Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

November 2, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐՆԵՐԸ

 

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր, Արցախի հետ ԵԽ բարեկամութէան խումբի համահիմնադիր Փիթըր Վան Տալենը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ընդգծեց, որ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն այցը Հայաստան տեղի կ՛ունենայ հայ ժողովուրդին համար դժուարին իրավիճակի մէջ, երբ երկրին առջեւ ծառացած են յետպատերազմեան բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ անվտանգային հարցեր: Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նման այցելութիւնները, որոնք նպատակ ունին ամրապնդելու եւ զօրացնելու փոխգործակցութիւնը Եւրոխորհրդարանի եւ Հայաստանի միջեւ` միտուած առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարմանը:

Անդրադառնալով 13-14 Սեպտեմբերին Հայաստանի նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններուն, Հայոց Հայրապետը ցաւով արձանագրեց« որ հայկական կողմը ունեցած է մարդկային ու տարածքային մեծ կորուստներ: Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութէան դատապարտման եւ կանխման հարցով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կարեւորեց միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ բարեկամ երկիրները, միջազգային կառոյցները, այդ շարքին նաեւ Եւրոպայի խորհուրդը, յստակ կեցուածք կ’արտայայտեն ու քայլերու կը ձեռնարկեն տարածաշրջանը ապակայունացնող Ատրպէյճանի ծաւալապաշտական նկրտումներու զսպման, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անվտանգ կեանքի իրաւունքի ապահովման, առ այսօր Ատրպէյճանի մէջ պահուող ռազմագերիներու վերադարձման ուղղութեամբ:

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին զօրակցելու յիշեալ խնդիրներու բարձրաձայնման եւ յաղթահարման գործին:

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ Արցախի հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու իւրացման փաստերուն:

Share62Tweet39
Previous Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԻՐԱՆԻ ՄԷՋ

Next Post

ՙՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԵՆՔ ԱՊՐՈՒՄ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԸ ՍԿՍԵԼ Է ՄԵԾԱՆԱԼ. Ո՞ՒՐ Է ԿԱՄՈՒՐՋԸ՚

Next Post
ՙՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԵՆՔ ԱՊՐՈՒՄ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԸ ՍԿՍԵԼ Է ՄԵԾԱՆԱԼ. Ո՞ՒՐ Է ԿԱՄՈՒՐՋԸ՚

ՙՅՈՒՍԱԽԱԲՈՒԹԻՒՆ ՈՒ ՀԻԱՍԹԱՓՈՒԹԻՒՆ ԵՆՔ ԱՊՐՈՒՄ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ, ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԸ ՍԿՍԵԼ Է ՄԵԾԱՆԱԼ. Ո՞ՒՐ Է ԿԱՄՈՒՐՋԸ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.