբազանը իր քարոզին մէջ անդրադարձ կատարեց Մեծ Պահքի կիրակիներու խորհուրդին` ի մասնաւորի ընդգծելով, որ Բուն Բարեկենդանէն մինչեւ Ծաղկազարդ ինկած ժամանակահատուածը հրաշալի հնարաւորութիւն է ներհայեցողաբար քննելու մեր սրտերը եւ հաւատքի մէջ աւելի զօրացած սկսելու Աւագ Շաբաթը:

Այնուհետեւ անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` պատարագիչ Սրբազանը նշեց. ՙԾաղկազարդին Երուսաղէմի ժողովուրդը քաղաքական առումով բաժնուած էր քանի մը խումբերու, սակայն Մեսիայի գաղափարը Երուսաղէմի բնակիչներուն անհատական եւ համընդհանուր շահերը զետեղած էր մէկ տեղի մէջ: Փարիսեցիներն ու սադուկեցիները, մաքսաւորներն ու զելոտները մէկ կողմ դրած էին քաղաքական եւ վարդապետական տարաձայնութիւնները եւ եկած էին գտնելու իրենց թէ՛ անհատական եւ թէ՛ միասնական փրկութիւնը՚:

Աւարտին, Արտակ Սրբազանը ներկայ հաւատացեալներուն յորդորեց` չնմանիլ Երուսաղէմի այն օրերուն մարդոց, որոնք իրենց հագուստները եւ ճիւղերը տարածեցին Տիրոջ առջեւ, սակայն օրեր յետոյ խաչեցին, այլ պատասխանատուութեամբ վերցնենք մեր խաչը եւ ինքնաքննութեամբ անցնինք Գողգոթայի ճանապարհը:

Սուրբ Պատարագի աւարտին, Ամենայն Հայոց Հայրապետին նախագահութեամբ, վերստին կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ:

Նոյն օրը, տօնին առիթով, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդունեց ու իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխեց հայաստանեան տարբեր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ սպասաւորող դպիր մանուկներուն եւ երգչախումբերու պատանի երգչուհիներուն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՔԱՐՈԶՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Next Post

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՙՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ՚ ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

Next Post
ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՙՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ՚ ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ ՙՁԱՅՆԱԳՐԵԱԼ ՇԱՐԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ՚ ԺԲ. ՀԱՏՈՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.