Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԳԻՏԱԿԱՆ

March 18, 2023
in Գիտական
0

 

ԼԻԲԱՆԱՑԻ ՄԵԾ ԵՐԱԺԻՇՏ

ԽՄԲԱՎԱՐ ԵՒ ՅՕՐԻՆՈՂ`

ԷԼԻԱՍ ՌԱՀՊԱՆԻ (1938-2021)

Էլիաս Ռահպանի կը պատկանէր Ռահպանի նշանաւոր ընտանիքին: Եղբայրներունª Ասիի եւ Մանսուրի ու նշանաւոր երգչուհի Ֆէյրուզի հետ անոնք հաստատեցին Լիբանանի փառքը մանաւանդ 1970-ականներուն: Որպէս երաժիշտ, խմբավար եւ երգահան, իր կեանքի մինչեւ վերջին օրերը ան մնաց պատնէշի վրայ կատարելով իր մեծ գործը: Ան 2500 երգերու երաժշտութեան հեղինակն է, որոնցմէ 2000-ը` արաբերէն: 25 ժապաւէնի երաժշտութեան հեղինակն է, ինչպէս նաեւ պատկերասփիւռի շատ մը ժապաւէններու երաժշտութեան հեղինակն է: Հեղինակն է լիբանանցի երգչուհիներ Ֆէյրուզի եւ Սապահի երգերու երաժշտութեան: Ան մանաւանդ նշանաւոր կտորներ ունի դաշնամուրի համար:

Էլիաս Ռահպանի ծնաւ երաժշտասէր ընտանիքի մը յարկին տակ: Եղբայրներըª Ասին եւ Մանսուրը ու ինք կազմեցին նշանաւոր երաժշտական եռեակ մը, որ մեծ համբաւ բերաւ Լիբանանին, մանաւանդ Պաալպէքի փառատօնին եւ երաժշտախառն թաերախաղերու միջոցով: Ֆէյրուզ, Նասրի Շամսըտտին եւ այլ երգիչներ ամբողջացուցին փառքը այդ եռեակին իրենց հմայիչ ձայներով: Էլիաս հետեւեցաւ Լիբանանի Երաժշտութեան Ակադեմիային 1945-էն 1958: Ապաª Լիբանանի Պետական երաժշտանոցինª 1955-էն 1956: Եղբայրները մեծ դեր ունեցան իր յառաջընթացին մէջ, ֆրանսացի երաժշտութեան ուսուցիչներու ուսուցում ապահովելով երիտասարդ Էլիասին, մօտ տասը տարի: 1957-ին, երբ կը պատրաստուէր մեկնելու Մոսկուա իր դաշնամուրի արուեստը զարգացնելու համար, արկածի մը ենթարկուեցաւ ու աջ ձեռքը այլեւս չէր կրնար օգտագործել ու մնաց Պէյրութ եւ կեդրոնացաւ յօրինումի վրայ:

1958-ին, 20 տարեկան հասակին Բրիտանական ՙՊի.Պի.Սի.՚ կայանին համար պատրաստեց 40 երգերու երաժշտութիւնը: Նասրի Շամսըտտինի համար պատրաստեց քանի մը երգերու երաժշտութիւնը: Ապա ստանձնեց Լիբանանի ձայնասփիւռի ծրագիրներու տնօրէնի պաշտօնը, ուր հանդիպեցաւ իր կողակիցինª Նինա Խալիլին, որուն հետ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը: Դարձաւ շատ մը երաժշտութիւն արձանագրող ընկերութիւններու խորհրդական: Լիբանանի ձայնասփիւռը ձգեց 1972-ին:

Ան երաժշտութիւն յօրինած է Ֆէյրուզի, Սապահի, Նասրի Շամսըտտինի, Ուատիհ Սաֆիի, Մըլհէմ Պարաքաթի, Մաժիտա Ռումիի, Մանուէլ Մենենկիչեանի, Սամի Քլարքի, Ժուլիա Պութրոսի եւ Փասքալ Սաքրի համար: Յօրինած է ՙՈւատի Շամսին՚, ՙՍաֆրըթ Ալ Ահլամ՚ եւ ՙԷլա՚ երաշտախառն թատրերգութիւններուն երաժշտութիւնը:

1996-ին հրատարակեց իր բանաստեղծական երկըª ՙՆաֆիզաթ Ալ Օմր՚ կամ ՙԿեանքի Պատուհանը՚: Իր երգերէն շատերը արժանացած են միջազգային գնահատանքի եւ պարգեւներու: Զաւակը Ղասսան կը շարունակէ հօր ժառանգը իր ինքնատիպ ձեւով, երգեր գրելով քաղաքացիին առօրեայ տառապանքին մասին:

Էլիաս Ռահպանի կը մնայ բոլոր ժամանակներու Լիբանանի ամենայաջող երաժիշտներէն մէկը, որուն համար սէրը ներկայացնելը երաժշտութեան միջոցով բարձրացաւ արուեստի բարձր մակարդակին: Վկայ իր ուրոյն արուեստը:

 

 

ՀՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՁԻԹԱՊՏՈՒՂԻ ԱՌԱՋԻՆ ՑԱՆՔԸ

Թէլ Աւիւի համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներ գտած են առաջին փաստը, թէ ձիթապտուղի ծառի ցանք կատարուած է Յորդանան գետի հովիտին մէջ 7000 տարի առաջ: Գիտնականները Յորդանան գետի Թէլ Զաֆ շրջանին մէջ գտած են հին ծառի ածխացած մնացորդը: Քննելէ ետք, հաստատուած է, որ այդ ածուխին կեանքը 7000 տարեկան է: Ուրեմն, Յորդանան գետի շրջանի բնակիչներ ցանած են այդ ծառը: Նկատի առնելով, որ ձիթապուղի ծառը ինքնիրեն չի բուսնիր Յորդանան գետի հովիտին մէջ, գիտնականները հասած են այն եզրակցութեան, որ ան ցանուած է:

 

 

ՙՍայընս Տէյլի՚

 

 

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹՒՆԸ ԱՆՓՈԽԱՐԻՆԵԼԻ՞ – ՃԺԸ. ՄԱՍ

ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

Պաղեստինցիներ շատ բան կորսնցուցին, երբ իրենց նեցուկ կանգնող արաբական աշխարհի երկիրներ սկսան մէկ առ մէկ ճանչնալ Իսրայէլի գոյութիւնը:

Օգտուելով ԱՄՆ-ի առաջնորդութեամբ միաբեւեռ համակարգի գոյութենէն, Իսրայէլ վարեց պաղեստինեան դիմադրութիւնը ճզմելու անսանձ քաղաքականութիւն: Արեւմուտքը չկրցաւ խաղալ իրաւարարի դերը, որովհետեւ միշտ մնաց Իսրայէլի շահերուն կողմնակալ: Ներկայիս, բազմաբեւեռ աշխարհը սկսած է երեւան գալ: Ի՞նչ պիտի փոխէ այս իրականութիւնը Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու տառապանքին մէջ, յայտնի պիտի դառնայ երկու կամ երեք տարիէն: Այս այն ժամանակն է, որ բազմաբեւեռ աշխարհը պիտի պահանջէ հաստատուելու համար: Այդ բազմաբեւեռ կառոյցի թեւերէն մէկը Իրանն է, անդամ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու ընտանիքին: Չինաստանի կատարած վերջին քայլըª դիւանագիտական յարաբերութիւնը վերահաստատելու Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ, բաւական բան կրնայ փոխել: Այն տագնապները, որոնց պատճառը Իրան-Արաբական աշխարհ բախումն էր, ինչպէսª Եմէն, Իրաք, Լիբանան, Սուրիա եւ այլ երկիրներ, կրնան գտնել իրենց հանգրուանային լուծումը: Առաջին անգամ ըլլալով Արեւմուտքի թմբկահարած ՙԱրաբական աշխարհի թշնամի՚ լոզունգը Իրանի վրայէն կրնայ վերանալ: Շրջանի ժողովուրդներու համերաշխութիւնը պիտի բերէ իր բարիքները ուշ կամ կանուխ: Այս մերձեցումէն ամենամեծ վնասուողը Իսրայէլի պետութիւնն է: Ան որ ինքզինք կը ծախէր արաբներուն որպէս իրենց պաշտպան Իրանի ՙհրէշ՚ին դէմ, կորսնցուցած կ’երեւի իր զէնքերէն ամենակարեւորըª ՙբաժնէ որ տիրես՚ը: Ապագային մենք կրնանք տեսնել Արեւմուտքի հակահարուածը այս չինական նախաձեռնութեան, իր բոլոր բերելիք վտանգներով:

 

 

(Շարունակելի)

 

Աղբիւրª ՙGeopolitique Du Proche-Orient՚, Alexandre Defay, Imp. Point Delta

 

 

ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷՋ

19-րդ դարուն սկսաւ հոգեբանութեան օգտագործումը արուեստի մէջ: Այսինքն նկարիչներ, գրողներ, քանդակագործներ եւ արուեստի մարզի մէջ արտադրողներ սկսան օգտագործել հոգեբանութիւնը որպէս կերպարի ստեղծումի, զարգացումի միջոց:    Ֆրանսացիներ Մարքիզ Տը Սատ, Ֆլոպէր, ռուս Տոսթոյեվսքի եւ շատ ուրիշ գրողներ այն արուեստի գործիչներն էին, որոնք օգտագործեցին մարդուն հոգեբանական աշխարհը իրենց կերպարները ստեղծելու համար:

Իրլանտացի մեծ գրող Լայըմ Օ’Ֆլահըրթի իր ՙՄարդորսը՚ պատմուածքին մէջ կը ներկայացնէ իրլանտական քաղաքացիական պատերազմը բրիտանացիներու համակիր եւ դէմ զանգուածներուն միջեւ: 1919-ի անկախութեան պատերազմը ճեղքեր գոյացուց իրլանտացի ազնիւ ժողովուրդի ընկերային համակարգին մէջ: Մարդիկ հոգեպէս ցնցուած էին: Գրողը կը նկարագրէ մայրաքաղաք Տապլինի մէջ թաղամաս մը, ուր գետին եզերքը գտնուող շէնքերուն վրայ երկու հակառակորդ կողմերու մարդորսներ կային, որոնք ըլլալով անդիմագիծ, մարդ որսալը ըրած էին իրենց գործը: Դիմացի կողմը գտնուողը չէին գիտեր թէ ով է… Կարեւորը այն էր, որ ան կը պատկանի հակառակորդ խումբին: Մարդիկ մոռցած իրենց մարդկային յատկանիշերը, դարձած էին մարդու կերպարանքով հրէշներ, ցեղախումբի անդամներ, որոնք պատրաստ էին ամէն վայրկեան կուլ տալու նոր զոհ մը: Եւ մարդորսը խաբեց դիմացի խումբին պատկանող մարդորսը ու զայն զգետնեց: Արարքը կատարելէն ետք ուզեց իմանալ թէ ո՞վ էր իր զոհը: Մեծ դժուարութեամբ հասաւ փողոց եւ դարձուց դիակը ու նայեցաւ իր զոհի դէմքին, որ իր եղբայրն էր…

 

 

Աղբիւրª The Encyclopedia of Psychology

 

 

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈԴԻՍԱԿԱՆԸ

ՀԷ. – ՄԱՍ

Յարգելի ՙԱրարատ՚ի ընթերցող, այս թիւով մենք պիտի շարունակենք ներկայացնել ելքըª խուսափելու սիոնա-փանթուրքիստ սպառնալիքէն:

Նորագոյն փանթուրքիստ քարոզիչ Նիհալ Ատսըզ տակաւին երէկ էր որ կը գրէր թրքական մամուլին մէջ. ՙԹուրանականութիւնը մեզի համար սրբազնագոյն նպատակն է, քանի որ վեհ է եւ ազնուակա՜ն…եւ հրաշագործ արկածախնդրութիւն մը…: Զարմանահրաշ արկածախնդրութիւն մը չէ՞ր միթէ Իսրայէլի պետութեան հիմնումըª հրեաներուն կողմէ, արաբական հայրենիք դարձած հողերուն վրայ…: Երէկ (1939) հերթը Հաթայինն էր (Իսկէնտերուն), այսօրª Կիպրոսինն է, իսկ վաղը հերթը պիտի գայ Արեւմտեան Թրակիոյ եւ Քէրքուքի, եւ հետեւեալ օրն ալª Ատրպէյճանի եւ հուսկ ուրեմն աւելի անդիին…: Ասիկա հաստատ ճշմարտութիւն մըն է: Թող ոչ ոք իր գլուխը պահէ աւազին մէջ…՚:

Ուշագրաւ է այն, որ Նիհալ Ատսըզի կանխագուշակած Կիպրոսի կարգը եկաւ 1974-ին, որ 1990-ի Ծոցի տագնապին առիթով ալ սենարիոներ գրուեցան Քէրքուքի գրաւման շուրջ… (բնական է թրքական բանակին կողմէ) եւ այնª որ թուրք փանթուրքիստը իբրեւ ուսուցիչ նկատի ունի սիոնական պետութիւնըª արաբական Պաղեստինի հողերուն վրայ տարատնկուած…:

Ոչ միայն Փանթուրքիզմը, ալեւª սիոնիզմն ալ չէ հրաժարած իր ծաւալողական ծրագիրէն: Աշխարհակալական ախորժակներու մասին կը վկայէ սա փոքրածաւալ ծանուցումըª ամերիկեան ՙՆիւզ-Ուիք՚ շաբաթաթերթին մէջ. ՙԵրուսաղէմ Աշխարհի ապագայ մայրաքաղաքը՚, ըստ Աւետարան Երեմիոյ, Գլ.3 համարª 17, Աւետարան Զաքարիոյ, Գլ.8, համարª 20-23, Գլ.14՚:

 

(Շարունակելի)

 

Աղբիւրª ՙՍիոնիզմի եւ Բանթուրքիզմի Առնչութիւնները՚, Մեթր Գ. Տէրտէրեան, 1990

 

 

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

ԽՈԿՈՒՄԻՆ ՕԳՈՒՏՆԵՐԸ

ԱՄՆ-ի ՙՄիջիկըն Սթէյթ՚ համալսարանէն խումբ մը հետազօտողներ կատարած են հետազօտութիւն մը ուղեղի աշխուժութեան առնչուած սխալները նուազեցնելու համար:

Անոնք նկատած են, թէ այն անձերը, որոնք խոկումի (meditation) կը հետեւին աւելի նուազ սխալ կը կատարեն: Հիմնական խոկումի պահը պէտք է ըլլայ թոյլ տալ ուղեղին ազատ թռիչք կատարելու եւ անկաշկանդօրէն հետեւելու այդ թռիչքին:

Ըստ մասնագէտներու, օրական 20 վայրկեան խոկումը շատ բան պիտի փոխէ մարդու վարուելակերպին, մանաւանդ սխալներէ հեռանալու մէջ:

 

Աղբիւրª https://www.sciencedaily.com

 

 

ՄՇԱԿՈՅԹ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԵՐԴԵՐ – ԺԷ.ՄԱՍ

ԱՆԱՐԶԱԲԱ

Կիլիկիոյ բերդերը կը գտնուէին Հայկական Կիլիկիոյ տարածքին: Բերդերուն մեծ մասը կառուցուած էր անոր սահմանամերձ գօտիին մէջ, Լեռնային Կիլիկիոյ կարեւոր անցքերուն մօտ կամ դէպի Միջերկրական ծով հոսող գետերու նեղ հովիտներուն մէջ£

Ժ.- Անարզաբա

Անարզաբա, (Անազարբա, Անավարզա, լատիներէնª Anazarbus), ամրոց եւ քաղաք Կիլիկիայի Հայկական Թագաւորութեան մէջ, ներկայիս Թուրքիոյ մէջ Անավարզա գիւղն է£

Անունին հետ առնչուած ստոյգ տեղեկութիւն չկայ, ենթադրաբար ունի սեմական ծագում եւ արաբերէն կը նշանակէ դեղին աղբիւր (այն զարպա)£ Հիմնադրութեան ժամանակը նոյնպէս յայտնի չէ£ Բարգաւաճած է Հռոմէական կայսրութեան օրօք եւ Օքթավիանոս Օգոստոս կայսեր պատուին կոչուած է Կեսարիա Անազարբեան կամ Դիոկեսարիա£

ԺԲ. դարուն եղած է Կիլիկիոյ գլխաւոր քաղաքը£ Քանի մը անգամ աւերուած է երկրաշարժներէ ու վերաշինուած£ Յուստինիանոս Ա. կայսեր օրօք կատարուած վերաշինութենէն ետք կոչուած է Յուստինիանուպոլիս եւ Բիւզանդական Հայաստանի հետ մտած է Բիւզանդական կայսրութեան մէջ£

Նշանաւոր դէպքերէն է Անարզաբայի պաշտպանութիւնը, 1137 թուականին, երբ քաղաքին մէջ կեդրոնացած հայկական ուժերը 35 օր ինքնապաշտպանական մարտեր մղած են բիւզանդական մեծաթիւ զօրքին դէմ£

1909 թուականի Ատանայի կոտորածին ժամանակ սպաննուած է նաեւ Անարզաբայի բնակչութիւնը£

 

(Շարունակելի)

 

Աղբիւրª ՙՈւիքիփետիա՚

 

 

ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

ԷՆՏՐՈՅՏԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՈՒԻՆՏՈԶԻ ՀԱՄԱՐ – Ե. ՄԱՍ

Ներկայիս կարելի է բջիջային սմարթֆոնի վրայ աշխատող ծրագիրներ կամ ՙapp՚-եր աշխատցնել Ուինտոզ 11 օգտագործող համակարգիչներու վրայ: Այս թիւով պիտի շարունակենք ներկայացնել ՙԷնտրոյտ՚ի այն ծրագիրները, որոնք կ’աշխատին Ուինտոզ 11-ի վրայ:

Հինգերորդ ծրագիրը կը կոչուի ՙAny.Do՚: Այս ծրագիրը կ’օգտագործուի ձեր առօրեայ կատարելիք գործերը դասաւորելու համար: Ծրագիրը նաեւ կը յիշեցնէ ձեր ժամարութիւնները: Կրնաք փոխել նաեւ ծրագիրին գոյները եւ այլ մանրամասնութիւններ: Կրնաք ծրագիրը օգտագործել ՙSlack՚, ՙGmail՚, ՙWhatsApp՚, եւ ՙZappier՚ ծրագիրներուն հետ: Ծրագիրը կարելի է ներբեռնել (download) ՙGoogle Play Store՚էն:

 

Աղբիւրª ՙwww.makeuseof.com՚

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՔԱՆՈՆԱՀԱՐՈՒՀԻ ՄԱՐԻԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆԸ ՀՆԴԿԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՆՉԵՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳՈՐԾԵՐԸ ԵՒ ԽՕՍԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

ՄԻՔԱԹԻ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.