Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՍԴՀԿ ՙՄԱՐՕ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ՚ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

March 22, 2023
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՍԴՀԿ ՙՄԱՐՕ ՆԱԶԱՐԲԷԿԵԱՆ՚ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

ԳԱՐՆԱՆԱՅԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Գարունը կը բնորոշուի իր գեղեցկութեամբ, գոյներով եւ բոյրերով: Գարնան առաջին օրը նաեւ նուիրուած է աշխարհի բոլոր մայրերուն:

Ինչպէս գիտենք, գեղեցկութիւնն ու քնքշութիւնը, ինչպէս նաեւ անկեղծ սէրն ու նուիրումը մօր մը գլխաւոր յատկանիշերն են: Հետեւաբար, գարնան առաջին օրը իր ամբողջական գեղեցկութեամբ, ծաղիկներու անուշ բոյրերով մեզի կը յիշեցնեն ՄԱՅՐԸ:

Հետեւաբար, այս գեղեցիկ տօնին ու անոր կցելով ուսուցչաց տօնը, ՍԴՀԿ ՙՄարօ Նազարբէկեան՚ մասնաճիւղը գեղեցիկ միտք մը յղացած էր մեծարելու իր անդամուհիները, ինչպէս նաեւ գնահատելու ուսուցչական ասպարէզէն ներս վաստակ վայելող  բոլոր ուսուցչուհիները:

Արդարեւ, Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, ՀԿԲՄ-ի դարմանատան սրահին մէջ, հրաւիրուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիները մտերմիկ հանդիպմամբ մը միասնաբար տօնելու զոյգ առիթները:

Ընկ.հի Անի Եփրեմեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք, անդրադարձաւ օրուան իմաստին եւ պատգամին, եւ նշեց մասնաւորապէս հայ մօր դերը, որ բոլորովին կը տարբերի  աշխարհի մնացեալ մայրերէն: Ան ըսաւ, որ նաեւ հակառակ լիբանանեան ամէն տեսակի դժուարութիւններուն, հայ կինը կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ կանգնիլ պատնէշի վրայ, մնալով միշտ իր ընտանիքին եւ ազգին կողքին:

Ուսուցիչներուն յատուկ բարի գալուստ մաղթելէ ետք  ան նշեց, որ անոնց ասպարէզը այս օրերուն կը պարտադրէ ահագին սէր եւ համբերութիւն, մաղթելով բոլորին քաջառողջութիւն եւ ամենայն բարիք:

Իւրաքանչիւր ուսուցչուհի շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղի այս գեղեցիկ մտայղացումին համար, եւ իր կրթական ասպարէզէն ներս հետաքրքրական դրուագներ պատմեց ներկաներուն:

Ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ,  Ուսուցչաց տօնին առթիւ պատրաստուած կարկանդակը հատեցին ուսուցչուհիները  երգերով եւ ծափերով:

Կը շնորհաւորենք բոլոր մայրերն ու ուսուցչուհիները, որոնք իսկապէս երկրորդ ծնողք են այս աշխարհի վրայ:

Վարձքը կատար բոլորին:

 

 

 

 

 

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ ՍԲ. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁԱԽՈՒՄԲ

Next Post
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ ՍԲ. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁԱԽՈՒՄԲ

ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ ՍԲ. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁԱԽՈՒՄԲ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.