Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

102 ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է ՀԱՃԸՆՑԻՆ

October 18, 2022
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
102 ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է ՀԱՃԸՆՑԻՆ

Կիլիկիոյ Հաճըն գիւղաքաղաքի 1920-ի անկումէն ճիշդ 102 տարի ետք, Պէյրութի նոր Հաճըն թաղամասը շաբաթավերջին ականատես դարձաւ վերապրած հաճընցիներու սերունդներու ուխտի վերանորոգումին եւ անկոտրում կամքի արտայայտութեան: Երէկ առաւօտեան, Նոր Հաճնոյ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հերոս հաճընցիներու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ մատաղօրհնէք, ներկայութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդին եւ մասնակցութեամբ Հ.Մ.Մ-ի փողերախումբին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Ան իր պատգամին մէջ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացուց պատմական Հաճնոյ հերոսական ինքնապաշտպանութեան արժէքը, շեշտելով որ հաճընցիները կառչած էին իրենց հողին եւ յամառօրէն տուն վերադարձան Ցեղասպանութենէն ու համաշխարհային առաջին պատերազմէն ետք` վերստին շէնացնելու իրենց քաղաքը, հակառակ թրքական շարունակական վտանգին: ՙՀաճընցիները պարտաւորուեցան իրենց կեանքն ու ինչքը պաշտպանելու համար ութ ամիս շարունակ գերմարդկային ճիգերով անհաւասար մարտեր մղել թրքական զօրքին դէմ` ծանր պայմաններու մէջ եւ առանց որեւէ արտաքին օգնութեան՚, յիշեցուց Առաջնորդ Սրբազանը: Պատարագէն ետք, Հ.Կ.Բ.Մ-ի դարմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին Շահէ Եպս. Փանոսեան ողջունելով գնահատեց Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան եւ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին ազգանուէր գործունէութիւնը: Ապա, մատաղը բաժնուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Աւանդական մատաղի պատրաստութիւնը Նոր Հաճըն թաղամասին մէջ տեղի ունեցած էր օր մը առաջ` Շաբաթ, 15 Հոկտեմբերին: Երեկոյեան, ՀՄՄ Պէյրութի փողերախումբը եւ սկաուտական կազմը տողանցեցին շրջանի փողոցներուն վրայ եւ ՙՕդանաւն եկաւ՚ օրհներգով մուտք գործեցին Նոր Հաճըն, ուր տեղի ունեցաւ հերոս հաճընցիներու յիշատակի ոգեկոչման հանդիսութիւն, կազմակերպութեամբ Լիբանանի Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան վարչութեան, որուն անունով բացման խօսք արտասանեց վարչութեան անդամ Զարմիկ Կանաչեան-Ասմինեան: Դիտել տալով, որ երկու տարիներու ակամայ բացակայութենէն ետք, հաճընցիները վերստին հաւաքուած են միասնաբար յիշելու իրենց նախահայրերուն սխրանքները, ան ողջունեց եւ մեծարեց բոլոր անոք, որոնք տարիներ շարունակ կը մասնակցին մատաղի պատրաստութեան: Գեղարուեստական յայտագրի ծիրին մէջ, ասմունքով հանդէս եկաւ ՀՄՄ-ի արենուշ, սահակեանցի Փաթիլ Փափազեանը, մինչ Տէյվիտ Եահիայեան կիթառով ներկայացուց երաժշտական փունջ մը: Արուեստագիտուհի Տիկ. Արեւիկ (Լէոնորա) Թանաշեան ներկաները հմայեց շարք մը հայրենասիրական երգերով:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՙԱրարատ՚-ի տնօրէնուհի Ընկ.հի Անի Եփրեմեան, որ իր խօսքը սկսաւ Հաճնոյ բարբառով, ապա կոչ ուղղեց խորհելու, թէ ՙինչքան ամօթ պիտի զգայինք եթէ հայրենիքը զիջած ըլլայինք առանց պայքարի եւ կռիւի, եթէ մեր հողերը չպաշտպանէին մեր մարտական ու խիզախ հերոսները՚: Ան շեշտեց, թէ հաճընցին ինչպէս փիւնիկ վերապրեցաւ եւ այսօր ապրելով վրէժ կը լուծէ եղեռնագործէն, շարունակելով պայքարը եւ յանձնառու մնալով իր ուխտին: ՙՄենք կորսնցուցինք ճակատամարտը, սակայն յաղթեցինք պատերազմը: Մեր խրոխտ լեռները եւ արիւնոտ դաշտերը թող իմանան, որ հատուցումի եւ արդարութեան պահը կը մօտենայ, քանի կ’ապրի հերոսներ ծնած 135-ամեայ Հնչակեան մայր կուսակցութիւնը՚, ըսաւ Ընկ.հի Եփրեմեան: Ան խօսքը ամփոփեց հաճելի անակնկալ մատուցելով ներկաներուն` հայրենասիրական զուգերգ մը երգիչ Ընկ. Յովիկ Թաֆրանեանի հետ: Թաֆրանեան ապա շարունակեց իր ելոյթը եւ ՙԿիլիկիա՚ նուագախումբին ընկերակցութեամբ ներկաները խանդավառեց ազգային, հայրենասիրական եւ կուսակցական սիրուած երգերով:

Share62Tweet39
Previous Post

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՙՄԱՅԵՍԹՐՕ՚Ն

Next Post

ՌՈՒԲԵՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ` ՙՄԵՆ՛Ք ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ՚ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Next Post
ՌՈՒԲԵՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ` ՙՄԵՆ՛Ք ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ՚ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

ՌՈՒԲԵՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ ԵՆ ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ` ՙՄԵՆ՛Ք ԵՆՔ ՄԵՐ ՍԱՐԵՐԸ՚ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԻՍՏԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.