Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի այցելեց Կիպրոս, նախարարական պատուիրակութեան մը գլխաւորելով, Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիքոս Խրիսթուտուլիտէսի պաշտօնի ստանձնումը շնորհաւորելու համար: Կիպրոսի նախագահը վստահեցուց, որ Կիպրոս պիտի պաշտպանէ Լիբանանի շահը Եւրոպական միութեան մէջ: Ան յայտարարեց, թէ նեցուկ պիտի կանգնի Լիբանանին սուրիացի գաղթականներու հարցին մէջ: