17 Մարտին, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ Ճափոնի կառավարութեան կողմէ Մայր Աթոռի թանգարաններուն յատկացուած դրամաշնորհի համաձայնագրի ստորագրման պաշտօնական արարողութիւնը:
Դրամաշնորհային ծրագիրը, որով ձեռք պիտի բերուին անհրաժեշտ սարքաւորումները, կեանքի պիտի կոչուի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան միջոցով: Այդ հանդիսաւոր առիթով Սուրբ Էջմիածին ժամանած էին Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մասանորի Ֆուքուշիման, ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեանը, դեսպանատան եւ ՀԲԸՄ-ի գրասենեակի աշխատակիցներ:
Մայր Աթոռի Ռուբէն Սեւակի թանգարանին մէջ հիւրերը ընդունեց Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը` փոխանցելով Ամենայն Հայոց Հայրապետին ողջոյններն ու օրհնութիւնը: Ինչպէս նշեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն հոգեշնորհ Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեանը` 2014 թուականէն արդիւնաւէտ համագործակցութիւն սկսած է Ճափոնէն ժամանած վերականգնողներուն հետ: Պարբերաբար իրականացուող սեմինարներու ընթացքին ճափոնական կողմը բարի ցանկութեամբ որոշած է աջակցիլ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններու վերականգնման բաժնին: Այս հարցը արծարծուած էր նաեւ Վեհափառ Հայրապետին հետ հանդիպման ժամանակ, երբ տարիներ առաջ Մայր Աթոռ այցելած էր Ճափոնէն ժամանած բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Այդ օրուընէ ի վեր թանգարաններուն տնօրէնութիւնը սկսած է աշխատիլ Ճափոնի դեսպանութեան հետ դրամաշնորհի յայտը ներկայացնելու առնչութեամբ:
Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Մասանորի Ֆուքուշիման նշեց, որ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դերը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ անգնահատելի է, իսկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարաններուն մէջ պահպանուող մշակութային ժառանգութիւնը` անգին:
Իր հերթին, ՀԲԸՄ Հայաստանի նախագահ Վազգէն Եագուպեան արձանագրեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ կատարած աշխատանքը մեր ազգին համար շատ կարեւոր է, եւ Վերականգնողական կեդրոնը նոր սարքաւորումներով համալրուելէ յետոյ լաւագոյնս պիտի ներկայանայ աշխարհին իր պատմական, մշակութային ժառանգութեամբ: Ճափոնը եւ Հայաստանը ունին հարուստ հնագոյն մշակոյթ եւ մեծ սէր իրենց ազգային ժառանգութեան հանդէպ: Այս ծրագրին միջոցով երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամութիւնը աւելի պիտի ամրապնդուի:
Նշենք, որ 2012 թուականէն ի վեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարանները սկսած են գործուածքի ֆոնտի հինաւուրց առարկաներու վերանորոգութիւնները: Հայ վերականգնող մասնագէտներուն աշխատանքները բարձր գնահատանքի արժանացած են Պետական Էրմիթաժի, Ճափոնի Սակայի համալսարանի եւ Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթան թանգարանի համապատասխան բաժիններու վարպետ վերականգնողներուն կողմէ: