ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ 16-20 Մարտին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունեանյ Հայ երաժշտահանութեան արուեստի 14-րդ փառատօնը: Փառատօնը հիմնադրուած է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Հայաստանի երաժշտահաններու միութեան կողմէ:
2023 թուականի փառատօնին ծրագիրները յագեցած են առաջին ներկայացումներով: Փառատօնի բացման համերգին` 16 Մարտին, առաջին անգամ Հայաստանի մէջ պիտի հնչէ Յարութիւն Տելլալեանի ՙՄահ՚ սիմֆոնիկ բանաստեղծութիւնը, Նորայր Յարութիւնեանի Քոնցերթինօն դաշնամուրի եւ նուագախումբին համար: Փառատօնի բացման համերգին պիտի հնչէ Ժիրայր Շահրիմանեանի Առաջին համանուագը, որ ստեղծուած է երաժշտահանին եւ նուագախումբին համագործակցութեան շնորհիւ, եւ որ երաժշտահանը նուիրած է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին:
17 Ապրիլի համերգի ընթացքին պիտի հնչեն Արամ Սաթեանի Թաւջութակի համանուագը, Դաւիթ Սաքոյեանի Փասաքալիա եւ Ֆուկա թիւ 2 ստեղծագործութիւնը սիմֆոնիկ նուագախումբին համար, ինչպէս նաեւ Ջիւան Տէր Թադեւոսեանի 5-րդ համանուագը` ՙՓականինի՚, որ նուիրուած է Տմիթրի Շոսթաքովիչին:
20 Ապրիլի համերգին երաժշտասէրները պիտի ունկնդրեն Սուրէն Զաքարեանի ՙՄոնոկրաֆիան՚ թաւջութակի եւ կամերային նուագախումբի համար, Տիգրան Մանսուրեանի Թաւջութակի թիւ 1 համանուագը` նուիրուած Տմիթրի Շոսթաքովիչի յիշատակին եւ հատուածներ Գրիգոր Եղիազարեանի ՙՍեւան՚ պալետէն:
Փառատօնի շրջանակին մէջ Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբին հետ հանդէս պիտի գան դաշնակահար, միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր Լիլիթ Արտեմեանը, թաւջութակահար Դաւիթ Եժովը: Փառատօնի փակման համերգին ելոյթ պիտի ունենայ անուանի թաւջութակահար Լեւոն Մուրատեանը, որուն կատարմամբ պիտի հնչէ Տիգրան Մանսուրեանի Թաւջութակի առաջին համանուագը եւ Սուրէն Զաքարեանի ՙՄոնոկրաֆիան՚ թաւջութակի եւ նուագախումբի համար:
Հայ երաժշտահանութեան արուեստի 14-րդ փառատօնին համերգները պիտի ղեկավարեն Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեանը, ինչպէս նաեւ նուագախումբի գլխաւոր հրաւիրեալ խմբավար Ճանլուքա Մարչիանօն եւ հանրայայտ Անթալ Տորատի խմբավարներու միջազգային մրցոյթի առաջին մրցանակակիր Ռեմի Տիւրուն:
Փառատօնի բոլոր համերգները կը ձայնագուին եւ կը տեսագրուին ժամանակակից բարձրակարգ սարքաւորումներու միջոցով եւ յետարտադրական ընթացքէն յետոյ կը տեղադրուի նուագախումբի ընկերային էջերուն, նուագախումբի կայքին, ինչպէս նաեւ հանրայայտ միջազգային թուային հարթակներու մէջ:
Հայ երաժշտահանութեան արուեստի փառատօնը հայաստանեան մշակութային կեանքի նշանակալի իրադարձութիւններէն է եւ 2010 թուականին հիմնադրուելէ ի վեր անշեղօրէն կը հետեւի հայ դասական եւ արդի երաժշտահանական դպրոցի, աւանդոյթներու պահպանման, ճանաչման եւ ընդլայնման իր առաքելութեան:
Փառատօնի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է հայ երաժշտահաններու սիմֆոնիկ եւ կամերային ստեղծագործութիւններու ձայնագրումը, տեսագրումը, նուագաբաժիններու թուայնացումն ու պահպանումը: Յայտնի է, որ հայ երաժշտահաններու բազմաթիւ ստեղծագործութիւններու նուագաբաժիններ տակաւին կը մնան հեղինակներու անձնական կամ այլ արխիւներու մէջ եւ յաճախ կը գտնուին անմխիթար վիճակի մէջ` հասանելի չըլլալով ստեղծագործութիւններու համերգային ներկայացման համար:
Փառատօնի ամբողջ ընթացքին թուայնացուած են հայ երաժշտահաններու աւելի քան 100 մեծակտաւ ստեղծագործութիւններ. ձայնագրուած են 250-է աւելի երաժշտական երկեր, իրականացուած են 180-է աւելի առաջին ներկայացումներ` ներգրաւելով Հայաստանի մէջ գործող երգչախումբերը, նուագախումբերը եւ կամերային համոյթները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անհատ կատարողներ, այդ շարքին` տաղանդաւոր երիտասարդ երաժիշտներ: Անցած տարիներու ընթացքին Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբը ժամանակակից ձայնագրման արհեստագիտութիւններու կիրառմամբ ձայնագրած է հայ երաժշտահաններու աւելի քան 15 մեծակտաւ ստեղծագործութիւններ, որոնք ամէնամեայ պարբերականութեամբ կը թողարկուին նուագախումբի սեփական ՙArmsymphony Records՚ ձայնապիտակին վրայ:
Փառատօնի ընթացքին հնչած հայ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւնները նաեւ տեղ կը գտնեն յայտնի լրատուական հարթակներու մէջ, ինչպիսիք են ՙMezzo TV՚-ն, ՙMedici TV՚-ն եւ այլն:
Փառատօնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ մեծանուն երաժշտահաններու երաժշտական ժառանգութեան կողքին ներկայացնելու նաեւ երիտասարդ եւ նորայայտ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններ: