Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՆՉ ՕՐՍ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ Է 173 ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՁ, 422 ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԴԻԵՐ

ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԱԱԾ-ԷՆ

March 4, 2023
in Հայաստան
0
ՄԻՆՉ ՕՐՍ ԳԵՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ Է 173 ԶԻՆՈՒՈՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԱՆՁ, 422 ԶՈՀՈՒԱԾ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒ ԴԻԵՐ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովի աշխատանքներուն վերաբերեալ տեղեկատուութիւն տարածած է:

Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ գերիներու, պատանդներուի եւ անհետ կորսուած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովը ձեւաւորուած է ՀՀ վարչապետի` 2022 թուականի Հոկտեմբեր 20-ի N 1236-Ա որոշմամբ:

Յանձնաժողովին կից գործող աշխատանքային խումբը, բացի ծնողներուն հետ հանդիպումներէն, հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Յանձնաժողովին 2022 թուականի Դեկտեմբեր 19-էն մինչ օրս ներկայացուած է 101 գրաւոր դիմում` անհետ կորսուելու հանգամանքներուն վերաբերեալ տեղեկութիւններ տրամադրելու, իրաւական, առողջապահական, ընկերային բնոյթի հարցադրումներով: Բացի անկէ, եղած են նաեւ բանաւոր դիմումներ: Դիմումներու քննարկման բերումով անոնց մէկ մասին տրուած են անհրաժեշտ լուծումներ, ներկայացուած են պահանջուող տեղեկութիւնները, իսկ միւս մասը ուղարկուած է իրաւասու գերատեսչութիւններուի քննարկման` տեղեկութիւններ, առաջարկներ ներկայացնելու համար:

Գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու հետ կապուած յարաբերութիւններու իրաւական կարգաւորման անհարժեշտութիւնը կարեւորելով` ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան Յանձնաժողովի նախագահին կողմէ յանձնարարուած է մշակել գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած (գտնուելու վայրը անյայտ) անձերու վերաբերեալ օրէնքի նախագիծի հայեցակարգ, իսկ ՀՀ Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերուի նախարարութեան` իրականացնել գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած անձերու ընտանիքներու կարիքներու գնահատում:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն, զօրավար Ա. Աբազեանը կը  շարունակէ պարբերաբար հանդիպումներ ունենալ անհետ կորսուած անձեերու ծնողներու եւ հարազատներու հետ:

44-օրեայ պատերազմին եւ յետպատերազմական իրադարձութիւններուն հետեւանքով Հայաստանի Հանրապետութիւն վերադարձուած են 422 զոհուած հայ զինուորներու դիեր ՙդիակ-մասունք՚, որոնցմէ 225-ը զոհուած են 2022 թուականի սեպտեմբերեան դէպքերու ընթացքին: 2022 թուականի սեպտեմբերեան դէպքերուն հետեւանքով զոհուած 2 հայ զինուորներու դիերու դուրսբերման աշխատանքները կը շարունակուին:

Բացի անկէ, 2022 թուականի Սեպտեմբեր 13-14-ին տեղի ունեցած մարտական գործողութիւններուն հետեւանքով Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքէն` հակառակորդի խոր թիկունքէն, դուրս բերուած են Ջերմուկի զօրամասի 1 սպայ եւ 1 ժամկէտային զինուոր:

Մինչ օրս գերութենէն վերադարձուած է 173 զինուոր եւ քաղաքացիական անձ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԼԻՆՔԸՆ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Next Post

ՙԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է, ՈՐ ԸԼԼԱՅ ՈՐԵՒԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ, ՈՒ ԱՅԴ ՊԱՏՇԱՃ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՌՆՈՒԻ՚

Next Post
ՙԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է, ՈՐ ԸԼԼԱՅ ՈՐԵՒԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ, ՈՒ ԱՅԴ ՊԱՏՇԱՃ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՌՆՈՒԻ՚

ՙԲԱՑԱՌՈՒԱԾ Է, ՈՐ ԸԼԼԱՅ ՈՐԵՒԷ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՊՔ, ՈՒ ԱՅԴ ՊԱՏՇԱՃ ՄԱԿԱՐԴԱԿՈՎ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՌՆՈՒԻ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

March 24, 2023

ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

March 24, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

March 24, 2023

ՄԱՀԱԶԴ

March 24, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.