Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄԸ

November 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0

 

ՙՄարդիկ կան, որոնք կը շնչեն, ուրիշներ կան, որոնք կ’ապրին: Նայեցէք, որ դուք ապրիք՚:

Մեր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսոցիչը, յիշատակը օրհնեալ ըլլայ, Պրն. Յակոբ Թութիկեանն էր, Պէյրութի հայ աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն վարժարանին մէջ Մեր պատանի սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ եթէ մէկ կողմէ կը սերմանէր սէր հայ լեզուի եւ գրականութեան ու հայուն պատմութեան հանդէպ, բայց նոյնքան կը պատրաստէր մեզ կեանքի մէջ արժէքներու կառչելու իրականութեան: Մեր պատանի տարիներուն Պրն. Թութիկեանին ըսածները խօսք էին սոսկ: Այսօր կրնանք տեսնել եւ հասկնալ, թէ անոնք կեանք են եղեր:
Կեանքը շնչելու թէ ապրելու իրականութիւններուն մէջէն է, որ կը գտնես եւ կը ստեղծես արժէքը£ Եթէ ապրինք միայն շնչելով, երբեւիցէ կարելի չէ որ ստեղծենք եւ ապրինք արժէքի կեանքը: Կեանքը միայն ապրելով է, որ կը ստեղծուի արժէքը: Իսկ ապրիլը կը պահանջէ աշխատանք, զոհողութիւն, տեսլական, նուիրում եւ ջանք: Եւ պէտք է կառչիլ Աստուածաշունչի իրականութեան, երբ կը յորդորէ մեզ. ՙՋանքի մէջ թուլասիրտ մի ըլլաք՚ (Հռովմայեցիս 12:11):
Ամեակները կը կերտուին ապրելով: Ապրելով կեանքի տեսլականը` իր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութիւններով եւ մշակոյթով, եւ զանոնք կերտելու համար պարտինք տածել նուիրում, զոհողութիւն եւ ջանք: Ամեակը եւ անոր արժէքին բովանդակութիւնը այս բոլորին միացուլումովն է որ կը ստեղծուին£
ՙԱրարատ՚ օրաթերթը կը յիշատակէ իր հիմնադրութեան 85-ամեակը£ 85 երկար տարիներ, ուր ՙԱրարատ՚ օրաթերթը չշնչեց միայն: Ան ապրեցաւ հայուն կեանքը: Ապրեցաւ կերտելով հայուն այս կեանքի արժէքը: Ան հայուն հայապահպանումի եւ հայակերտումի կեանքը կերտելու մէջ իր կարեւոր մասնակցութիւնը ունեցաւ£ Հայը Ցեղասպանութենէն ետք չշնչեց միայն£ Հայը կառչեցաւ իր արժէքի կեանքը ապրելու տեսլականին սփիւռքի ամբողջ տարածքին, երբ եկեղեցի եւ դպրոցի կողքին հիմնեց մամուլ£
ՙԱրարատ՚ օրաթերթը կը համարուի այս հայուն կեանքը ապրողներուն եւ կերտողներուն փաղանգին մէկ կարեւոր միաւորներէն մին, որոնք ապրեցան զոհողութեամբ, տեսլականով, նուիրումով, եւ ջանքի մէջ դասալիք չեղան, որպէսզի հայուն կեանքը կերտեն: ՙԱրարատ՚ օրաթերթը մնաց եւ կը շարունակէ մնալ առաջնորդի դիրքի վրայ իր առաքելութեան մէջ:
Սփիւռքահայ կեանքի ներկայ պայմանները ունին շատ մարտահրաւէրներ: Իսկ լիբանանահայ կեանքը դարձած է շատ դժուար: Այս մարտահրաւէրներով եւ դժուարութիւններով լեցուն կեանքին մէջ, ՙԱրարատ՚ օրաթերթը կը նաւարկէ ամենայն նուիրուածութեամբ, եւ հասած է այսօր մինչեւ 85 տարիքը£ Այս յաջողութեան համար ան արժանի է մեծ գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսքի:
Գնահատանքի եւ երախտագիտական խօսք ՙԱրարատ՚ի բոլոր նուիրեալներուն, նախկին խմբագիրներուն, խմբագրական կազմի անդամներուն, եւ ներկայի անձնակազմին: Կուսակցական, միութենական եւ շրջանակին մէջ գործող իւրաքանչիւր միաւորը, որ ամուր պահեցին եւ կը շարունակեն պահել հայ թերթի կարեւորութեան գիտակցութիւնը:
Մեր մաղթանքն է,որ ՙԱրարատ՚ օրաթերթ շարունակէ ապրիլ կերտելով նոր ամեակներ: Ամեակներ, հայուն արժէքի կեանքը ապրելով եւ ապրեցնելով: Որովհետեւ ամեակին արժեւորումը նոյնինքն այս հայուն արժէքի կեանքը ապրելու եւ մանաւանդ զայն պահելու գրաւականին մէջ է: ՙԱրարատ՚ օրաթերթը այս մարտահրաւէրին մէջ է եւ պէտք է շարունակէ մնալ:
Շնորհաւոր 85-ամեակ ՙԱրարատ՚ օրաթերթին եւ նոր ամեակներ կերտելու լաւագոյն մաղթանքներով:
Երախտագիտական զգացումներով`

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Ընդհանուր Քարտուղար
Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

Սրտի Խօսք ՙԱրարատ՚ օրաթերթի 85-Ամեակին:

Next Post

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Next Post

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.