Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԵՐ ՉԵՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ.

ԱԳՆ-Ն ՄԵԿՆԱԲԱՆԱԾ Է ԱՐՑԱԽԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

March 4, 2023
in Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԵՐ ՉԵՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ.

 

 

Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործերու նախարարութիւնը մեկնաբանած է Մարտ 1-ին Արցախի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարին միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացած հերթական հանդիպումը` նշելով որ անյետաձգելի հարցերու լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար:

Արցախի Արտաքին գործերու նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ նշուած է. ՙՀանդիպման ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական բնոյթի հարցեր` Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անյապաղ բացման անհրաժեշտութեան ծիրին մէջ: Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն միջեւ տարբեր մակարդակով նման հանդիպումներ կայացած են բազմիցս` տեխնիկական, մարդասիրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերու քննարկման նպատակով:

Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական կարգավիճակին վերաբերող հարցեր հանդիպման մասնակիցները չեն քննարկած: Հանդիպման բերումով ատրպէյճանական կողմին կատարած մեկնաբանութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ: Արցախի Հանրապետութիւնը կը պահպանէ յանձնառութիւնը իր ժողովուրդին` ինքնորոշման եւ անկախութեան ուղիի ընտրութեան, որն ամրագրուած է 1991 թուականի հանրաքուէի ժամանակ:

Անյետաձգելի հարցերու լուծման, մասնաւորապէս, Արցախի ապաշրջափակման նպատակով կազմակերպուող նմանատիպ քննարկումները չեն կրնար փոխարինել լիարժէք խաղաղ բանակցութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման համար: Կ՛ելլենք միջազգային միջնորդական ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութենէն` որպէս խաղաղ գործընթացի անշրջելիութեան կարեւոր երաշխիք: Կրկին կ՛ընդգծենք, որ Արցախի Հանրապետութեան դիրքորոշումը առ այն, որ Ատրպէյճանի կողմէ ուժի եւ ուժի սպառնալիքի ապօրինի կիրառման արդիւնքները չեն կարող մեկնակէտ ըլլալ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման ճանապարհին, կը մնայ անփոփոխ՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է, ՈՐ ԸԼԼԱՅ ՈՐԵՒԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ, ՈՒ ԱՅԴ ՊԱՏՇԱՃ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՌՆՈՒԻ՚

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post
ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.