Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒԲԵՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ` ՙՄԵՆ՛Ք ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ՚ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

November 2, 2022
in Յօդուածներ
0
ՌՈՒԲԵՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ` ՙՄԵՆ՛Ք ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ՚ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է ՙՄե՛նք ենք մեր սարերը՚ տարածքային զարգացման գործակալութեան առաջին ռազմավարական նիստը, որուն մասնակցածլ են տարբեր ոլորտներ ներկայացնող աւելի քան 60 մասնագէտներ` Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն: Միջոցառումը նախաձեռնած էր հասարակական-քաղաքական գործիչ Ռուբէն Վարդանեանը` Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ:

Նիստին նպատակն էր քննարկումներու միջոցով ուրուագծել Արցախի համար ռազմավարական`  անվտանգութիւն, ժողովրդագրութիւն, կրթութիւն, տնտեսութիւն, առողջապահութիւն, ընկերային ապահովութիւն եւ ազգային ինքնութեան ոլորտներու առաջնահերթ խնդիրներն ու անոնց լուծման ուղղուած ծրագիրներու եւ նախաձեռնութիւններու իրականացման հնարաւորութիւնները:

Ռուբէն Վարդանեանը, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրերուն` միջոցառման ընթացքին պատրաստակամօրէն մասնակցելու համար, ընդգծած է, որ այսպիսի այցելութիւնները եւս աջակցութիւն են` ցոյց տալու համար, որ արցախցիները միայնակ չեն:

ՙԵրկու ամիս է` այստեղ եմ եւ, ամէն անգամ վերլուծելով իրավիճակը, կը հասկնամ, որ մարդիկ, որոնք այստեղ կ՛ապրին, նոյնպէս հերոսներ են, որովհետեւ իրենց ամէնօրեայ կեանքով կ՛ապացուցեն, որ հայրենիքը իրենց համար կարեւոր է, որ իրենք այստեղ կը տեսնեն իրենց ապագան: Այս հաւաքին մասնակցելու խնդիրն է` ուրուագծել Արցախի զարգացման եւ անվտանգութեան ռազմավարութիւնը, մշակութային եւ տնտեսական այն միջավայրի պահպանումը, ուր արցախցիները իրենց կը զգան յաջողած, կը տեսնեն իրենց եւ իրենց երեխաներու երկարաժամկէտ ապագան Արցախի մէջ՚, նշած է Ռուբէն Վարդանեանը:

Արցախի պետական նախարար Արտակ Բեկլարեան վստահութիւն յայտնած է, որ ռազմավարական նիստի աշխատանքները պիտի նպաստեն Արցախի համար կենսական խնդիրներու լուծման: ՙԱյստեղ ներկայացուած է բաւական պատկառելի կազմ, այդ շարքին` անձեր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուին Արցախ: Համոզուած եմ, որ երկար ժամանակ աջակցած էք հայրենիքին, իսկ հիմա հնարաւորութիւն է, որ այլ ձեւաչափով, աւելի երկարաժամկէտ, աւելի հետեւողական կերպով համատեղ աշխատինք, հասկնանք` ինչպէս կրնանք բոլորիս ներուժը ի սպաս դնել մեր հայրենիքի փրկութեան ու հզօրացման՚, նշած է Արտակ Բեկլարեան:

Եռօրեայ քննարկումներու արդիւնքները, հնչեցուած գաղափարները պիտի ամփոփուին, պիտի ձեւաւորուին առաջարկներ` զանոնք ուսումնասիրելու եւ հետագային գործնական ծրագիրներու վերածելու համար:

ՙՄենք կը նախատեսենք շատ կարճ ժամանակի մէջ նշանակալի փոփոխութիւններ կատարել Արցախի մէջ: Այս նիստին քննարկեցինք նախագիծեր եւ գաղափարներ, որոնք հնարաւոր է իրականացնել կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով: Առնուազն 3-6 ամսուայ ընթացքին պէտք է սկսինք աշխատանքները եւ շօշափելի արդիւնք ցոյց տանք: Մենք լսեցինք կարծիքներ, առաջարկներ, նաեւ պատկերացում, թէ նախագիծերու իրականացման գործով ով եւ ինչ ձեւաչափով կրնայ մասնակցութիւն ունենալ ` խորհրդատուութենէն մինչեւ ներդրումներ Արցախի մէջ՚, ըսած է ՙՄե՛նք ենք մեր սարերը՚ տարածքային զարգացման գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Օնիկ Ազնաւուրեանը:

Մինչ աշխատանքներու մեկնարկը` ՙՄե՛նք ենք մեր սարերը՚ տարածքային զարգացման գործակալութեան առաջին ռազմավարական նիստի մասնակիցները այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր-պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցածª իրենց կեանքը հայրենիքի համար զոհած հերոսներու յիշատակին: Աշխատանքներու աւարտին հիւրերը այցելած են նաեւ Գանձասար, ծանօթացածª Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան:

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

102 ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է ՀԱՃԸՆՑԻՆ

Next Post

ՔԱՅԼԵՐ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Next Post
ՔԱՅԼԵՐ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

ՔԱՅԼԵՐ ՊԱԱՊՏԱՅԻ ՊԱԼԱՏԻՆ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.