Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

November 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0

 

Հաւատալով  մամուլի ամենազօր ուժին եւ ազդեցութեան, Եւրոպայի մէջ որ 17-րդ դարուն առաջին թերթը լոյս կը տեսնէր, իսկ մեր պարագային` աւելի քան 225 տարի առաջ  1794 թուականին, Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքին մէջ տեսիլք ունեցող քահանայ մը` Յարութիւն  քահանայ Շմաւոնեան, իր ՙԱԶԴԱՐԱՐ՚ ամսագրով  ճանապարհ կը բանար հայ մամուլի փառաւոր պատմութեան:

Այդ թուականէն մինչեւ այսօր 225 տարիներու ընթացքին, հայ ժողովուրդի նուիրեալ անհատներ, քաղաքական, մշակութային, մարզական, բարեգործական եւ եկեղեցական կազմակերպութիւններ լոյս ընծայած են մօտաւորապէս 4000 հայկական տեսակաւոր թերթեր:

Բազմիցս գրուած ու խօսուած է մամուլի խիստ կարեւոր դերակատարութեան մասին, անոր հասարակական, քաղաքական պայքարի հզօր զէնքի, լուսաւորութեան, գիտելիքներու  հարստացման ու տարածման, մշակոյթի զարգացման, աշխարհայեացքի ձեւաւորման եւ մանաւանդ հայոց պահանջատիրութիւնը հետապնդելու կարեւոր օղակ հանդիսանալուն: Մէկ խօսքով հայ մամուլը եղաւ դպրոց համալսարան:

Մեր օրերուն ընդհանրապէս մամուլը իրմէ ակնկալուած պարտականութիւններն ու պարտաւորութիւնը կը կատարէ՞…:

Նոր բան ըսած չենք ըլլար, բայց կ’արժէ կրկնել, որ թերթը դպրոց մըն է, ուր ընթերցող-աշակերտ շատ բան կրնայ սորվիլ, եթէ ուշադիր է եւ տրամադիր:

Իբր համեստ յօդուածագիր եւ լրագրող,երկար տարիներու փորձառութեամբ տեսած եւ հաստատած եմ, որ համեստ խանութպաններ, որոնք նախակրթարան իսկ չեն լրացուցած, մի միայն թերթ կարդալով, յաջողած են ամբարել այնքան այլազան եւ պիտանի գիտելիք, որքան երկրորդական աւարտածներ իսկ չեն կրցած իւրացնել, հակառակ տարիներով սպառած իրենց թուղթին ու մելանին:

Երբ այս է իրականութիւնը լրագրին եւ լրագրութեան համար,ՙԱՐԱՐԱՏ՚ շատ իրաւամբ կրնայ հպարտանալ եւ գոհունակութիւն զգալ դաստիարակող եւ հրահանգող այն դերին համար« որ կը կատարէ 85 տարիներէ ի վեր, Լիբանանի հայ իրականութեան մէջ մասնաւորաբար եւ ընդհանուր առմամբ սփիւռքի հայութեան մէջ:

Ոմանք մամուլը կը նկատեն իբր առաջնորդ հանրային կարծիքին, ուրիշներ շահ կ’ընդունին հանրային կարծիքին որպէս թարգման ու հայելի:

Կը խորհիմ թէ ճիշդ չ’ըլլար նման տարբաղադրութիւն մը կատարել, մամուլի կոչումին վերաբերմամբ: Մամուլին այս երկու դերերն ու կոչումները սերտօրէն զուգորդուած են իրարու եւ զիրար կը լրացնեն լրագրական գործուն կեանքին մէջ: Մէկը առանց միւսին բաւական չէ  կանգուն պահելու թերթը, որ ամէն օր ստիպուած է տեսակ մը քննութեան ներկայանալու հանրային կարծիքին առջեւ: Եւ այս դիւրին գործ չէ:

Ի պատիւ ՙԱՐԱՐԱՏ՚-ին պէտք է ըսել, որ ան իսկապէս կրցած է իր վրայ նոյնացնել հանրային կարծիքի ուղեցոյցի եւ թարգմանի կրկնակի ու դժուարին դերերը, առաջնորդուելով առողջ ու հանրօգուտ սկզբունքներէ:

85-ամեակի այս սեմին, կը շնորհաւորեմ ՙԱՐԱՐԱՏ՚-ի վարիչներն ու աշխատակիցները, մշտանորոգ կեանք ու նորանոր բեղուն փուլեր մաղթելով:

 

ՕՀԱՆ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

 

 

Share62Tweet39
Previous Post

ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

Next Post

   85-ԱՐԱՐԱՏ-85 ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՎ

Next Post

   85-ԱՐԱՐԱՏ-85 ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ԵՐԿԱՐԱԿԵՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.