Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՅՐ ԵՐԱԿԻ ՓԱԿՈՒՄ

December 13, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՐՑԱԽԻ ՄԱՅՐ ԵՐԱԿԻ ՓԱԿՈՒՄ

 

 

Արցախեան առումով երէկ վերստին լուսարձակի տակ անցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը Հայաստանին կապող միակ` Լաչինի ճամբան, ուր դարձեալ տեղի ունեցան ատրպէյճանական խափանարար արարքներ, որոնց պատճառով ժամեր շարունակ փակ մնաց մայրուղին: Միջադէպը տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար Մեծ շէն, Հին շէն եւ Եղցահող գիւղերուն մօտ, որոնց մայրաքաղաքին հետ կապը անջատուեցաւ: Արցախի Ներքին գործերու նախարարութիւնը ահազանգեց այդ մասին եւ նշեց, որ հարիւրաւոր ճամբորդներ ճամբուն վրայ արգելափակուած են իրենց ինքնաշարժներուն մէջ, մինչ շարք մը արցախցիներ վերադարձած են Գորիս:

Հայաստանի մարդկային իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեանի հիմնադրամը եւս ահազանգեց,որ Արցախը Հայաստանին կապող ճամբան փակուած է ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կազմակերպմամբ:

Նշենք, որ ատրպէյճանցի ՙկենսոլորտի պաշտպաններ՚ երէկ դարձեալ հաւաքուեցան ճամբուն վրայ եւ զայն փակեցին` ռուս խաղաղապահներու անմիջական ներկայութեամբ: Ատրպէյճանցիները շուտով վրաններ լարեցին եւ պահանջեցին տեսակցիլ խաղաղապահներուն հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան համոզում յայտնեց, որ խաղաղապահ զօրակազմը անհրաժեշտ գործիքներուն կը դիմէ` կանխելու համար հակառակորդի խափանարար արաքները: Արցախի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները միացեալ յայտարարութեամբ մը ռուս խաղաղապահներուն կոչ ուղղեցին աւելի կոշտ միջոցներով կանխելու ատրպէյճանցիներուն արարքները: Իսկ նախագահի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան հաւաստիացուց, որ զիջումներ պիտի չըլլան ատրպէյճանական ճնշումի նմանօրինակ միջոցներուն դիմաց: Իսկ Արցախի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ահազանգեց, որ թշնամիի արարքներուն պատճառով 120 հազար հայ ենթակայ է ցեղասպանութեան վտանգին:

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ եւ արծարծեց Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած խնդիրները, ինչպէս նաեւ լուծումի միջոցները: Փաշինեան կարեւորեց, որ անխափան կապ ապահովելու ուղղութեամբ ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը իրականացնէ հետեւողական քայլեր: Փութին նաեւ զրուցեց իր ատրպէյճանցի պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ` քննարկելու համար եռակողմանի համաձայնութիւններու կատարումը: Իսկ ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց խստօրէն դատապարտելու ատրպէյճանական գործողութիւնները Արցախի մէջ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՔԱԹԻ. ՙՄԵՐ ՈՐՈՇՈՒՄՆ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ՚

Next Post

ՙՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՚

Next Post
ՙՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՚

ՙՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐԵԼՈՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.