Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

December 8, 2022
in Գաղութային
0
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

 

3 Դեկտեմբերին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց հայոց առաջին լուսաւորիչներ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներուն տօնը: 2014 թուականին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակով տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր: Այդ օրը հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան համար դուրս կը բերուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ պահուող համաքրիստոնէական սրբութիւնը:

Տօնին առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Սուրբ Վարդան մատուռ-մկրտարանին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի թանգարաններու եւ արխիւի տնօրէն հոգեշոնրհ Տ. Ասողիկ աբեղայ Կարապետեանը:

Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Մայր Աթոռի մէջ պաշտօնավարող եպիսկոպոսներ, միաբաններ, հայաստանեան թեմերու առաջնորդներ եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին եկեղեցական թափօրի առաջնորդութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ձեռամբ մատուռ-մկրտարան բերուեցաւ աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը:

Իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը, անդրադարձ կատարելով տօնի խորհուրդին եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան, ի մասնաւորի նշեց. ՙԵկեղեցին գիշեր եւ զօր իր ամբողջ կարողութեամբ Աստուծոյ խօսքը կը բաշխէ մեզ բոլորիս: Ինչպէս դարեր առաջ առաքելական քարոզչութեամբ մեր նախնիները իրենց սրտերը բացին Աստուծոյ լոյսին առջեւ եւ դարձան հետեւորդները Քրիստոսի, այնպէս ալ մենք այսօր հաւատարմօրէն կը հետեւինք Քրիստոս Աստուծոյ, հետեւինք Անոր Սուրբ Եկեղեցիին եւ թոյլ չտանք, որ այս դժուարին օրերուն խաւարը յաղթէ լոյսին՚:

Հայր Ասողիկը յորդորեց անդադար լսել Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պատգամները եւ զանոնք կեանքի կոչել, որպէսզի արժանի ըլլանք Աստուծոյ արքայութեան, որ մեր մէջ է եւ Սուրբ Թադէոս ու Սուրբ Բարդուղիմէոս առաքեալներու բարեխօսութեամբ բարձր պահենք հայոց առաջին լուսաւորիչներու հանդիպումով հայոց աշխարհին մէջ հաստատուած խաչը:

Սուրբ Պատարագի աւարտին Հայոց Հովուապետը ՙՊահպանիչ՚ աղօթքով եւ հրաշագործ Սուրբ  Գեղարդով օրհնեց ներկայ ժողովուրդը, ապա հաւատացեալներուն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ երկրպագելու եւ համբուրելու համաքրիստոնէական սրբութիւնը:

Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդը Մայր Աթոռի մարտուռ-մկրտարանին մէջ մնաց մինչեւ Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎ

Next Post

ՄԻՔԱԹԻ. ՙՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ՚

Next Post
ՄԻՔԱԹԻ. ՙՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ՚

ՄԻՔԱԹԻ. ՙՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.