ՙԱ.՚- Առեւտրային թեքումով համալսարանական կրթութիւն ստացած ըլլալով ինչպէ՞ս յայտնուեցաք կրթական բնագաւառին մէջ:
Ռ.Պ.- Առաջին վկայականս Սեն Ժոզէֆ համալսարանէն ստացած եմ Առեւտրական վարչագիտութեան մասնագիտութեամբ, եւ այդ մարզին մէջ տարիներով կ’աշխատէի եւ գրասենեակային գործիս կողքին նաեւ կէսօրէ վերջերը սկսած էի Մեսրոպեան Արուեստից բաժնին մէջ Financial Math դասաւանդել BT-ի 3 դասարաններուն, որովհետեւ իմ ուսումնառութեանս ծիրին մէջն էր: Ուրեմն հոն ձեւով մը ի յայտ եկած էր դասաւանդելու իմ սէրս ու կարողութիւնս: Ասոր կողքին, ես ունեցած էի վարչական փորձառութիւն, Պատրիարքութեան հովանիին տակ գործող շատ մը յանձնախումբերու մէջ ըլլալով, թէ՛ ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան մէջ, որուն հիմնադրութեան մէջ բաժին ունեցած եմ երջանկայիշատակ հայր Անդրանիկ Կռանեանին հետ, թէ՛ ՀԿՀՄ-ի վերակազմութեան մէջ, գերյարգելի Հայր Եղիա Եղիայեանի օրով: Փաստօրէն տեսած էին վարչական եւ կրթական բնագաւառներուն մէջ աշխատելաձեւս: 2007 թուականին էր, ես իմ սովորական աշխատանքս կ՛ընէի առեւտրական ընկերութեան մէջ, որոնց Եւրոպայի մէջ եղած ֆինանսական եւ տնտեսական գործերը կը կատարէի, երջանկայիշատակ Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը զիս իր քով հրաւիրեցª առաջարկելու համար ստանձնել դպրոցի տնօրէնութիւն: Դժուար եղաւ անմիջապէս պատասխան տալ Հոգեւոր Տիրոջ, նկատի առնելով որ ես գոհ եւ ուրախ էի իմ աշխատած ընկերութեան մէջ, նաեւ սիրուած ու գնահատուած: 3 օր մտածելէ ետք հաւանութիւնս փոխանցեցի Հոգեւոր Տիրոջ, որ Մայիս ամսուան մէջ անուանումի հրամանագիրը պատրաստեցª յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին համար: Այսպէս էր փոխանցումս առեւտրական աշխարհէն դէպի կրթական աշխարհ:
ՙԱ.՚- 10 տարի որպէս Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի: Ինչպէ՞ս կը նկարագրէք այս փորձառութիւնը եւ ի՞նչ էր գաղտնիքը, որ յաջողութիւն արձանագրեցիք եւ հեղինակութիւն դարձաք որպէս կրթական մշակ:
Ռ.Պ.- Երբ դպրոց մուտք գործեցի ամէն ինչ նոր էր ինծի համար, բայց մարտահրաւէր կար դիմացս ինքզինքս փաստելու: Վարչագիտական փորձութիւնս մեծ դեր խաղաց, որովհետեւ անկախ անկէ, որ դպրոցը հաստատութիւն մըն է, որ մարդ կը դաստիարակէ ու կը պատրաստէ, բայց զայն կառավարելը նաեւ վարչագիտական հմտութիւն կը պահանջէ: Հայկական դպրոցները ընդհանրապէս յանձնուած կ’ըլլային կրթական մշակներու կամ մտաւորական մարդոց, որոնք շատ յաճախ հեռու կ’ըլլային առեւտրական հիմքով մտածելակերպէ, որ իմ պարագայիս օժանդակեց սերտելու եւ հասկնալու, որ այս դպրոցին յաջողութեան համար ինչ պէտք է: Երկու նժարի վրայ դնելով դպրոցին տկար եւ ուժեղ կէտերը, մտովին կազմեցի յատակագիծ մըª ուժեղ կէտերը ծառայեցնելուª տկարները յաղթահարելու համար: Այն ժամանակ դպրոցին աշակերտութեան թիւը քիչ էր. 9-րդ դասարան հասնելէ ետք աշակերտը եթէ փափաքէր ուսումը գիտական բաժանմունքի մէջ շարունակելª պիտի ստիպուէր դուրս գալ եւ այլ դպրոց յաճախել: Հետեւաբար, առաջին հերթին պէտք էր երկրորդական դասարաներու գիտական բաժանմունքը ունենալ: Ի հարկէ այդ մասին խորհրդակցած էի իմ պաշտօնիս մէջ զիս նախորդած տնօրէնին հետ, որ ըսած էր, թէ այդ բաժանմունքը ունենալը օրին մեծածախս ծրագիր էր: Ուրեմն, այդ ծրագիրը ունէի մէկ կողմէ, իսկ յաջորդը մանկամսուրիª 2 տարեկաններու դասարանի ծրագիրն էր, որով տարբեր տարիքի զաւակներ ունեցող ծնողները իրենց երեխաներուն յարմար բոլոր դասարանները պիտի գտնէինª մանկամասուրէն մինչեւ երկրորդական դասարան: Հետագային մտածեցինք արուեստից բաժնի մասին, որ պիտի ըլլար ակադեմական ուսումնառութեան մէջ դժուարութիւններ ունեցող, բայց արուեստիցի մէջ իրենց փրկութիւնը գտնող աշակերտներուն բաժանմունքը: Տարիներու ընթացքին դպրոցին բաժանմունքները համալրելու եկան ուսումնական դժուարութիւններ եւ յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքը, որ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը օրին հայկական վարժարաններուն մէջ առաջինը եղաւ, ինչպէս նաեւ Ամերիկեան ծրագրի բաժանմունքը, որուն կրնային հետեւիլ օտար հպատակութիւն ունեցող աշակերտները: Անշուշտ այս բոլոր ծրագիրները մէկ անգամով չէին կրնար իրականանալ, ուստի այս 10 տարիներուն ընթացքին տքնաջան աշխատանքով եւ Ներսէս-Պետրոս երջանկայիշտակ Հոգեւոր Տիրոջ խրախուսական եւ քաջալերական քայլերով եւ օրհնութեամբ կրցանք յաջողցնել: Այսպիսով, Ս. Խաչ-Հարպոյեանը դարձաւ ամէն տեսակ աշակերտներու բոլոր տարիքներու եւ բոլոր կարիքներու դպրոցը, ինչպէս մենք այս միտքը որդեգրեցինք որպէս նշանաբան, միեւնոյն ժամանակ ունենալով այլ կարգախօս մըª ՙյանձնեցէք ձեր զաւակը մեզի 2 տարեկանին եւ 18 տարեկանին կը ստանձնէք հայ, քրիստոնեայ, ուսեալ երիտասարդը՚: Այսպիսով, դպրոցի աշակերտութեան թիւը աճեցաւ, որուն հիմնաւորուած փաստն ալ լուսահոգի պարոն Ժիրայր Դանիէլեանի կատարած վիճակագրութիւնն էր, ըստ որուն Ս. Խաչ-Հարպոյեանը միակ վարժարանն էր, որ ամէն տարի աշակերտական քանակի աճ արձանագրած է: Այս բոլորին զուգահեռ մեծ տեղ ունի քարոզչութիւնը, որովհետեւ աշխատանքին մասին պէտք է իմանայ հանրութիւնը, պէտք է իրազեկուի: Այդ պատճառով ալ դպրոցին պարբերաթերթըª ՙԹռիչք՚ը դպրոցի ընտանիքներու թիւէն յաւելեալ տպաքանակով կը հրատարակէինք, որպէսզի համայնքին ու ընդհանրապէս գաղութի մարդոց եւս ծանօթացնէինք ու տեղեակ պահէինք մեր վարժարանի գործունէութեան մասին:
ՙԱ.՚- Լիբանանահայ դպրոցի մէջ որպէս տնօրէն ձեր ունեցած փորձառութենէն ետք արաբական դպրոցի մէջ նախակրթարան եւ միջնակարգ բաժնի տնօրէնուհի դարձաք, ապաª Գալիֆորնիոյ մէջ Հայ Քոյրերու Վարժարանի փոխտնօրէնուհի: Ինչպէ՞ս կը ներկայացնէք այս երեք տարբեր փորձառութիւնները, ի՞նչն էր իւրայատուկը իւրաքանչիւրին մէջ եւ ի՞նչ էին դժուարութիւնները:
Ռ.Պ.- Լիբանանահայ վարժարանի մէջ տնօրէնութիւն ստանձնելով ես կազմաւորուեցայ որպէս տնօրէն, շատ բան սորվեցայ աշխատանքիս ընդմէջէն եւ մեծ փորձառութիւն ձեռք բերի, եւ այդ դպրոցը կարծես եղաւ իմ նորածին պզտիկս: Եւ ինչպէս որ նորածին երեխային կը գուրգուրանք, հոգ կը տանիք եւ թոյլ չենք տար, որ վատ բան պատահի անոր, նոյն մօտեցումը ունեցայ դպրոցին նկատմամբ, նոյնիսկ զոհաբերելով ընտանիքիս յատկացուելիք ժամանակէն եւ դպրոցին տրամադրելով նոյնիսկ հանգստեան օրերս: Արդարեւ, այս փորձառութիւնը ինծի համար իւրայատուկ էր, պարզապէս ասպարէզ մը չէր, այլª զգացական բաժին մը կայ, դպրոցին ամէն մէկ քարին ետին, ամէն մէկ մանրամասնութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած եմ, ինչ որ չեմ կրնար համեմատել ուրիշ աշխատանքային փորձառութիւններու հետ:
Ինչպէս նշեցի, իմ մասնագիտութիւնս կրթական չէր, եւ որպէսզի աւելի կատարելագործուած կատարեմ այս աշխատանքը, մտադրեցի այդ ընթացքին մագիստրոսական վկայական ստանալ Դպրոցի վարչագիտութեան ճիւղին մէջ, որպէսզի իմ հայեցողութեամբս կատարուած աշխատանքը հիմնաւորուէր եւ դառնար ժամանակին հետ քայլ պահող: Այս մէկն ալ ի պատիւ երջանկայիշատակ Ներսէս-Պետրոս կաթողիկոսին, որ ինծի քաջալեր հանդիսացաւ այս քայլին մէջ: Այսպիսով, սկսայ այս ընթացքին համալսարանին մէջ ստացած գիտութիւնս գործնականապէս գետնի վրայ գործադրել: 2017-ին թեզս պաշտպանեցիª ՙԻնչպէ՞ս կառավարել ուսումնական հաստատութիւն մը, գործը բաժնելով բաժանմունքներու պատասխանատուներուն հետ՚: 10 տարուան ընթացքին ձեռքբերումներուն մասին արդէն նախորդ պատասխանիս մէջ նշած էի:
2019-ի յեղափոխութեան եւ անոր յաջորդող Քովիտի շրջանին, երկու ուսումնական տարեշրջան ստանձնեցի Անտոնական միաբանութեան Ժամհուրի վարժարանի անգլերէն բաժանմունքին տնօրէնութիւնը, ուր պաշտօնս կատարեցի արդէն որպէս փորձառու: Եւ որովհետեւ կաթողիկէ վարժարաններու Ընդհանուր քարտուղարութեան ծանօթ էի եւ անոնք ալ լաւ ճանչցած էին զիս, յատուկ յարգանքով կը վերաբերէին հետս եւ կ’արժեւորէին զիս, ինչ որ հոգեկան գոհացում կը պատճառէր ինծի: Հոս կ’ուզեմ կարեւոր բան մը նշել. նկատի ունենալով, որ հայկական ազգային գիծը շեշտուած է մէջս եւ հոն հայ աշակերտներ չէին դէմս, սկսայ հայկական թեմաները առնչել այլ թեմաներու, ըստ առիթի: Օրինակ, Ս. Ծննդեան տօնին համերգ կազմակերպած էինք, ուր երգուեցաւ նաեւ հայերէն երգերու շարան մը, Վարդանանցի տօնին կամ Ապրիլ 24-ի ոգեկոչման օրերուն, առաւօտեան աղօթքէն ետք ես այդ թեմաներուն մասին աշակերտներուն խօսած եմ, զանոնք կապելով լիբանանեան կամ առհասարակ մարդկային թեմաներու հետ, որպէսզի հեշտ ըլլար աշակերտներուն ըմբռնել զանոնք:
Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, երբ Լիբանանի վիճակը դարձաւ անտանելի եւ օգտուելով արդէն իսկ ամերիկեան հպատակութիւնը ունենալու առաւելութենէն, փափաքեցանք տեղափոխուիլ ԱՄՆ, մանաւանդ որ զաւակներս համալսարանական կրթութիւն ստանալու սեմին էին: Բարեբախտաբար, նախքան Լիբանանին հրաժեշտ տալս, ինծի առիթը ընծայուեցաւ Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ փոխտնօրէնի ներկայիս վարած պաշտօնը ստանձնելու: Այս մէկը ինծի շատ մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պատճառեց, նկատի ունենալով որ ես Հայ Քոյրերու Միաբանութեան դպրոցի աշակերտուհի եղած եմ, համայնքին մէջ դաստիարակուած եմ եւ սիրած գործս պիտի կատարեմ: Կարծես Աստուած այնպէս դասաւորեց, որ վերադառնամ ակունքներուս: Նաեւ ուրիշ կարեւոր կէտ մը կայ. Միջին Արեւելքի մէջ պատրաստուածներս արեւմտեան ափերուն մէջ շատ տալիք ունինք: Դժբախտաբար Ամերիկայի մէջ շատ աւելի կարիքը կայ հայկական շունչին, ազգային ոգիին, հայախօս մարդոց: Հետաքրքրական օրինակ մը տամ, դպրոցին մէջ իրար հետ անգլերէն խօսող աշակերտները, միջանցքին մէջ հազիւ զիս տեսնենª անմիջապէս հետս հայերէն կը սկսին խօսիլ: Հոս նշեմ, որ քանի որ ամերիկահայ գաղութին մէջ կան Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, Պարսկաստանէն, Եգիպտոսէն, Հայաստանէն գաղթած հայեր, որոնց խօսակցութիւնները տարբեր են եւ իրար համար դիւրըմբռնելի չեն, կը կարծեմ այդ է հիմնական պատճառը, որ անոնք կը նախընտրեն բոլորին համար հասկնալի անգլերէնով խօսիլ: Ամերիկա ծնած անոնց ծնողներն ալ գրեթէ հայախօս չեն, դժբախտաբար: Աւելցնեմ, որ հոս արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն խօսող հայերու գոյութեան պատճառով, որպէս դպրոց ստիպուած ենք հայերէնը դասաւանդել իր զոյգ ճիւղերովª ե՛ւ արեւելահայերէն, ե՛ւ արեւմտահայերէն: Այս մէկը խօսելու համար ամերիկահայ վարժարանի դիմագրաւած դժուարութիւններուն առումով: Ամէն պարագայի, ես կը հաւատամ, որ դեռ շատ տալիքներ ունիմ այս վարժարանին, տակաւին ճանապարհին սկիզբն եմ:
ՙԱ.՚- Ծանօթացուցէք մեզի 38-ամեայ Հայ Քոյրերու Վարժարանը:
Ռ.Պ.- Ինչպէս Հայ Քոյրերու Միաբանութան բոլոր դպրոցները, Գալիֆորնիոյ մեր վարժարանն ալ առաքելութիւն ունի կատարելիքª պատրաստել հայ եւ քրիստոնեայ աշակերտներ: Մեր դպրոցը Գալիֆորնիոյ մէջ միակն է, որ միաժամանակ թէ՛ ազգային, թէ՛ հոգեւոր դաստիարակութիւն կու տայ, ծրագրին մէջ ունինք յատուկ կրօնական դասընթացքներ, մեր վարժարանը դիմող ծնողներուն համար մեծ կարեւորութիւն ունի այս զուգահեռ ընթացող դաստիարակութիւնը: Եւ որովհետեւ ես այս դաստիարակութիւնը մանկութենէս ստացած եմ այս Միաբանութեան շունչով, ինծի համար շատ հարազատ, բնական եւ համերաշխ միջավայր մըն է աշխատանքս հեզասահ տանելու համար:
Դպրոցը իր 38-ամեայ պատմութեան ընթացքին արձանագրած է բազում յաջողութիւններ, ունեցած է մեծ թիւով աշակերտութիւն, սակայն բոլոր հաստատութիւններուն նման ունեցած է նաեւ դժուար օրեր, ելեւէջներ եղած են, բայց ես կը հաւատամ, որ իր ունեցած առաքելութեան շնորհիւ այս հայաոծ գաղութին մէջ կրնայ տակաւին նուաճումներ արձանագրել, մանաւանդ որ այս դարուս օտար եւ ի մասնաւորի պետական դպրոցներուն մէջ մեր աշակերտները աւելի վտանգուած են, ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան բացակայութեան: Հետեւաբար, այն մաքուր միջավայրն ու մթնոլորտը որ կան մեր հայկական վարժարաններուն մէջ յաւելեալ երեւելի շնորհք մը կու տան անոնց: Եւ այս մէկը ես կրնամ հաստատել մասնաւորապէս Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտներուն մասին խօսելով: Ես ալ ուրախ եմ, որ այսպիսի մեծ ընտանիքի մը հետ կ’աշխատիմ ու կը հաւատամ, որ անոր յառաջիկայ տարիները աւելի պայծառ եւ փայլուն պիտի ըլլան:
ՙԱ.՚- Շնորհակալ ենք այս հանդիպումին համար: Կը շնորհաւորենք ու կը գնահատենք ձեր աշխատանքը, որովհետեւ ուր աշխատանք կայ, հոն անպայման յաջողութիւն կայ:
Ռ.Պ.- Ես ալ շնորհակալ եմ, ինծի համար անակնկալ էր, որ Պէյրութէն ՙԱրարատ՚ թերթի տնօրէնուհիին հետ այս բացառիկ հանդիպումը պիտի ունենանք խօսելու կրթական դժուար, բայց վեհ առաքելութեան մասին: Յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեզի: