Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

 

 

 

Կիրակի, 22 Յունուար 2023-ի առաւօտեան, Տխրունի Ուսանողական Երիտասարդական Միութիւնը ոգեկոչեց հնչակեան մեծ գործիչ, գաղափարի նահատակ Սարգիս Տխրունիի մահուան 94-րդ տարելիցը:

Նոր Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն կատարուեցաւ, ներկայութեամբ Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեանի եւ անդամներուն, մասնաճիւղերու եւ յարակից միութիւններու վարչական պատասխանատուներուն, տխրունիական ընկեր-ընկերուհիներու եւ բազմաթիւ համակիրներու:

Սբ. Պատարագէն ետք ներկաները այցելեցին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատունը, ուր պատշաճ ձեւով վերանորոգեցին մեծ երախտաւորին սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու իրենց ուխտը:

Հ.Մ.Մ. Պէյրութի փողերախումբը նուագելէ ետք Լիբանանի, Հայաստանի եւ Կուսակցութեան քայլերգները, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Ղեւոնդ քահանայ Լոշխաճեանի եւ Սբ. Գէորգ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Նարեկ Ա. Քահանայ Հեճինեանի մասնակցութեամբ:

Ս.Դ.Հ.Կ. Տխրունի Ուս. Երիտ. Միութեան անունով խօսք առաւ Միութեան ատենապետ Ընկ. Սեւակ Իզմիրլեան: Ան, վեր առնելէ ետք նահատակ ընկերոջ կեանքը, շեշտեց. ՙ125 տարի առաջ ծնաւ տիպար, գաղափարապաշտ մեծ ուսուցիչ` Սարգիս Տխրունին, որ իր գրիչով, բեմով, դաստիարակչական աշխատանքով լոյս ու յոյս սփռեց իր շրջապատին, ընկերութեան եւ իր պատկանած գաղափարական շարժումին£ Ան կանգնեցաւ ոչ միայն հայ ժողովուրդի, նաեւ արաբ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի կողքին եւ իր քաղաքական գործունէութեան համար ձերբակալուեցաւ եւ աքսորուեցաւ:

Որպէս տխրունիականներ, նուիրումով եւ անսակարկ գործունէութեամբ հետեւորդներն ենք Սարգիս Տխրունիի գաղափարախօսութեան եւ հայրենասիրութեան մեծ դպրոցին£ Այսօր մենք անգամ մը եւս եկած ենք  վերանորոգելու մեր ուխտըª կը ձգտինք մեր Սուրբ հաւատքի ծրագիրներու յաջողութիւնը արձանագրելու յարատեւօրէն£ Նոյն ոգին, նոյն սէրը, նոյն նուիրումն է որ կը խանդավառէ իւրաքանչիւր տխրունիականը, զայն կը մղէ գործի ու զոհողութեանª միշտ բարձր դասելով ազգային շահերը՚:

Ընկերը աւելցուցª ըսելով. ՙԱհա այսօր կանգնած կ՛ուխտենք շարունակել այդ գաղափարախօսութիւնը մինչեւ մեր վրանները լարենք Արարատի փէշերուն:

Կը խոստանանք անշահախնդիր զգացումներով, նուիրուածութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ անկեղծութեամբ կառչած մնալ մեր հայրենիքին եւ ծառայել հայ ժողովուրդին: Քեզմէ սորվեցանք հայրենիքը դասել բոլոր շահերէ վեր, որովհետեւ հայրենիքը կերտելով կ՛ապահովենք հայ ազգին գոյատեւումը եւ յարատեւումը:

Սիրե՛նք եւ պաշտպանե՛նք մեր հայրենիքը ոչ թէ խօսքով, այլ` գործով:

Խունկ ու մոմ մեզմէ առ յաւէտ բաժնուած գաղափարակից ընկերներու եւ ընկերուհիներու յիշատակին՚:

Որմէ ետք ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Տ.Ո.Ե.Մ.-ի անդամ Փաթիլ Փափազեան£

Ոգեկոչման աւարտին տեղի ունեցաւ ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն: Ներկաները մոմ վառեցին անմահ Տխրունիի շիրիմին եւ ապա ՙԱնմահն Տխրունի՚ եւ ՙՈւխտի Հրաւէր՚ երգերով խոստացան շարունակել մեծ նահատակին պատգամները:

 

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Next Post

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Next Post
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.