Ararad Daily
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily
No Result
View All Result

ՙԱՐԱՐԱՏ՚ 85 ՏԱՐԵԿԱՆ

November 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0

 

Հանրօգուտ եւ ազգանուէր ՙԱրարատ՚ կը տօնէ իր 85-ամեակը: Սփիւռքահայ հայատառ մամուլի արժանաւոր ներկայացուցիչը իր մարտահրաւէրն է որ կը շարունակէ: Մարտահրաւէր կ՛ըսեմ, քանի որ ներկայ տիրող տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական պայմաններու տակ արեւմտահայերէնով օրաթերթ հրատարակել իսկապէս հերոսական արարք է:

Ո՞վ է ըսեր, թէ արեւմտահայերէնը հոգեվարք կ՛ապրի, ո՞վ է ըսեր, որ լիբանանահայ քաղաքական բարդ միջավայրի մէջ հայատառ մամուլը իր տեղը չունի£ Ապացոյց կ՛ուզէ՞ք, բացէք ամէն առաւօտ գունազարդ, գրեթէ անթերի տպագրական որակով լոյս տեսնող օրաթերթը, ստանալու համար տեղեկութիւններ` լիբանանեան ներկայ քաղաքական անցուդարձերէն, տեղեկանալու համար հայաստանեան վերջին լուրերուն, պատմական, աշխարհագրական թղթածրարներուն, մարզական ազգային թէ միջազգային հանդիպումներու ամենաթարմ արդիւնքներուն: Դեռ չէ՞ք բաւարարուած, ուրեմն կարդացէք մշակութային եւ գիտական յօդուածները: Ահաւասիկ օրաթերթ մը, որ բծախնդրօրէն եւ ամենայն հետեւողականութեամբ կը գոհացնէ բոլոր այն ազգակիցներն ու հայրենակիցները, որոնք դեռ կը խօսին, կը կարդան եւ կը հաղորդակցին հայերէն: ՙԱրարատ՚ բոլոր այս զանգուածին կողմէ իրեն վստահուած առաքելութեան ջահակիրն է:

Թէպէտ քիչ մը ծամծմուած է բանաձեւը` թէ ՙորպէս հայ ապրիլն ու գոյատեւելը՚ զոհողութիւն եւ ջանք կը պահանջէ ու կը պարտադրէ: Կ՛ուզէի աւելցնել նաեւ հաւատքը. հայը պէտք է որ  հաւատայ իր ապագային, իր մշակութային ներուժին, նաեւ մարդկային արժէքներուն: Հապա հայատառ մամուլի նուիրեալ անձը՞. ան պարտի յաւելեալ ջանք, աշխատութիւն եւ մանաւանդ զոհողութիւն ի գործ դնել, իր սուրբ առաքելութիւնը շարունակելու համար£

ՙԱրարատ՚-ի խմբագրական կազմը վեր է ամէն գնահատանքէ, վերեւ յիշուած հրամայականները յաղթահարելու աննկուն ճիգերուն եւ մղուած յարատեւ պայքարին համար£  85-ամեայ  ՙԱրարատ՚-ի խմբագրական կազմին բարի երթ եւ անսահման համբերութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք:

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

 

Share62Tweet39
Previous Post

   85-ԱՐԱՐԱՏ-85 ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՎ

Next Post

ԸՆԿ. ՎԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԴԱՆԱԼ»

Next Post
ԸՆԿ. ՎԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԴԱՆԱԼ»

ԸՆԿ. ՎԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԻՃԱԿԸ ԿՐՆԱՅ ԱՒԵԼԻ ԲԱՐԴԱՆԱԼ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՅԱՑԱՒ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

July 8, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.

January 26, 2023
ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

ԳԱՂԱՓԱՐԻ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍԱՐԳԻՍ ՏԽՐՈՒՆԻԻ ՄԱՀՈՒԱՆ 94-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

January 26, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ

January 5, 2023
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՈՒՂԵՐՁԸ

January 5, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily, Member of the Social Democrat Hunchak Party.