Սրտի խոր կսկիծով իմացանք, որ 22 Նոյեմբեր 2022-ին, Պոսթոնի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հայ գիրքի եւ մամուլի մատենագէտ, բանասէր, խմբագիր եւ կրթական գործիչ Ժիրայր Դանիէլեանը:
Դանիէլեանը հարուստ վաստակի տէր մտաւորական անհատականութիւն մըն էր ազգային կեանքին մէջ£ Ան երկար տարիներ ծառայած է հայ գրականութեան, մամուլին, հայ ազգին ու կրթական կեանքին: Վաստակաշատ մտաւորականին, խմբագիրին, մշակութային, կրթական, ազգային ու հասարակական գործիչին յիշատակը անթառամ պիտի մնայ բոլոր զինք ճանչցողներու սրտերուն մէջ:
Այս տխուր առիթով, ՙԱրարատ՚ օրաթերթի տնօրէնութիւնը կը ցաւակցի հանգուցեալի կողակիցին, ընտանիքին եւ հարազատներուն: