ՄԻՋԻՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Ինչպէս գիտենք Մեծ Պահքի շրջանի կարեւորութիւնը մեր բոլորի կեանքէն ներս, ան լաւագոյն առիթն է դէպի Աստուած վերադառնալու եւ մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները մեր մէջ ամրապնդելու համար:
Քառասնօրեայ պահեցողութեան կիսուն Հայ եկեղեցին կը նշէ Միջինքը, ուստի պահելով մեր եկեղեցւոյ արժէքներն ու աւանդութիւնները, Նոր Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը, Ուրբաթ, 17 Մարտ 2023-ին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ կազմակերպած էր Միջինքի հաւաքոյթ մը, ուր ներկայ էին Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Աւագ քահանայ Հեճինեանը, Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեանը, եւ Տէր Սարգիս Աւագ քահանայ Սարգիսեանը, եկեղեցւոյ նորընտիր թաղական խորհուրդի ատենապետ տիար Աւագ Պարախեանը:
Սրահը լեցուն էր ազնուափայլ տիկիններով եւ օրիորդներով: Տէրունական աղօթքէն ետք, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Նորա Միհրանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներունª նշելով, որ պահեցողութեան նպատակն է ինքնիշխանութիւն, կամք եւ զօրութիւնª զսպելու մեր ֆիզիքական պահանջքները քառասուն օրերու ընթացքին, զօրանալու համար հաւատքով եւ ինքնաքննադատութեամբ հասնելու համար կատարելութեան:
Քառասուն օրերու պահեցողութիւնը եւ աղօթքը պէտք է մեզի տայ լաւատեսութիւն շրջապատի, անհատներու հանդէպ սէր, եւ զիրար գնահատելու եւ կեանքը աւելի հաճելի դարձնելու գաղտնիքը: Միջինքի հանդիպումերը մեզի կը պարտաւորեցնեն յարգել մեր աւանդութիւնները որպէս հայ մայր ու հայ անհատ, իւրաքանչիւր ձեռնարկ ունի իր բարոյական միտք բանին:
Բացման խօսքէն ետք, Տէր Նարեկ Աւագ Քհնյ. Հեճինեան ներկայացուց եկեղեցւոյ պատմականը հիմնադրութենէն մինչեւ օրս, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն, որոնք սատար հանդիսացած են եկեղեցւոյ բարեզարդման եւ վերելքին, ի մասնաւորի Պրն. Կարապետ Պապահէքեանին, որուն դուստրըª Տիկ. Սօսի Գալինճեանը, մինչեւ օրս կը շարունակէ իր հօրը կտակը, օգտակար դառնալով եկեղեցւոյ:
Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ ՙԳայիանէ՚ երգչախումբի ազնիւ անդամուհիներէնª Տիկ. Կարինէ Անդրանիկեան իր անուշ ու մեղմ ձայնով եւ հայկական գեղեցիկ երգերով ճոխացուց մթնոլորտը, արժանանալով ներկաներու գնահատանքին:
Միջինքի հաւաքոյթը առիթ մը եղաւ նաեւ տօնելու լիբանանահայ գաղութի երիցագոյն կրթական մշակ, դաստիարակ եւ հաւատաւոր կուսակցական Տիկ. Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանի ծննդեան 100-ամեակը:
Յոբելեարին դուստրըª Տիկ. Մարալ Սեմերճեանը, ջանք չէր խնայած այս յատուկ առիթը գերազանց ձեւով տօնելու, ուր ներկայ էին Տիկ. Մաքրուհիին բոլոր սիրելիներն ու զինք յարգողները: Ան բոլոր ներկաներէն ստացաւ սրտի մաղթանքներն ու անուշ խօսքերը:
Այս յատուկ առիթին համար իր սրտի խօսքը փոխանցեց ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէնուհի Տիկ. Անի Եփրեմեանը, որուն խօսքը ամբողջութեամբ կը փոխանցենք:
Խանդավառուած մթնոլորտէն, կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որպէս քաջալերանք Տիկնանց յանձնախումբին, որ մեծապէս կը սատարէ եկեղեցւոյ բարեզարդման:
Սեղաններու գունազարդ զարդարանքներն ու պահքի ճոխ ու համեղ ուտեստները ստեղծած էին շատ բարձր տրամադրութիւն, որուն կ’ընկերակցէին հետաքրքրական խաղեր, կազմակերպութեամբ Տիկ. Սեդա Թորոսեանի:
Վարչութեան անդամուհիներէն Տիկ. Գլօտին Կէօտելեքեան ներկաներուն բացատրեց եւ ներկայացուց Մեծ Պահքի շրջանին հետ առնչուած աւանդական սովորութիւնները:
Օրուան անակնկալն էր հայրենի սոփրանօ Տիկ. Արեւիկ Թանաշեանի ելոյթը, որ իր իւրայատուկ եւ թունդ ձայնով հմայեց ներկաները, ստեղծելով շատ բարձր տրամադրութիւն:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, ուր բախտաւորները ստացան արժէքաւոր նուէրներ:
Գնահատելի էր Տիկնանց յանձնախումբի կատարած նուիրեալ աշխատանքը, ուր անոնք ջանք չէին խնայած ներկայացնելու համար լաւագոյնը եւ ընտիրը, որուն համար բոլոր ներկաները սրահէն բաժնուեցան արտայայտելով իրենց գնահատանքն ու քաջալերանքը:
Վարձքը կատար բոլորին:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
ՏԻԿ. ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԹԱԹՈՒԼԵԱՆ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՏԻԿ. ԱՆԻ ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ
Ռուս հռչակաւոր վիպագիր Լէօ Թոլսթոյ ըսած է. ՙԵթէ ուսուցիչը կը սիրէ իր աշխատանքը, ան լա՛ւ ուսուցիչ կ’ըլլայ: Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ իր աշակերտը, ապա ան աւելի՛ լաւ ուսուցիչ կ’ըլլայ: Եթէ ուսուցիչը կը սիրէ ե՛ւ իր աշխատանքը, ե՛ւ իր աշակերտը, ան կ’ըլլայ կատարեալ ուսուցիչ՚:
Երբ կը խօսինք կատարեալ ուսուցիչներու մասին, չենք կրնար չյիշել մեր գաղութի երիցագոյն ուսուցչուհինª տիկին Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանը:
Տիկին Մաքրուհին պարզապէս դասատու մը չէր, սովորական ուսուցչուհի մը չէր, ան մեր ոսկեղենիկ հայոց լեզուն կը դասաւանդէր Ազգ. Ռուբինեան վարժարանին մէջ, որուն տնօրէնութիւնը ստանձնեց այնուհետեւ, կրթելով ու պատրաստելով նոր սերունդներ, իրագործելով հայապահպանութեան վեհ առաքելութիւնը: Շատեր ուսուցիչ եղած ենª դասաւանդած են մայրենին, իսկ որոշներ ալ տնօրէն եղած են, բայց երբ ուսուցիչ մը հանգստեան կոչուելէ ետք, յառաջացած տարիքի հասնելէ ետք իսկ կը վայելէ իր աշակերտներուն յարգանքը, սէրը, նոյնիսկ անոնց այցելութիւնները, ապա իրաւացիօրէն անոր կարելի է ըսել ԿԱՏԱՐԵԱ՛Լ ուսուցիչ:
Տիկին Մաքրուհին հայապահպանութեան աշխատանքը կատարած է նաեւ այլ ուղիով: Ան եղած է հաւատաւոր կուսակցական եւ ազգին ծառայած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Մայր Կուսակցութեան շարքերուն ընդմէջէն: Երկար տարիներ ստանձնած է ՀՄՄ-ի Տիկնանց Միութեան ատենապետութիւնը, եւ կուսակցական ու միութենական ճանապարհով իր ազգօգուտ ներդրումն ու վաստակը ունեցած է: Վաստակ մըª որ միշտ պիտի յիշենք ու գնահատենք:
Այսօր, կատարեալ ուսուցչուհի ու դաստիարակ, հաւատաւոր կուսակցական ու միութենական, առաքինի կին, սիրալիր ու հոգատար մայր տիկին Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանը պատիւի կ’արժանացնենք ոչ միայն իր այս արժանիքներուն համար, այլ նաեւ որովհետեւ ան այս տարի կը բոլորէ իր ծննդեան 100-ամեակը: Այսօր տիկին Մաքրուհին եթէ մեր բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի բառերով հաշուեյարդար կատարէ ու հարց տայª կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց, ապա պատասխանը անյապաղ պիտի ըլլայª ՙինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ ա՛յն միայն՚:
Տիկին Մաքրուհին… 100 տարեկան: 100 տարիներ, որոնց մեծամասնութիւնը անցուցած է ի գործ դնելով իր ուսուցչական ասպարէզըª իր կոչումը, որովհետեւ բացարձակ իրականութիւն է, որ ուսուցանող դաստիարակը միշտ ալ ուսուցիչ կը մնայ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին: 100 տարիներ, որոնց ընթացքին ան շատ բան տուաւ կեանքին. այո՛, պատրաստեց ազգին բազմաթիւ սերունդները, բայց միեւնոյն ժամանակ կազմաւորեց իր սեփական ընտանիքը եւ իր գլխաւոր ձեռքբերումը եղաւ իր մէկհատիկըª իր դուստրը Մարալը: Մարալը եւ իր կողակիցըª Ժագը արդէն երկար տարիներէ ի վեր որդիաբար տիկին Մաքրուհիին կը վերադարձնեն այն, ինչ ան օրին շնորհած էր իր զաւակին եւ հիմա այն բոլորը իրեն կը վերադառնայ ՙանուշցած ու զօրացած՚: Ես վստահ եմ, որ տիկին Մաքրուհիին հանդէպ ժագին ու Մարալին տուած հոգատարութիւնը, խնամքը, սիրալիր ու ջերմ պահուածքը, յարգանքն ու սէրը, մեր յոբելեարինª մեր շատ սիրելի 100-ամեայ տիկին Մաքրուհիին կու տան ՙԱրեւն ըմպած ըլլալու մխիթարանքը անհուն՚, ինչպէս իր հաշուեյարդարը կ’եզրափակէ Թէքէեան բանաստեղծը: Մարալ ջան, տիպար զաւակի յատկանիշերուդ, ծնողներդ պատուելու աստուածային շնորհքիդ համար օրհնուիս ընդմիշտ:
***
Սիրելի ներկաներ,
Բոլոր շրջանակներէ գնահատուած եւ երախտիքի խօսքին արդարացիօրէն արժանացած տիկին Մաքրուհի Թաթուլեան Խաչատուրեանը իր տպաւորութիւնները, միտքերն ու յոյզերը յաճախ արտայայտած է իր գրած յօդուածներով, ան նաեւ իր յուշերը ամփոփած է իր հեղինակած գիրքին մէջ: Մենք կը փափաքինք, որ այս օրը եւս տիկին Մաքրուհիին կեանքի գիրքէն գեղեցիկ, պատկերազարդ, գունազարդ, անմոռանալի էջ մը դառնայ:
Շատ սիրելի տիկին Մաքրուհի, նախ կը շնորհաւորենք ձեր 100-ամեակը: 100 տարի ապրիլը բոլորին հասու չէ, նամանաւանդ ապրիլ գիտակցութեամբ, յիշողութեամբ, ընտանիքին ջերմութեամբ շրջապատուած: Արդարեւ, ձեր մաքուր սրտին, բարի նկարագրին, ձեր վեհանձնութեան, ազգօգուտ ծառայութեան արժանի կեանքի պարգեւին համար կը շնորհաւորենք ձեզ: Թող Աստուած ձեզի շնորհէ առողջ ու երջանիկ յաւելեալ տարիներ:
Ձեր բարի հայեացքին տակ տարուէ տարի հասակ առած, որպէս հայ մարդ դաստիարակուած ձեր աշակերտներուն, ձեր պաշտօնակիցներուն, կուսակցական ու միութենական ընկեր-ընկերուհիներուն անունով մեծ յարգանքով ու մեծ սէրով կը խոնարհինք ձեր առջեւ, ձեր վաստակին ու գործին առջեւ, որ անվերջ պիտի յիշուի եւ որուն օրինակին շատեր պիտի հետեւին իրենց կեանքին ընթացքին:
Եւ Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի բառերով կ’ըսենքª
ՙԳործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,
Որ խօսւում է դարեդար,
Երնէ՜կ նրան, որ իր գործով
Կ’ապրի անվերջ, անդադար£՚