… Եւ այսպէս, արդէն 85-ամեայ ՙԱրարատ՚ը, ինքնաբերաբար անցաւ հայ մամուլի նահապետներու շարքին:
Սփիւռքահայ կեանքի լպրծուն գետինն ու բազմազան խոչընդոտներու մշտական առկայութիւնը պատճառ չկրցան հանդիսանալ անոր վաղաժամ ընկրկումին կամ յուսահատական խարխափումներու: Անհաւասար պայքարի յորձանուտին մէջ նետուած հայ մամուլին հսկայական ճիգերն ու յարատեւ ջանքերը« վստահաբար պիտի արժեւորուին ու գնահատուին ապագային: Երեւոյթը կը զգենու առաւել ծանրակշիռ բնոյթ` երբ խօսքը կը վերաբերի օրաթերթին. ամէ՛նօրեայ հեւքին ու տագնապին:
Լիբանան խարսխած հայ տարագիրներու բեկորներ, շուտով, իրենց վերապրումի եւ ազգային յարութեան կռուանները սեպեցին այն կառոյցները, որոնց շնորհիւ պիտի տրոփէր հայ կեանքը` իր տարբեր դրսեւորումներով: Դառնաղի անցեալը պահ մը ետին ձգած եւ գաղթականութեան ցուպը անգոսնած հայորդիներ, կամքի ու կորովի եզական սխրանքով ու խոյանքով, կենսակոչեցին նոր կեանք մը` առաւե՛լ եռուն, կենսալի՛ց եւ նպատակասլաց: Այլընտրանք չկար` եթէ ոչ հաստատել ազգապահպանման պինդ գրաւականներ: Անոնցմէ էր` մամուլը:
Հոյլ մը հաւատաւորներ, ուսընդուս, գաղափարական բարձր գիտակցութեամբ եւ քաղաքացիական յանձնառութեամբ միաւորուեցան օրաթերթի մը շուրջ` զայն մկրտելով ՙԱրարատ՚ անունով` բնականաբար ընթերցողներու եւ համակիրներու, շարքայիններու եւ գաղութահայ ուժերու աչքերը սեւեռուն պահելու համար դէպի հայրենիք, դէպի հայոց խորհրդանիշ: Նորածին թերթին անունն ու առաքելութիւնը պատահականութիւններ չէին. հոն կար ազգային-հայրենասիրական երթի մը հանդիսաւոր խոստումը:
Երկա՜ր ճանապարհ անցած է արդէն ՙԱրարատ՚ը, որուն փորեղ հաւաքածոներու էջերէն կ’արտացոլան ազգային, լիբանանեան, միջազգային կեանքին տարիներու զիկզակները, մշակութային-միութենական-ընկերային ու մարզական իրադարձութեանց անցելայուշ դրուագները: Անոր խունացած էջերը վկաներն են մերօրեայ գունագեղ կեանքին, տագնապներուն, յոյզերուն եւ յոյսերուն, նուաճումներուն եւ ցաւերուն: Թաւալած տարիներու ընթացքին անոր կուտակուած էջերը կը պատմեն այն փոթորիկներու մասին, որոնք պատահեցան քիչ մը ամէն տեղ:
Ո՞վքեր հիմնեցին ՙԱրարատ՚ը, ինչպիսի՞ մարդիկ էին անոնք եւ ի՞նչպէս գոյատեւեց աջէն ու ահեակէն փչող մրրիկներու դիմաց, ի՞նչ ուժով կրցաւ յաղթահարել մարտահրաւէրներն ու սպառնալից որոտումները, ի՞նչպէս կը մարտնչի ան զանազան գուպարներու ընթացքին եւ վերջապէս ո՞րն է գաղտնիքը անոր յարատեւման եւ 85-ամեայ պատկառազդու տարիքին: Պէտք է ջոկել մէկ բառ` ՀԱՒԱՏՔ-ը: Հաւատք` իր ստանձնած ազգային-գաղափարական դաւանանքին, իր մշակած ազգանուէր եւ հայրենանուէր սկզբունքներուն եւ այն ուղեգիծին« որ գծած էին օրկանին հիմնադիր այրերը: Հաւատքն է որ զօրացուց անոր շուրջ խմբուած ՙխենթեր՚ը, զանոնք կոփեց եւ կռանեց անտեղիտալի վճռականութեամբ: Քաղաքական« հոգեբանական եւ տնտեսական ճնշումներ փորձեցին խեղդել հաւատքը, լռեցնել զայն ի սպառ, սակայն անխախտելի հաւատքը ահեղ մաքառումներէն դուրս եկաւ աւելի ջրդեղուած ու ամրացած:
Այս անկիւնադարձային փուլին` ողջո՜յն 85-ամեայ վեհաշուք նահապետ: Գալիք օրերդ ըլլան լուսաւոր եւ արշալոյսներդ` արեւոտ:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ