Չինաստանի խորհրդարանը 2952 քուէով Շի Ճինփինկը վերընտրեց երկրի նախագահ: Շի Ճինփինկ, որ 69 տարեկան է, դարձաւ չինացի առաջին նախագահը, որ կը վերընտրուի երրորդ շրջանի մը համար: Նախագահի պաշտօնավարութեան շրջանը հինգ տարի է: Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին շնորհաւորեց իր չինացի գործընկերը վերընտրութեան առիթով: