ՙՏաղարան՚ հնագոյն երաժշտութեան անսամպլի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը օրերս մենահամերգով հանդէս եկած է Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ` ներկայացնելով Սայաթ-Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ ու մշակումներ:
Համերգային երեկոն տեղի ունեցած է Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբթուան ծիրին մէջ:
Մարիաննան կ՛ըսէ, որ իւրաքանչիւր օրը նուիրուած եղած է որեւէ ոլորտի` ոսկերչութեան, տարազին, պարարուեստին, գորգագործութեան եւ այլն: Մարիաննա Գէորգեանը պատուաւոր հիւրի կարգավիճակով մեկնած է Հնդկաստան: Կը խոստովանի, որ շատ հաճելի էր, որ երաժշտական մասը վստահած են իրեն:
ՙՄէկ ժամէ աւելի տեւած համերգին կը փափաքէի, որ միայն հայկական երաժշտութիւն հնչէ, սակայն, երբ այնտեղ էինք, կարծեցի, որ ճիշդ պիտի ըլլայ` մէկ հնդկական գործ ներկայացուի, որն ալ բոլոր երաժիշտներուն նուագակցութեամբ կատարեց երգչուհի Ամռիթա Ռաճան: Կը նուագակցէին թապլա նուագող Մահեշ Մանին, դաշնակահար Ռոհիտ Քրիշնան, Ճինշու Վարման, որ կը տիրապետէր եօթը նուագարանի` տարբեր ազգերու տարպուք, քահոն, ասալաթօ, ռէինստիք, չիմես, շաքերս, սփլեշ: Բոլորն ալ բարձրակարգ ու տաղանդաւոր երաժիշտներ էին: Ինծի հաճելի էր համագործակցիլ անոնց հետ: Չհասկնալով միմեանց լեզուն` մենք խօսեցանք հոգու եւ երաժշտութեան տիեզերական լեզուով՚, կը պատմէ քանոնահարուհին:
Մարիաննայի խօսքով` բոլորին նպատակն էր երաժշտութիւնը հասցնել հանդիսատեսին եւ անմոռանալի ներուժ փոխանցել, ինչի մէջ իրենք յաջողեցան:
ՙԿրցանք գերազանցել մենք մեզ՚, կը նշէ քանոնահարուհին եւ կը յաւելէ, որ մարդիկ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էին, սիրած են զինք եւ իր արուեստը, Հայաստանը: Նոյնիսկ փորձած են հաղորդակցիլ հայերենով:
Համերգի աւարտին միջոցառման կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին երախտագիտութեան նամակ, շնորհակալագիր եւ մրցանակ յանձնած են` բարձրակարգ համերգին համար:
Քանոնը հետաքրքրած է ոչ միայն հնդիկները, այլեւª անգլիացիները: ՙՊանդոկին մէջ իմ հարեւաններս անգլիացի ամուսիններ էին: Երբ ծանօթացանք, անոնց շատ հետաքրքրեց քանոն նուագարանը, անոնք նոյնիսկ համերգին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն յայտնեցին, մինչդեռ տոմսերը արդէն սպառած էին: Ըսի` կու գաք եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է, կ’ըսէք որ Մարիաննա Գէորգեանի հիւրերն ենք եւ առաջին շարքը տեղեր ունիք: Այդպէս ալ ըրած էին: Շատ ուրախացայ, երբ համերգի ընթացքին նկատեցի զիրենք՚, կը պատմէ քանոնահարուհին:
Մարիաննա Գէորգեանը շարք մը հարցազրոյցներ տալու հնարաւորութիւն ունեցած է եւ, օգտուելով առիթէն, բարձրաձայնած է նաեւ Հայաստանը յուզող խնդիրները: Հարցազրոյցները անգլերեն եղած են, սակայն հայոց լեզուն հնչեցնելու, ինչպէս նաեւ աւելի լիարժէք ամէն բան պատմելու նպատակով, զրոյցներէն մէկը մայրենիով կազմակերպած է: ՙԸսի, որ պարզապէս երաժշտութիւն չեմ ներկայացներ, այլ Հայաստանի եւ իմ կեանքիս պատմութիւնը կը պատմեմ: Անդրադարձայ մեր ցաւերուն` Հայոց ցեղասպանութեան, պատերազմներուն, յատուկ խօսեցայ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասին՚, կը նշէ ան:
Քանոնահարուհին նաեւ պատմած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ հայերու մասին, որոնք պարբերաբար կը փային տարբեր հարթակներու մէջ եւ ընդգծած է, որ թէ՛ ինքը, թէ՛ հայ ազգը կը հպարտանայ իր տաղանդներով:
Մարիաննային ոչ միայն գրաւած է հնդկական կողմի` իրեն աջակցելու, ամէն բան փայլուն կազմակերպելու պատրաստակամութիւնը, այլեւ` երկրին մշակոյթը:
ՙԱյցելած եմ տեղի համալսարան, շփուեած եմ փրոֆէսորադասախօսական կազմին հետ, եղած եմ հնդիկ աստուածներէն Շիւայի սրբավայրին մէջ: Հնդկաստանի մէջ կան վայրեր, ուր կարելի չէ մուտք գործել, բայց, երբ ուղեկցող խմբակը կը ներկայացնէր զիս, բացառութիւններ կ՛ընէինմ. մարդիկ շատ ոգեւորուած էին: Ծանօթացայ հնդկական խոհանոցին, փորձեցի իրենց աւանդական զգեստները: Ես շատ սիրեցի Թրիւանտրումը, բնակիչները եւ ամենակարեւորը` ովկիանոսն ու այրող աւազը: Ինչպէս իրենք կ՛ըսեն, որ ես կը գտնուէի Աստուծոյ տան մէջ: Ըստ տեղացիներուն` երբ Աստուած ստեղծած է երկիրը, այդ դրախտավայրը իր համար պահած է՚, ոգեւորութեամբ կը յիշէ Մարիաննան ու կը յաւելէ, որ յառաջիկային տօն կը սպասուի նաեւ հայաստանեան ունկնդիրին:
28 Մարտին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ պիտի կայանայ համերգ, ուր քանոնահարուհին պիտի ներկայանաայ մէկ համարով. պիտի ըլլայ հայաստանեան առաջին ներկայացում: ՙԻնծի պատիւ ընձեռուած է կատարելու Տաճիկիստանէն երաժշտահան Թոլիպխոն Շախիտինի ՙԱրժանկ քոմչերթօ կրոսօն՚, որ գրուած է քանոնի, ջութակի եւ կամերային նուագախումբի համար: Հեղինակը Արամ Խաչատրեանի սանը եղած է: Բեմ պիտի բարձրանայ Հայաստանի պետական կամերային նուագախումբը, որ պիտի ղեկավարէ Մաքսիմ Նովիքովը` Ռուսիայէն, ջութակահար Կարէն Շահկալտեանը՚, կը տեղեկացնէ Մարիաննա Գէորգեանը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Կամերային երաժշտութեան տան տնօրէնութեան ու իր վարպետին` Սեդրակ Երկանեանին թէ՛ Հնդկաստանի մէջ ըլլալու օրերուն, թէ՛ առհասարակ իրեն աջակցելու համար:
ՖՐԱՆՍԱՑԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ ԸՐԱԾ ԵՆ ԱՆՅԱՊԱՂ ԳՈՐԾՈՒՆ ՔԱՅԼԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱՐԿԵԼՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ՎԵՐԱՑՆԵԼՈՒ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՄԲ
Ֆրանսայի Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած է ՙԻ աջակցութիւն Հայաստանի եւ Արցախի՚ խորագիրը կրող բացառիկ համաժողով` ֆրանսացի ականաւոր մտաւորականներու եւ խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ:
Ֆրանսայի խորհրդարանի զոյգ պալատներու` Ծերակոյտի եւ Ազգային ժողովի նախագահներ Ժերար Լարշէի եւ Եաէլ Պրաուն-Փիւէի բարձր հովանիին ներքոյ կազմակերպուած համաժողովի բացման խօսքով հանդէս եկան Ծերակոյտի` Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ միջազգային իրազեկման խումբի նախագահ, ՙՀանրապետականներ՚ խմբակցութեան ղեկավար Պրունօ Ռըթայօն եւ Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախկին նախարար, ՙԲժիշկներ առանց սահմաններու՚ եւ ՙԱշխարհի բժիշկներ՚ կազմակերպութիւններու հիմնադիր Պերնար Քուշները:
Համաժողովի բանախօսներու շարքին էին հանրայայտ գրող, փիլիոփայ եւ ճանապարհորդ Սիլվեն Թեսոնը, Ֆրանսական ակադեմիայի անդամ Էրիք Օրսեննան, գրող, ռազմական լրագրող, Մարդու իրաւունքներու հարցերով Ֆրանսայի նախկին դեսպան Օլիվիէ Ուեպերը, գրող, փիլիսոփայ Փասքալ Պրիւքները, ՙLe Point՚ պարբերականի խմբագիր, արձակագիր Վալերի Թորանեանը, գրողներ Պլանշ տը Ռիշմոնը, Էմանուէլ Ռուպենը եւ Մարինա Տէտէեանը, աշխարհահռչակ ֆիլմի գործիչ Քոստա Կաւրասը:
Ֆրանսացի մտաւորականները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնեցին Ատրպէյճանի կողմէ շարունակաբար եւ անթաքոյց կերպով վարուող հայատեաց եւ ցեղային զտման քաղաքականութեան վերաբերեալ` ահազանգ հնչեցնելով վերջինիս հետեւանքով Արցախի ժողովուրդին առջեւ ծառացած գոյաբանական սպառնալիքներուն առնչութեամբ, եւ կոչ ըրին միջազգային հանրութեան անյապաղ գործուն քայլերու ձեռնարկելու Արցախի` արդէն գրեթէ 100 օր տեւող շրջափակումը վերացնելու եւ արցախահայութեան` իր հայրենի հողին վրայ անվտանգ եւ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորելու համար:
Համաժողովի աւարտին ամփոփիչ ելոյթներով հանդէս եկան Ծերակոյին եւ Ազգային ժողովին մէջ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբերու նախագահներ Ժիլպեր-Լիւք Տըւինազը եւ Անն-Լորանս Փեթելը, Արցախի հետ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փուփոնին եւ Ֆրանսայի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանը:
Համաժողովին ներկայ էին նաեւ Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տէր Գրիգոր Վարդապետ Խաչատրեանը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ Ծերակոյտի անդամներ, տարածքային եւ քաղաքային իշխանութիւններու ղեկավարներ, Ֆրանսայի մշակութային եւ հանրային գործիչներ, բազմաթիւ լրագրողներ, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: