ՙՊատրիարք Ռահի նկատել տուաւ, որ անհրաժեշտ էր խորհրդակցիլ, նախքան կառավարութեան վերջին նիստի գումարումը՚: Այսպէս յայտարարեց վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի, մարոնիներու պատրիարք Պըշարա Ռահի կարտինալին հետ Պքըրքէի մէջ տեսակցելէ ետք: Միքաթի այսուհանդերձ վերահաստատեց, որ իր որոշումն է պետութեան եւ քաղաքայիններու անհրաժեշտ գործերու ամբողջացումը: ՙՊատրիարք Ռահիին բացատրեցի կառավարութեան վերջին նիստը գումարելու նպատակը, որ չունի կրօնական կամ յարանուանական ենթանպատակներ՚, յստակացուց վարչապետի պաշտօնակատարը: Ան յիշեցուց, որ նիստին ներկայ էին բոլոր յարանուանութիւնները ներկայացնող նախարարներ: