Երեքշաբթի, 14 Մարտ 2023-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը տուաւ Աթէնքի համալսարանին մէջ:
Յայտնենք, որ ութ տարի առաջ, Հայրապետը դասախօսած էր նոյն համալսարանին մէջ եւ արժանացած պատուոյ դոկտորայի:
Այս անգամ, Նորին Ս. Օծութեան նիւթն էր Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած յարաբերութիւնը եւ քրիստոսաբանական մօտեցումը£ Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի ընդհանուր նախագահը, աստուածաբանական բաժնի տնօրէնը, փրոֆեսորներ, դոկտորայի ուսանողներ եւ բազմաթիւ հրաւիրեալներ:
Համալսարանի նախագահին ու աստուածաբանական բաժնի տնօրէնին բարի գալուստի խօսքէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութեան սկիզբը շեշտեց համալսարանին դերը ընկերութեան կեանքէն ներս եւ պատմութեան ընթացքին Յունաստանի կատարած ներդրումը մարդկային մշակոյթի ու քաղաքակրթութեան մէջ: Ապա, անդրադառնալով օրուան դասախօսութեան նիւթին` Հայրապետը ըսաւ, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայ եկեղեցւոյ բազմատաղանդ հայրապետներէն մէկը եղած է. իբրեւ աստուածաբան, բանաստեղծ եւ երաժիշտ իր առանցքային ներդրումը ունեցած է մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին ու աստուածաբանական մտածողութեան մէջ:
Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը կեդրոնացուց Շնորհալի հայրապետինª Յոյն եկեղեցւոյ հետ ունեցած միջեկեղեցական յարաբերութեանց վրայ: Ընդհանուր ակնարկով թուելէ ետք յիշեալ յարաբերութեանց զանազան փուլները, եկեղեցւոյ միութեան հարցով յոյն եկեղեցւոյ պայմաններն ու Շնորհալի Հայրապետին պատասխանները, ան ծանրացաւ քրիստոսաբանութեան եւ յատկապէս Քրիստոսի աստուածային ու մարդկային բնութեանց փոխյարաբերութեան վրայ: Վեհափառ Հայրապետը յստակօրէն պարզեց Ս. Ներսէս Շնորհալիի քրիստոսաբանական մօտեցումը` միաժամանակ յայտնելով, որ ան փորձած է որոշ կէտերու մէջ հասարակաց շեշտաւորումներ տեսնել հայ եւ յոյն եկեղեցիներու քրիստոսաբանական հասկացողութեանց մէջ: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Հայ եկեղեցին monophysite չէ, ինչ որ Յոյն եկեղեցին մինչեւ այսօր կը կարծէ, այլ` Հայ եկեղեցին miaphysite է, եւ այս երկու ըմբռնումներուն մէջ տարբերութիւնը մեծ է:
Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութիւնը եզրակացուց երկու մէջբերումներ կատարելով քաղկեդոնական եւ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու միջեւ տեղի ունեցած աստուածաբանական երկխօսութեան յայտարարութենէն եւ Տիեզերական պատրիարք Աթենակորասի մէկ վկայութենէն, որոնք տարբեր մօտեցումներով կ՛ըսեն, թէ քաղկեդոնական եւ ոչ-քաղկեդոնական եկեղեցիներու մօտեցումներուն միջեւ բովանդակային տարբերութիւններ չկան, այլ կայ բառապաշարի տարբեր գործածութիւն£ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ երէկ կամ այսօր, այն ինչ որ երկար քննարկումներէ եւ ուսումնասիրութիւններէ ետք կ՛եզրակացնենք, Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետը պարզ ու յստակ բացատրութիւններով յայտնած է 12-րդ դարուն:
Յայտնենք, որ դասախօսութենէն առաջ Վեհափառ Հայրապետը հիւրասիրուեցաւ համալսարանի նախագահին ու պատասխանատուներուն կողմէ. ապա, ան առիթ ունեցաւ զրուցելու դասախօսներուն եւ ուսանողներուն հետ£