Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԱրարատ՚ օրաթերթը արդէն 85 տարեկան է:

November 28, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Յօդուածներ
0

 

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան օրկան` Արարատ սրբազան լերան անունով մկրտուած ՙԱրարատ՚ օրաթերթը 85 տարիներէ ի վեր մամուլի ճամբով կը ծառայէ հայ ազգին, ի մասնաւորի Սփիւռքի մէջ, հանդիսանալով հայապահպանութեան կարեւոր միջնաբերդերէն մէկը:

Շնորհիւ իր առաքելութեան հաւատացող հեռատես ղեկավարներու, տեսլապաշտ խմբագիրներու, յօդուածագիրներու, աշխատակիցներու եւ բազմաթիւ ազգայիններու համախմբուած աշխատանքին, ութ տասնամեակներու ընթացքին եւ ի հեճուկս բազմապիսի դժուարութիւններու, ՙԱրարատ՚ շարունակած է լոյս տեսնել, ամէնօրեայ դրութեամբ յայտնուիլ գրասէր հայորդիներու տրամադրութեան տակ ու կը մնայ պատնէշի վրայ առայսօր:

Տասնամեակներ շարունակ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայ ժողովուրդի առօրեային ընկերակցած ՙԱրարատ՚ օրաթերթը, ներկայիս ճակատ տալով Լիբանանի տնտեսական աննախադէպ ճգնաժամին ու մարտահրաւէրներուն, իր կուսակցական, ազգային, գրական, լրատուական եւ լրագրական երթը կը շարունակէ ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ պիտի շարունակէ յանձնառու մնալ իր առաքելութեան` իր բաժին պարտականութիւնը կատարելով Սփիւռքի մէջ հայապահպանման աշխատանքը անխաթար պահելու ուխտին մէջ:

Այս հպարտալից առիթով, այսօրուան յատուկ թիւը նուիրուած է ՙԱրարատ՚ի 85-ամեայ յոբելեանին: Անոր հարուստ վաստակին հանդէպ յարգանքի, անոր ճանապարհէն քալած բազմաթիւ երախտաշատ մտաւորականներու, խմբագիրներու, յօդուածագիրներու եւ աշխատակիցներու գնահատելի աշխատանքին հանդէպ շնորհապարտութեան օր է այսօր:

Այս յոբելեանը նաեւ առիթ է ուխտելու, որ ՙԱրարատ՚-ի տնօրէնութիւնը հաւատարիմ պիտի մնայ թերթի հիմնադիրներու ակօսած ճանապարհին ու գոյերթը պիտի շարունակէ յաւելեալ վճռակամութեամբ, ՍԴՀԿ-ի շունչը, հայկական ազգային ոգին ու տեղեկատուութեան լոյսը սփռելու աշխարհի չորս ծագերուն գտնուող հայերուն:

Դէպի նոր ամեակներու տեսիլքով… մեր երթը պիտի շարունակենք միասին:

 

ՙԱ՚

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԳՈՅԺ

Next Post

Բարեւ, սիրելի ՙԱրարատ՚ օրաթերթի խմբագրութիւն

Next Post

Բարեւ, սիրելի ՙԱրարատ՚ օրաթերթի խմբագրութիւն

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.