Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԸՆԿ. ՎԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԴԱՆԱԼ»

December 6, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
ԸՆԿ. ՎԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԴԱՆԱԼ»

«Միայն Աստուած կրնայ փրկել Լիբանանը, իսկ Աստուած ալ չի խառնուիր նման հարցերու»: Լիբանանի այսօրուան վիճակը այսպէս բնութագրեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վանիկ Տագէսեան, Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի ընկերութեան առաջին ալիքին (Հ1) տրուած հարցազրոյցի ընթացքին: Պատասխանելով լիբանանեան տեղական զարգացումներուն մասին հարցումի մը, Ընկ. Տագէսեան բացատրեց, որ ըլլալով յարանուանական հաւասարակշռութիւններու եւ համախոհութիւններու վրայ հիմնուած պետութիւն, Լիբանանի նախագահը պէտք է ըլլայ մարոնի քրիստոնեայ եւ ընտրուի խորհրդարանին կողմէ, սակայն այդ ենթակայ է ներքին համախոհութեան, նաեւ արեւելեան ու արեւմտեան ուժերու համաձայնութեան: «Սակայն այս տարի կայ նոր բարդոյթ մը՝ Մայիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններուն ընտրուած անկախ երեսփոխաններու դրութիւնը, որովհետեւ այդ երեսփոխանները կողմնորոշուելու դժուարութիւն ունին», ըսաւ Վարիչ Մարմինի ատենապետը, բացատրելով թէ ինչու կարելի չէ եղած ընտրել երկրի նոր նախագահը: Ան ներկայացուց քաղաքական գլխաւոր երկու խմբաւորումներուն՝ «արեւմտամէտ» կամ «գերիշխանական» ուժերուն եւ «իրանամէտ, դիմադրութեան կողմնակիցներուն» տարակարծութիւններն ու թեկնածուները՝ մէկ կողմէ՝ Միշէլ Մուաուատ, միւս կողմէ՝ առճակատում Սլէյման Ֆրանժիէի եւ Ժըպրան Պասիլի միջեւ, ինչ որ կը խափանէ նախագահի ընտրութեան նիստերը: Դիտել տալով, որ Լիբանանի մէջ նախագահական աթոռի դատարկութեան առաջին պարագան չէ այս, Ընկ. Վանիկ Տագէսեան ծիծաղելի համարեց, որ պաշտօնակատար կառավարութիւնը իրաւունք չունի կայացնելու կարեւոր որոշումներ, այլ միայն կրնայ զբաղիլ ընթացիկ հարցերով: «Այս վիճակը կրնայ երկար շարունակուիլ եւ բնականաբար ծանր վիճակի մէջ գտնուող երկրին վիճակը աւելի կրնայ բարդանալ: Ես չեմ պատկերացներ այս երկրին նմանող այլ երկիր մը, ուր ղեկավարները օտար երկիրներու գործակալներ են, իսկ ժողովուրդը համակերպող եւ անհոգ», ցաւ յայտնելով ահազանգեց Ընկ. Վանիկ Տագէսեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԱՐԱՐԱՏ՚ 85 ՏԱՐԵԿԱՆ

Next Post

Ս.Դ.Հ.Կ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

Next Post
Ս.Դ.Հ.Կ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

Ս.Դ.Հ.Կ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ՄՕՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

ՀԱՅ-ԹՐՔԱԿԱՆ ԶՐՈՅՑ

June 9, 2023
ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

ՀԱԿԱՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ՈՒՔՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

June 9, 2023
ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

ԱՈՒՆ ԱՍԱՏԻ ՄՕՏ

June 9, 2023
ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

ԲԱՆԱԿԸ ՊԱՏՆԷՇԻ ՎՐԱՅ

June 9, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.