Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

January 5, 2023
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

 

ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻԼ`

Ի ԽՆԴԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՒ ԱՐՑԱԽԻ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ

 

Տագնապալից պայմաններու մէջ կ’ողջունենք Նոր Տարին: Յուսահատութեամբ ու անորոշութեամբ լեցուն է հայ կեանքը: Ահաւոր վտանգներով շրջապատուած են Հայաստանն ու Արցախը:

Իրատես հայեացքով դիտենք հայ կեանքը: Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ. Հայաստանը դարձեալ դարձած է կռուախնձոր մեծ ուժերու միջեւ: Թշնամին պաշարումի ենթարկած է Արցախը: Ան կը գտնուի նաեւ ինքնիշխան Հայաստանի սահմաններէն ներս` վտանգելով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը: Նոյն թշնամին կը սպառնայ նման կացութիւններ ստեղծել որեւէ ժամանակ` անտեսելով միջազգային օրէնքներն ու մարդասիրական սկզբունքները: Եւ աւելին, Հայաստանը կը մնայ միշտ ենթակայ աշխարհաքաղաքական շահերու բախումին, ինչպէս նաեւ ռազմական միջոցներով քաղաքական շահեր հետապնդելու ճնշումներու:

Փաստօրէն չունինք իրաւ բարեկամներ: Առանձին ենք: Չունինք ազգային ռազմավարութիւն: Չունինք միացեալ ճակատ` ազգին տագնապները միա՛սնաբար դիմագրաւելու: Միայն զիրար կ’ամբաստանենք ու կը մեղադրենք: Յաղթական Արցախը կորսնցուցած է իր ազատագրեալ հողերուն մեծ մասը ու կը դիմագրաւէ գոյութենական խնդիր: Հայաստանը եւս ենթակայ է կորսնցնելու իր գերիշխանութիւնը:

Այս անել կացութեան դիմաց ի՞նչ ընել, որո՞ւ վստահիլ: Պատասխանը յստակ է` մեր դարաւոր պատմութեան հարուստ փորձառութեամբ հաստատուած ու մեր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով թրծուած.- վստահիլ մեր սեփական ուժին: Հո՛ս է մեր հզօրութեան կռուանը, մեր փրկութեան միակ ճամբան: Այլ ընտրանք չունինք:

5-րդ դարուն, մեր պատմութեան ճակատագրական մէկ փուլին, մեր պատմահայրը, Մովսէս Խորենացին դարերէն եկող ու դարերուն գացող յիշեցում մը կատարեց ուղղուած մեր ազգին, ինչպէս նաեւ Հայաստանը շրջապատող կայսրութիւններուն, յայտարարելով` թէեւ փոքր ազգ ենք, սակայն ՙարութեան գործեր՚ով լեցուն է մեր կեանքը: Արդարեւ, մեր ազգը ՙարութեան գործեր՚ով, այլ խօսքով` խոր հաւատքով եւ ազգին ու հայրենիքին համար արիւն թափելու ամուր վճռակամութեամբ հզօրացած հայրենիք կերտեց ու պաշտպանեց` հակառակ պարտադրուած բաժանումներուն, հալածանքներուն ու ցեղասպանութեան: Վկա՛յ մեր դարաւոր պատմութիւնը:

Հետեւաբար, արթննա՛նք այլեւս ժողովուրդ հայոց, պատմական Հայաստանէն մնացած կտոր մը հողը եւս կրնայ մեր ձեռքէն երթալ:

Ներկայ ճակատագրական պայմաններուն մէջ, առաւել քան երբեք, հրամայական է ու անմիջական` համահայկական իտէալներու եւ գերագոյն արժէքներու շուրջ մեր ազգին համախմբումը եւ անոր ազգային յանձնառութեան ամրացումը` քաղաքական հեռատեսութեամբ ու մարտունակ դիւանագիտութեամբ շաղախուած:

Այս պահը ազգային ուխտի վերանորոգման նուիրական պահ է:

Լսենք մեր սուրբերուն աղօթքը ու մեր հայրերուն պատգամը, եւ, հաւատարիմ մեր անցեալի ու ներկայի նահատակներու սրբազան կտակին, համախմբուի՛նք. համախմբուինք Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, որպէս մէկ ազգ, ի խնդիր Արցախի փրկութեան ու Հայաստանի անկախութեան պաշտպանութեան:

Այսօր մեր ազգին ՙարութեան գործ՚ը պէտք է ըլլայ միասնականութիւն ամէն բանէ վե՛ր, մեր ողջ ներուժին ու մարդուժին համախմբումով ու հայոց բանակին վերակազմակերպումով:

Նոր Տարուան սեմին, իր երակներուն մէջ հայու արիւն ունեցող հայը ուրիշ մաղթանք չի կրնար կատարել:

Թող Աստուած անսասան պահէ մեր ազգը ու հզօր` Հայաստանն ու Արցախը:

Թող Աստուած մեր ժողովուրդին առջեւ բանայ սիրոյ ու համերաշխութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան ճամբան:

 

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

1 Յունուար 2023

Անթիլիաս, Լիբանան

 

Share61Tweet38
Previous Post

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Next Post

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Next Post
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.