Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

March 4, 2023
in Տնտեսական
0
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

 

 

ԼԻԲԱՆԱՆ

ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԸ

Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը հարուածեց պետական կրթական համակարգը: Կառավարութիւնը բաւարար դրամ չունենալով վճարելու պետական ուսուցիչին աշխատավարձի յաւելում, այդ ուսուցիչը դիմեց գործադուլի, սառեցնելով ամբողջ համակարգը: Եթէ նկատի առնենք, թէ տնտեսական պատճառներով պետական հատուածի դպրոցները կը կրէին մեծ բեռ միջինէն վար եկամուտ ունեցող ընտանիքներու զաւակներու կրթութեան մէջ, այսօր արդէն այդ վարժարանները դադրած են կատարելէ այդ կարեւոր դերը:  Լիբանան, որ ժամանակին կը համարուէր միջին դասակարգի երկիրը եւ կրթութեան օրրան, կամաց-կամաց կը մխրճուի անզօրութեան ու տգիտութեան տիղմին մէջ: Ցաւ ի սիրտ: Ժամանակին, երբ կառավարութիւնը պարտքով երկիր կը դարձնէր, չէր գիտե՞ր թէ օր մը պիտի հասնի այս վիճակին: Ղեկավարներու անհոգութիւնը եւ ընտրողներու հաշիւ չպահանջելը երկիրը հասցուցին այս վիճակին:

 

 

ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ՍՂԱՃ ԵՒ ԱՐՑԱԽ

Հայաստանի մէջ սղաճը կը պատճառէ ընտանիքներու ապրուստի անկում: Հայկական դրամին փոխարժէքը տոլարի դիմաց բարձրացաւ Ուքրանիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր, որովհետեւ ռուս քաղաքացիներ տոլար մտցուցին երկիր: Կը սպասուէր ապրանքներու գինի փոքր սղաճ, սակայն եղածը աւելի էր սպասուածէն: Ներկայիս սղաճը պատճառ կը դառնայ որ ընտանիքներ ստիպուին սահմանափակել իրենց ուտելիքը եւ գնումները, գինի յաւելումի պատճառով: Վարձքերու յաւելումն ալ պատճառ դարձաւ որ շատ մը սփիւռքահայեր ձգեն երկիրը եւ վերադառնան իրենց երկիրները: Կառավարութեան առած քայլերըª զսպելու համար սղաճը, ցարդ չտուին պէտք եղած արդիւնքը:

Արցախի շրջափակումին պատճառով կը նկատուի ոռոգման ջուրի պակաս: Ելեկտրականութիւն արտադրելու համար Սարսանդի ջրամբարի ջուրը օգտագրծուած է եւ ոռոգման ջուրի պակաս կը զգացուի ներկայիս: Այս վիճակէն պիտի ազդուին նաեւ ատրպէյճանցի հողագործները, որոնք ամառը ոռոգման ջուրի պակաս պիտի ունենան, շնորհիւ իրենց կառավարութեան վարած հակահայ քաղաքականութեան:

 

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ

ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ ԵՒ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ օգտուեցաւ երկրաշարժին պատճառով արաբական շատ մը երկիրներու Սուրիա կատարած այցելութենէն: Գալիք օրերը պիտի փաստեն, որ այդ այցելութիւնները մաս կը կազմէին արդէն կայացուած որոշումի մը, թէ միայն մարտավարութիւն էին Սուրիոյ նախագահը համոզելու, թէ պէտք է զիջում կատարէ ստանալու համար արաբական օժանդակութիւն:

Ըստ գիտնականներու, Թուրքիան եւ Սուրիան հարուածած երկրաշարժը մահացու էր, որովհետեւ թեքթոնական շերտերու բախումը հզօր էր, հողին տեսակը թոյլ է եւ շէնքերը շինուած են առանց նկատի առնելու երկրաշարժի նախազգուշական պայմանները: Այս հողամասը կ’իյնայ ափրիկեան, Անատոլիոյ եւ արաբական շերտերու հատման կէտին վրայ: Այս էր հիմնական պատճառը երկաշարժի ուժգնութեան:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, զգալով իր երկրի դիրքին տկարացումը Ափրիկէի իր նախկին գաղութներուն մէջ, պիտի սկսի վարել նոր քաղաքականութիւն մը: Ան պիտի նուազեցնէ իր բանակային ուժերու ներկայութիւնը եւ Ֆրանսայի ներկայութիւնը պիտի դարձնէ աւելի ազդեցիկ: Ֆրանսա քննադատուած էր Մալիի, Պուրքինա Ֆասոյի եւ Կեդրոնական Ափրիկէի Հանրապետութեան ղեկավարներուն կողմէ, թէ անյաջող պայքար մղեցին ՙԻսլամական Պետութեան՚ զինեալներու դէմ եւ շարունակեցին իրենց անուղղակի գաղութատիրութեան քաղաքականութիւնը, այդ երկիրներու բնական պաշարը գնելով շուկայէն ցած գինով: Ռուսիա փակեց ապահովական բացը եւ այդ երկիրներուն ապահովեց յարմար գինով հացահատիկ ու այլ ապրանքներ:

 

ԱՍԻԱ

ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՊԱՇԱՐՈՒՄ

Չինաստան-ԱՄՆ բախումը Խաղաղական ոՈվկիանոսի Հարաւային Չինաստանի ծովու շրջանին մէջ մագլցում կ’արձանագրէ: Թայուանը, Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան որպէս խարիսխներ գործածելով, ԱՄՆ կը զարգացնէ ծովային պաշարումը Չինաստանի նկատմամբ: Այդ երկիրներուն աւելցաւ Ֆիլիփինը, որ կեդրոնական, ռազմավարական դիրք ունի: Երկրի հիւսիսային Քակայան նահանգին մէջ խարիսխ մը եւս տրուեցաւ ԱՄՆ-ին: Այս խարիսխը միայն 400 քիլոմեթր հեռու է Թայուանէն: Ներկայիս ԱՄՆ ունի ինը խարիսխներ Ֆիլիփինի մէջ: ԱՄՆ կ’օգտագործէ Չինաստանէն վախցնելըª այդ երկիրները իր դաշինքին մէջ պահելու համար:

 

 

ԵՒՐՈՊԱ

ԱՆԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՕՆՆԵՐ

Ուքրանիոյ մէջ ծագած պատերազմը ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Եւրոպայի տնտեսութեան վրայ: Պատժամիջոցներու պատճառով կարգ մը ապրանքներու շուկայէն կորսուիլը բարձրացուցին անոր գինը, սղաճի դուռ բանալով: Քարիւղի եւ կազի գիները բարձրացան Ռուսիոյ նկատմամբ առնուած պատժամիջոցներուն պատճառով: Ուքրանիոյ արտադրած հացահատիկին, պարարտացուցիչներու եւ կարգ մը մետաղներու կորսուիլը շուկայէն, ունեցաւ իր ժխտական ազդեցութիւնը Եւրոպայի շատ մը երկիրներու տնտեսութեան վրայ:

Եւրոպայի տնտեսական հսկանª Գերմանիան, դադրեցուց ռուսական կազի վրայ վստահելու իր քաղաքականութիւնը: Երկիրը սկսաւ այլ աղբիւրներէ ստանալ իր բնական կազը: Գալիք օրերուն, Գերմանիոյ ղեկավարութեան կը սպասեն ճակատագրական որոշումներª բանակի ամավարկը աւելցնելու եւ երկրին տնտեսութիւնը զարգացնելու միջոցներ կիրարկելու: Ըստ մասնագէտներու, երկիրը պէտք է ներդրում կատարէ ուժանիւթի հատուածին մէջ 1000 միլիառ տոլար մինչեւ 2030 թուական, քայլ պահելու համար ուժանիւթի աւելցող գինին հետ:

ԱՄՆ-ի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ճոն Քիրպի ընդունեց, որ Ռուսիան կրցաւ դիմանալ Արեւմուտքի պատժամիջոցներուն: Քիրպի ընդունեց, թէ մէկ տարի անց, Ռուսիա կրցաւ ցոյց տալ դիմադրութիւն Արեւմուտքի պարտադրած պատժամիջոցներու, սակայն ան որքան կրնայ դիմանալ, այս է հարցումը, ըստ Քիրպիի: 2022 թուականին, Ռուսիոյ տնտեսութիւնը անկում արձանագրեց 2.1 առ հարիւր համեմատութեամբ միայն, մինչ նախատեսուած էր 10 առ հարիւրի շուրջ անկում:

 

 

ԱՄՆ

ԺԽՏԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇՆԵՐ

Քանի մը ժխտական ցուցանիշեր կ’երեւին ԱՄՆ-ի տնտեսական համակարգին մէջ: Օհայօ նահանգին մէջ տեղի ունեցած շոգեկառքին շարքէ ելլելը առաջին դէպքը չէ: Տարիներ առաջ մեր յօդուածներէն մէկուն մէջ ակնարկած էինք, որ ԱՄՆ-ի ենթակառուցուածքըª ճամբաներ, շոգեկառք, կամուրջներ նորոգութեան պէտք ունին: Այս դէպքը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ մեր ըսածին իրաւացի ըլլալը: Երկրին ամբողջ ենթակառոյցը նորոգութեան պէտք ունի, սակայն ամավարկի բացը առիթ չի տար որ ծախսուի այդ նպատակին համար:

ԱՄՆ-ի մէջ վայրագութեան յաւելումը կարգ մը քաղաքներ մղած է իրիկնային շրջագայութեան արգելք հաստատելու 16 տարեկանէն վեր պատանիներու համար: Հակառակ այս իրականութեան, տակաւին ոճիրներու թիւը կը մնայ բարձր: Ըստ մասնագէտներու, աւելի խորունկ վերլուծում պէտք է կատարել գիտնալու համար ոճիրի հիմնական պատճառները:

Ամերիկեան ՙՄորկըն Սթէնլի՚ դրամատան մեծ մասնագէտներէն Մայք Ուիլսըն յայտնեց, որ ամիսներու ընթացքին կը սպասուի բաժնետոմսերու գինի 25 առ հարիւր անկում: 2022-իՙն ՙՏաու Ճոնզ՚ նուազած էր 8.8 առ հարիւր համեմատութեամբ, ՙS&P 500՚ըª 19.4 առ հարիւր եւ ՙNasdaq Composite՚ըª 33.1 առ հարիւր: Կեդրոնական դրամատան կողմէ պարտքի տոկոսի յաւելումը, զսպելու համար սղաճը, իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ բաժնետոմսերու գինին վրայ: Հակառակ բոլոր առնուած քայլերուն, տակաւին սղաճը կը մնայ 5.4 առ հարիւրի սահմանին մէջ, որ կը համարուի բարձր, զարգացած տնտեսութեան մը համար:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ

ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՒԺԸ

Անցեալ շաբաթ, առաջքը առնելու համար մեծ մագլցումի մը Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ, նաեւ հիւլէական զէնքի գործածութեան սպառնալիքը չէզոքացնելու համար, Չինաստան ներկայացուց 12  կէտերէ բաղկացած իր առաջարկըª Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմը դադրեցնելու համար: Չինաստան տնտեսական աճի եւ բարօրութեան հաւատացող պետութիւն է: Շատ լաւ կը հասկնայ, թէ պատերազմը լուծում չի բերեր երկիրներու միջեւ տարակարծութիւններուն: Նաեւ կը վախնայ Ուքրանիոյ պատերազմը երկար տեւելու վտանգաւոր հետեւանքներէն: Ուրեմն այս 12 կէտերը կը  ներկայացնէ որպէս միջին լուծում:

Երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը անձեռնմխելի է, ըլլան անոնք փոքր թէ մեծ: Երկու չափ-երկու կշիռի քաղաքականութիւնը անընդունելի է: Պաղ պատերազմի մտածելակերպէն պէտք է ձերբազատուիլ: Չընդլայնել ապահովական պլոքներ ուրիշ երկիրներու ապահովութեան հաշւոյն: ՆԱԹՕ-ի ընդլայնումին կ’ակնարկուի այստեղ: Պատերազմի դադրեցում անմիջապէս: Վերսկսիլ խաղաղութեան բանակցութիւններու: Մարդասիրական հարցերու լուծում ՄԱԿ-ի օժանդակութեամբ: Պաշտպանել քաղաքացիները եւ պատերազմի գերիները: Պահպանել հիւլէակայանները ապահով վիճակի մէջ: Հիւլէական զէնքի գործածութիւնը պէտք է արգիլուի: Դիւրացնել հացահատիկի արտածումը ՄԱԿ-ի օժանդակութեամբ: Դադրեցնել միակողմանի պատժամիջոցներու օգտագործումը որպէս ճնշումի միջոց երկիրներու վրայ: Միայն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իրաւունք ունի պատժամիջոցներ սահմանելու: Արտադրութիւնը եւ ապրանքի փոխադրութիւնը հեռու պէտք է մնան քաղաքական ճնշումի հաշիւներէª աշխարհի տնտեսութեան չվնասելու համար: Պատրաստակամութիւն պէտք է յայտնել վերակառուցելու համար պատերազմէն վնասուած շրջանները:

 

 

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ

ՊԱՐՏՔԻ ՏՈԿՈՍ (Prime rate)

Պարտքի տոկոսը այն գումարն է, որ դրամատունը կը գանձէ ձեզի փոխ տուած գումարին համար: Այսինքն, եթէ ձեզի փոխ տրուած գումարը 100  տոլար է եւ պարտքի տոկոսը 7 առ հարիւր է, ուրեմն ձեր վերադարձնելիք գումարը 100 + (100 x 7 /100)  =  107 տոլար է: Այս տոկոսը ընդհանրապէս Կեդրոնական դրամատան տոկոսէն 3 առ հարիւր աւելի կ’ըլլայ: Այսինքն, դրամատուներ երբ իրարու պարտքի դրամ պիտի փոխանցեն, իրենց միջեւ տոկոսը կ’ըլլայ շուրջ 4 առ հարիւր: Ուրեմն, երբ Կեդրոնական դրամատունը պարտքի տոկոս կը հաստատէ, այդ տոկոսը դրամատուներուն համար է: Յաճախորդին վճարելիք տոկոսը անկէ 3-4 առ հարիւր աւելի է:

 

 

Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

 

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԵՐ ՉԵՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ.

Next Post

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԴԱՏԻՆ

Next Post
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԴԱՏԻՆ

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԴԱՏԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.