Մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալը Ծաղկազարդի իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ իսկական քաղաքական գործիչը կը ծառայէ մարդոց, այլապէս կը համարուի վատ գործիչ մը: Իր խօսքը ուղղելով քաղաքական գործիչներուն եւ երեսփոխաններուն, Ռահի ըսաւ. ՙԹող երեսփոխանները իմանան, որ լաւ քաղաքականութեան երաշխաւորը հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնն է, որպէսզի կարգաւորուի սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը՚: