Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ Ուալիտ Ժոմպլաթ յոյս յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ դիւանագիտական մերձեցումը Լիբանանի մէջ լուծումի առիթ մը կ’ըլլայ, ընտրելով հանրապետութեան նախագահը:
Ան յայտարարեց, թէ ընտրուելիք նախագահը պէտք չէ ծառայէ որեւէ կողմէ եւ պէտք է ըլլայ տնտեսական լուծումի բանալիներ ունեցող անձ մը: Ժոմպլաթ աւելցուց, որ լիբանանցի ժողովուրդը զոհ գնաց երկու առանցքներու միջեւ պայքարին:
Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի հարցին ծալքերը բացայայտելը ան նկատեց դժուար իրագործուելիք հարց մը, նկատի առնելով ներքին անհամաձայնութիւնը ամէն բան բացայայտելու համար: