ՙԱրցախը մե՛րն է՚, ՙՄե՛նք ենք Արցախը՚, ՙԿեցցէ՛ արցախահայութիւնը՚ եւ նման կարգախօսներով լիբանանահայութեան բոլոր շերտերը երէկ` Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, հայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտի ՙԱրին՚ կեդրոնի դիմացէն իրենց զօրակցութիւնն ու նեցուկը յայտնեցին արդէն իսկ 45 օրէ ի վեր շրջափակման մէջ եղող, կենցաղային, մարդկային, առողջական, ջեռուցման, սնունդի, դեղորայքի եւ բազում դժուարութիւններու դէմ-յանդիման կանգնած, սակայն պայքարող եւ իր հողին կառչած արցախահայութեան: Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած, Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալած հայաթափման արշաւին դէմ եւ Արցախի զօրակցող հաւաքին լիբանանահայերը, որոնց կարգին տիրական ներկայութիւն էին աշակերտները, իրենց բարձրացուցած պահանջատիրական պաստառներով, արտասանած ազգային շունչով բաբախող կարգախօսներով հաստատեցին, որ Արցախի հայկականութիւնը անսակարկելի է, արցախահայութիւնը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ անցքի` Բերձորի միջանցքի բացումը հրամայական է, միջազգային ընտանիքը պէտք է քայլերու ձեռնարկէ Արցախի մէջ ցեղային նոր սպանդի մը առաջքը առնելու` շեշտելով, որ իւրաքանչիւր լիբանանահայ կողքին կը կանգնի Արցախի մէջ զրկանքներով ապրող, սակայն տակաւին իր կորովն ու հաւատքը չկորսնցուցած արցախցիին:
Այս առիթով Պուրճ Համուտի բոլոր վաճառատուներն ու հաստատութիւնները փակած էին իրեն դռները եւ ընդառաջած հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կոչին` մասնակից դառնալու հաւաքին:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներէն ետք ՌԱԿ-ի խօսքը արտասանեց Գրիգոր Մանուկեան, որ նշեց, թէ Արցախի դէմ պատերազմ սանձազերծած, սակայն զայն հայաթափելու մէջ ձախողած թշնամին հիմա կը փորձէ հոգեբանական ճնշում բանեցնել արցախահայութեան վրայ` զայն իր բնիկ, իսկական տէրերէն պարպելու նպատակով: Ան ըսաւ, որ հայրենիքի սահմաններուն անխախտելիութիւնը անսակարկելի ու անզիջելի է: Դիտել տալով, որ Արցախի տագնապը հետզհետէ կը վերածուի մահաբեր ճգնաժամի, Գ. Մանուկեան յայտնեց, որ Արցախի ժողովուրդը տուած է իր հերոսական որոշումը` ամուր պահել իր պետականութիւնը եւ ապրիլ արժանապատիւ խաղաղութեամբ, ուստի Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ: Ան շեշտեց, որ Արցախի տագնապը պէտք է լուծուի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային սկզբունքին հիման վրայ, երկու չափ-երկու կշիռի քաղաքականութիւն վարող պետութիւններ, որոնք հիմնեցին Քոսովօ, Հարաւային Սուտան ու Արեւելեան Թիմոր պետութիւնները, կրնան դիւրութեամբ ընդունիլ Արցախի անկախ գոյութիւն ըլլալու իրաւունքը: Գրիգոր Մանուկեան հաստատեց, որ խօսքի փուլը անցած է, պէտք է գործել, որովհետեւ այլապէս ուշ պիտի ըլլայ` նշելով, թէ Ռուսիան` իբրեւ Արցախի ժողովուրդին մեծ բարեկամ, կարեւոր դեր ունի այս ուղղութեամբ:
ՙԱրցախահայութիւնը այսօր կրկին կ՛ապրի կեանքի տխուր, անորոշ ու վտանգաւոր փուլ մը: Այս փուլը ան այսօր կ՛ապրի նաեւ մեր փոխարէն, որովհետեւ Արցախը, իբրեւ հող հայրենի, միայն արցախահայունը չէ, այլ նաեւ համայն հայութեանն է, եւ համայն հայութիւնը հոն ունի ո՛չ միայն տիրոջ իրաւունքներ ու բարիքներ, այլ նաեւ` նոյնքան պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ: Այսօր ալ, լիբանանահայութիւնը, անցեալին նման, կրկի՛ն պատրաստ է շարունակելու իր պայքարը` յանուն Արցախի ու արցախահայութեան արդար պայքարին՚, ըսաւ Գ. Մանուկեան եւ շեշտեց, որ այսօր լիբանանահայն ու իւրաքանչիւր հայ պատրաստ ու յանձնառու պիտի մնան Արցախի ու արցախահայութեան կեանքին մէջ իրենց լուման բերելու` այդ ազնիւ ժողովուրդի փրկութեան եւ բարօրութեան համար:
Իր խօսքը եզրափակելով` Գրիգոր Մանուկեան շեշտեց, որ համախմբուած լիբանանահայութիւնը պիտի չընդունի, որ թշնամին շարունակէ իր անմարդկային, հրէշային ծրագիրը, այլ պիտի աղաղակէ աշխարհին խուլ ձեւացող ականջներուն տակ` մինչեւ որ ճեղք մը յառաջանայ այդ լռութեան պատին մէջ եւ արդարութիւնը յաղթէ:
ՀՅԴ-ի խօսքը արտասանեց Լութֆիկ Այվազեան,որ ըսաւ. ՙԵթէ նայինք աշխարհի քարտէսի մը եւ կեդրոնանանք այն լայնատարած շրջանին վրայ, որ կը գտնուի Միջին Ասիոյ եւ Մարոքի միջեւ, սկսելով` Ղազախստանէն, Ուզպեքիստանէն, Աֆղանիստանէն եւ անցնելով Միջին Արեւելքի երկիրներէն, ու շարունակենք մինչեւ Մարոք եւ Մաւրիտանիա, պիտի գտնենք շուրջ 40 երկիրներ: Անոնցմէ միայն երկուքը ունին ազգային դրօշներ, որոնք համայնքային, կրօնական կամ ցեղական խորհրդանիշներ չեն կրեր: Այդ երկիրներն են Լիբանանն ու Հայաստանը: Բազմաթիւ տասնամեակներէ եւ հազարաւոր տարիներէ ի վեր մեր նախահայրերը ձեռնարկած են Լիբանանն ու Հայաստանը վերածելու լոյսի, համերաշխութեան եւ ուրիշին հանդէպ բաց ըլլալու փարոսներու: Այսօր այս երկու երկիրները շրջապատուած են իրենց գոյութեան սպառնացող վտանգներով, եւ այդ իրականութիւնը ունի տարբեր պատճառներ: Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին չարտօնելու, որ այդ երկու երկիրները փլուզուին, որովհետեւ անոնք մարդկային ու քաղաքակրթական պատգամի երկիրներ են՚:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնները բացայայտելէ ետք, Լութֆիկ Այվազեան շարունակեց. ՙԱտրպէյճանի դաւադիր այս ծրագիրներուն նպաստեցին Պաքուի նաւթատարերն ու կազատարերը, ինչպէս նաեւ անոր նիւթական հսկայական կարելիութիւնները, որոնք դիւրացուցին Ատրպէյճանի կողմէ զէնքի գնումի հսկայական համաձայնագրերու ստորագրութիւնը, յատկապէս Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ: Ատրպէյճանի նիւթական կարելիութիւնները օժանդակեցին նաեւ, որ ան իր դիմագիծը ՙփայլեցնէ՚ միջազգային խորհրդաժողովներուն ընթացքին իր տրամադրած կաշառքներով, որ ինչ ծանօթ է իբրեւ խաւիարի դիւանագիտութիւն:
Ատրպէյճանի աներեսութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ ան Հայաստանի եւ Իրանի հանրապետութիւններէն հողեր պահանջէ, ինչպէս նաեւ զէնք արտադրող ընկերութիւններէն պահանջէ կենդանի փորձարկումներ կատարել հայ զինուորներուն վրայ: Այս պահանջները լուրջի չէին առնուած, մինչեւ որ 27 Սեպտեմբեր 2020-ին Ատրպէյճան Հայաստանի եւ Արցախի դէմ լայնատարած յարձակումի ձեռնարկեց` վստահելով կռուող օտար վարձականներուն: Զինուորական լայնատարած գործողութիւն մը, որ ճանչցուեցաւ իբրեւ 44-օրեայ պատերազմ եւ որուն աւարտը ողբերգական եղաւ Հայաստանի եւ Արցախի համար: Պատերազմին պատճառով ապահովական գօտին փշրուեցաւ եւ Արցախի տարածութեան երեք քառորդը, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն կարգ մը շրջաններ բռնագրաւուեցան: Արձանագրուեցան աւելի քան 4 հազար հայ նահատակներ, եւ ստորագրուեցաւ 9 Նոյեմբերի տխրահռչակ համաձայնագիրը, որուն շրջագիծին մէջ ռուս խաղաղապահ ուժեր տեղակայուեցան շրջանին մէջ:
Ատրպէյճանի շահերը պաշտպանող նոյնիսկ այս համաձայնագիրը յարգանքի չարժանացաւ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մահապատիժի ենթարկեցին տասնեակ հայ զինուորներ, իսկ տասնեակ մը ուրիշներ տակաւին կը մնան գերեվարուած ու կը գտնուին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ: Ատրպէյճանի բանակը տակաւին կը շարունակէ ներթափանցել Հայաստանի մէջ եւ թրքական զօրակցութեամբ կը փորձէ նոր զիջումներ կորզել: Շահագործելով Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին մէջ Ռուսիոյ ներքաշուածութիւնը, Ատրպէյճան ճիգ չի խնայեր բացումը կատարելու թուրանական անցքին, որ Թուրքիան Ատրպէյճանին կը միացնէ` հայկական հողերը օգտագործելով: Այս նպատակով Ատրպէյճան 12 Դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր շրջափակուած կը պահէ Արցախն ու հոն ապրող 120.000 արցախցիները: Արցախի շրջափակումով անկարելի դարձած է արցախցիներուն սննդեղէն, կազ եւ դեղորայք հասցնել՚:
ՍԴՀԿ-ի խօսքը արտասանեց Նարեկ Ղարիպեան, որ անդրադարձաւ Արցախի շրջափակման` իրենք զիրենք ՙբնապահպաններ՚ կոչողներու կողմէ, որոնք խորքին մէջ ոչ մէկ կապ ունին բնութեան կամ անոր պահպանութեան հետ, այլ շատ յստակօրէն Պաքուի քաղաքական գործակատարներն են, որոնք 45 օրէ փակ կը պահեն Բերձորի միջանցքը` արցախահայութիւնը դնելով նոր ցեղասպանութեան մը սպառնալիքին դէմ-յանդիման:
Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին, որ Ատրպէյճան շղթայազերծեց Թուրքիոյ անմիջական միջամտութեամբ եւ մասնակցութեամբ, ան ըսաւ, որ հայութիւնը, ցաւ ի սիրտ, այդ ճակատամարտը կորսնցուց, ունեցաւ տարածքային ու մարդկային կորուստներ, սակայն Էրտողանի վարչակարգը, չբաւարարուելով տարածքային առաւելութեամբ, կը շարունակէ անսահմանափակ աջակցութիւն ցուցաբերել Ատրպէյճանին` ճնշելու Հայաստանի եւ բովանդակ հայ ժողովուրդին, փորձելով լուծել իրենց համար քանի մը ռազմավարական հարցեր: Նարեկ Ղարիպեան այդ հարցերը ամփոփեց 3 հիմնական կէտերու մէջ, որոնց առաջինն էր պարտադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որ Բերձորի միջանցքին դիմաց Հայաստան զիջի Ատրպէյճանին Սիւնիքով անցնող միջանցքը, որ հիմնականօրէն պիտի ծառայէ Թուրքիան կապելու Ատրպէյճանին, ապա Միջին Ասիոյ թրքալեզու պետութիւններուն` այսպիսով իրականացնելու համաթուրանական դարաւոր երազը: Երկրորդ` Թուրքիան պիտի փորձէ ճնշել Հայաստանի եւ հայութեան վրայ, որպէսզի անոնք հրաժարին պահանջատիրական պայքարէն, այսպիսով ձերբազատելով իր նախնիներուն գործած ոճիրի բեռէն ու հետեւանքներէն, իսկ երրորդ` ջլատել Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք միասնութիւնը` տկարացնելու մեր ժողովուրդի դիմադրութիւնը եւ տիրանալու մեր համազգային կամքին:
Այս բոլորէն մեկնելով` Նարեկ Ղարիպեան դիտել տուաւ, որ այսօր հայութիւնը կը գտնուի ճակատագրական այնպիսի անկիւնադարձի մը վրայ, որ նման է անցեալ դարասկիզբի զարգացումներուն, երբ կրկին հայութիւնը առանձին էր, իսկ թշնամին կը սպառնար ոչնչացնել ամբողջ Հայաստանը:
ՙՃիշդ է, որ այսօր մենք հաւաքուած ենք զօրակցելու եւ գրկելու Արցախի հայութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ մենք` իբրեւ ազնիւ լիբանանցիներ, հաւաքուած ենք մեր քաղաքացիական պարտքը կատարելու լիբանանեան հայրենիքին հանդէպ եւ զայն պաշտպանելու սիոնաթուրանական դաշինքի վտանգէն՚, ըսաւ ան` դիտել տալով, որ մենք լիբանանցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ պիտի պաշտպանենք Լիբանանը այս ցեղապաշտ ու ծաւալապաշտ ծրագիրի վտանգներէն:
Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ պահը ներքին նեղ հաշիւներով զբաղելու պահ չէ, այլ առաւելագոյն միասնականութեան, իրարու հանդէպ զիջողութեան, վստահութեան պահն է, որովհետեւ բոլորս նոյն նաւուն վրայ ենք, իսկ եթէ նաւը ընկղմի, բոլորս ծանրօրէն կը տուժենք, իսկ եթէ փրկուի, բոլորս կը յաղթենք: ՙԱյս հաւաքը միասնականութեան համար ուխտի եւ յառաջիկայի յաղթանակներուն սկզբնակէտ թող ըլլայ: Մէկ բռունցք, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայութիւն: Կեցցէ՛ Սփիւռք-Հայաստան-Արցախ միասնականութիւնը՚, եզրափակեց Նարեկ Ղարիպեան:
Ապա Ազգային Միացեալ վարժարանի վարչական տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեան կարդաց Հայկական երեսփոխանական պլոքին ջանքերով Լիբանանի Արտաքին գործերու նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որ կը վերաբերի Բերձորի միջանցքին:
Աւարտին լիբանանահայ խումբ մը երգիչներ մեկնաբանեցին ՙՀայեր միացէ՛ք՚ երգն ու ՙՍարդարապատ՚ յաղթերգը:
ՊԵՔԱԱՅԻ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ԱԼ ԶՕՐԱԿՑԵՑԱՒ ԱՐՑԱԽԻՆ
Երէկ` Չորեքշաբթի, 25 յունուար 2023-ին, կէսօրուան ճիշդ ժամը 12:00-ին, այն պահուն, երբ Պուրճ Համուտի մէջ լիբանանահայութեան բոլոր հատուածները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին Արցախին եւ կը պահանջէին Բերձորի միջանցքին վերաբացումը, Այնճարի մէջ եւս տեղի ունեցաւ նմանօինակ զօրակցական հաւաք:
Արդարեւ, Այնճարի եւ Զահլէի հայութիւնը համախմբուեցաւ Այնճարի մէջ` բողոքելու համար Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ: Այնճարի հայութիւնը կէսօրուան ժամը 12:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00 դադրեցուցած էր ամէն տեսակի աշխատանք, խանութները փակ էին: