Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է, ՈՐ ԸԼԼԱՅ ՈՐԵՒԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ, ՈՒ ԱՅԴ ՊԱՏՇԱՃ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՌՆՈՒԻ՚

ԸՍԱԾ Է ՓԱՇԻՆԵԱՆ

March 4, 2023
in Հայաստան
0
ՙԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է, ՈՐ ԸԼԼԱՅ ՈՐԵՒԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ, ՈՒ ԱՅԴ ՊԱՏՇԱՃ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՌՆՈՒԻ՚

 

Փտածութեան դէմ պայքարը Հայաստանի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող հարց է, չի կրնար ըլլալ փտածութեան որեւէ դէպք, որուն քննութիւնը պատշաճ ընթացք չստանայ:

Այս մասին վստահեցուց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանª ըսելով. ՙՓտածութեան դէմ պայքարը Հայաստանի համար սկզբունքային նշանակութիւն ունեցող հարց է: Եւ մենք այս պայքարին մէջ որեւէ կերպ մեր ջանքերը պիտի չթուլացնենք՚, ըսաւ Փաշինեան:

Ինչ կը վերաբերի ընդդիմութեան կողմէ հրապարակած փաստերուն, որոնք կը վերաբերին փտածութեան դրսեւորումներուն` վարչապետը վստահեցուց, որ այդ փաստերով եւս կը հետաքրքրուին իրաւապահ մարմինները:

ՙՊէտք է վստահեցնեմ, որ չի կրնար ըլլալ փտածութեան որեւէ դէպք, որուն քննութիւնը պատշաճ ընթացք չստանայ: Բացառուած է, որ ըլլայ որեւէ փտածութեան դէպք ու այդ դէպքը պատշաճ մակարդակով քննութեան չառնուի՚, ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը նկատեց, որ փտածութիւնը, առաջին հերթին, կը կապուի պետական կառավարման, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, դատական եւ այլ համակարգերու հետ: Վարչապետ ընդգծեց, որ իր դիրքորոշումը կը շարունակէ մնալ շատ յստակ` հանրային կառավարման ոլորտին մէջ, դատական համակարգին մէջ պէտք է աշխատավարձերու էական բարձրացում տեղի ունենայ:

ՙՉի կրնար ըլլալլ, որ մենք մէկ կողմէ ըսենք` եկէք պայքարինք փտածութեան դէմ, ըսենք որ պետական մարմինները թող որակեալ ծառայութիւններ մատուցեն ու ըսենք որ, օրինակ, նախարարութիւններուն մէջ պէտք է ըլլայ 90 կամ 110 հազար դրամով աշխատող մասնագէտ: Միւս կողմէ ալ ակնկալենք, որ գործերը արագ ու լաւ որակով ընթանան: Այս առումով մենք 2018 թուականին ընդունուած հակափտածութեան ռազմավարութիւն իրականացուցած ենք ու հիմա նոր ռազմավարութեան մշակման փուլին մէջ կը գտնուինք՚, ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետին համոզմամբ` ամենամեծ խնդիրը քրէական մտածողութիւնն է, փտածութեան, յանցաւորութեան համար քրէական մտածողութենէն աւելի պարարտ հող ուղղակի չկայ: ՙՄենք քրէական մտածելակերպէն պէտք է անցում կատարենք օրէնքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ՚, եզրափակեց վարչապետը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՆՉ ՕՐՍ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ Է 173 ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՁ, 422 ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԴԻԵՐ

Next Post

ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԵՐ ՉԵՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ.

Next Post
ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԵՐ ՉԵՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ.

ԱՐՑԱԽԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԻ ՀԱՐՑԵՐ ՉԵՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.