Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԴԱՏԻՆ

March 4, 2023
in Գաղութային
0
ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՅԱՏՈՒԿ ՁԵՌՆԱՐԿ ՄԸ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿԱՐՏԻՆԱԼ ԱՂԱՃԱՆԵԱՆԻ ՍՐԲԱԴԱՍՄԱՆ ԴԱՏԻՆ

 

Ինչպէս ծանօթ է հայ հանրութեան, 2022 թուականի վերջաւորութեան Հռոմի Տիեզերական եկեղեցւոյ շրջանակին մէջ տեղի ունեցաւ Սրբադասման դատին բացումը Աստուծոյ ծառայ կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեանի, որ կը հանդիսանայ 20-րդ դարու հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ազգի ամենամեծ դէմքերէն մէկըª նաեւ Լիբանանի եւ համաշխարհային քրիստոնէական հանրութեան մէջ իր նշանակալի նուաճումներով: Գործակցութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, սկիզբ առած են կարտինալի Սրբադասման դատի վկաներուն հարցաքննութիւնները, որոնց առաջին փուլը Լիբանանը հանդիսացաւ այս տարուան Յունուարին£

Այս առիթով, եւ ընթացող զարգացումներուն աշակերտութիւնը իրազեկուած պահելու համար, 2 Մարտին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ մը, որոնց մասնակցեցան միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներըª առանձնաբար:

Խօսք առին վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ եւ հոգեւոր վարիչ տէր Ռաֆֆի Յովհաննէսեան, որոնք աշակերտներուն բացատրեցին կարտինալ Աղաճանեանի սրբադասման կարեւորութիւնն ու նշանակութիւնը ընդհանրապէս Եկեղեցւոյ եւ յատկապէս հայ ազգին համար: Աշակերտներուն բացատրուեցաւ սրբադասման իմաստն ու ընթացակարգը:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ինչպէս նաեւ ունկնդրուեցաւ զեկոյց մը` աշակերտներու ներկայացմամբ, որոնց ընդմէջէն ներկայ աշակերտները ծանօթացան կարտինալ Աղաճանեանի հարուստ կենսագրութեանª սկսեալ ծննդավայր Ախալցխայէն, անցնելով Լիբանանէնª որպէս կաթողիկոս պատրիարք Տանն Կիլկիկիոյ կաթողիկէ հայոց եւ հասնելով մինչեւ Հռոմª եկեղեցական կարեւոր պաշտօններու մէջ:

Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Խաչիկ Գույումճեան ընթերցեց հատուած մը երաշնորհ հայրապետի հոգեւոր կտակէն, իսկ աւարտին ներկաները հաւաքաբար աղօթեցին վասն սրբադասման երջանկայիշատակ կարտինալ Գրիգոր Աղաճանեանի:

 

 

Տեղեկատուական Գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Next Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՀԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.