ՙՌոյթըրզ՚ լրատու գործակալութիւնը յայտարարեց, թէ Սուրիա եւ Սէուտական Արաբիա որոշած են վերաբանալ իրենց դեսպանատուները երկու երկիրներուն մէջ: Սէուտական Արաբիա փակած էր իր դեսպանատունը Դամասկոսի մէջ տասը տարի առաջ, երբ սկսած էր քաղաքացիական պատերազմը Սուրիոյ մէջ: