Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՙՄԱՅԵՍԹՐՕ՚Ն

ԿԱՐԱՊԵՏ ՉԱԼԵԱՆ

October 18, 2022
in Յօդուածներ
0
ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՙՄԱՅԵՍԹՐՕ՚Ն

 

1919-ին, աքսորէն նոր վերադարձած հաճընցիին առջեւ անգամ մը եւս կը ցցուի ՙլինել թէ չլինելու՚ փորձութիւնը: Ֆրանսացին, դիւանագիտական ոճով քօղարկուած, հաճընցիներու ականջին կը փսփսայ` ՙՀաճընէն հեռացէ՛ք, մենք ձեզի չենք կրնար օգնել՚: Կիլիկիոյ վերջին ամրոցի ղեկավարութիւնը եւ 4 տարիէ աքսորին մէջ կոտորակուած 6000 ժողովուրդը կը յամենայ լքել դարաւոր հայրենիքը: Նոյնիսկ Սիսէն` 200-ի չափ որբերն ալ առօք-փառօք կը դիմաւորուին` իրենց սպասուող եղեռական ճակատագիրին հլու:

Կիլիկիոյ կառավարիչ գնդապետ Պրէմոն 12 Փետրուար 1920-ին կ’որոշէ Հաճընը օժտել ՙվստահելի, լուրջ, հայրենասէր, զոհաբերուող քայմաքամ՚ով` յանձին իրաւաբան Կարապետ Չալեանի: Ասիկա ֆրանսացիին ամենամեծ նուէր-օգնութիւնը կþըլլայ…

Կիլիկիան գրեթէ պարպուած` Հաճընը կը պաշարուի: 14 Մարտին արտաքին աշխարհին հետ բոլոր տեսակի կապերը կը խզուին: Արծուեբոյնը կը մնայ կախուած տեղակալ Չալեանի հեռատես դիրքորոշումներուն, Սարգիս Ճեպեճեանի (եւ 580 քաջերու) ռազմագիտական կարողութիւններուն եւ ներքին` կուսակցական ՙես՚ի ու աթոռակռիւներու ճակատագրէն:

Իսկ ո՞վ էր Հաճընի վերջին ՙքայմաքամ՚ը, Կարապետ Չալեանը: Ինչպիսի՞ դեր ունեցաւ ան ութամսեայ պայքարին մէջ: Ինչպէ՞ս նահատակուեցաւ, ո՞ւր թաղուած է: Ո՞ւր են ներկայիս անոր շառաւիղները…

Բնիկ հաճընցի Չալեան ուսանելու համար կը մեկնի Պոլիս, ապա` Թեհրան, ուր բարձր պատուով կ’աւարտէ իրաւաբանական ճիւղը, դառնալով փաստաբան: 1915-ին կ’աքսորուի եւ ՙտէրուիշի՚ տարազով ծպտեալ կը շրջի իբրեւ պարսիկ: Զինադադարէն ետք Ատանա կը հաստատուի, հայրենակից Կէօվտէրէլեանի հետ բանալով փաստաբանական գրասենեակ մը¥4¤:

Հաճնոյ ութամսեայ գոյամարտի հնարամիտ ուղեղն էր, խելքն էր, բացառիկ հեռատեսութեամբ կառավարող computer-ն էր (ես քիչ ըսի, դուք շատը հասկցէք): 23 Օգոստոս 1920: Չալեան կրկին անգամ եւ որպէս վերջին առիթ հաճընցիներուն կ’առաջարկէ Վահկայի ճամբով Ատանա հասնիլ, անխուսափելի կոտորածէն ինչքան հնարաւոր է շատ մարդ փրկելու համար: Սակայն կարգ մը ՙհայրենասէրներ՚ ժողովուրդը կ’ապակողմնորոշենª տեղակալը ՙդաւաճան՚ կամ ՙ100.000 ոսկիի փոխարէն Հաճընը թուրքերուն ծախած՚¥5¤ յորջորջելով… (Վա՜յ ինձ, վա՛յ ինձ. որքա՜ն նմանութիւն` այսօրուան Արցախին…):

Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-ամեակն է:

Այս տարի ալ թող այսպէս մասնակցիմ:

Բի՜ւր յարգանք Կարապետ Չալեանի յիշատակին եւ բոլոր անոնց, որոնք ՙդիմադրեցին եւ կը դիմադրեն ամէնուրեք՚:

Յ.Գ. Ինծի համար մեծ հպարտութիւն էր ծանօթանալ Հաճնոյ անզուգական հերոս Չալեանի շառաւիղներէն երեք հայրենակիցներու:

Առաջինը` Կարապետ Չալեանի եղբօրորդին` քաղաքագէտ, արեւելագէտ եւ հրապարակախօս դոկտոր Ժիրայր (Ժերար) Չալեանն (Շալեան) է, որուն հետ պատիւը ունեցայ ձեռնուելու Հաճնոյ հերոսամարտի 90-ամեակին նուիրուած գիտաժողովի օրերուն, Հայկազեան համալսարանին մէջ, Պէյրութ:

Երկրորդը` Հաճնոյ տեղակալին միւս եղբօր թոռներէն` Լիբանանի եւ սուրիահայութեան ծանօթ արուեստագէտ ՙմայեսթրօ՚, ՙThe Youth Band՚ նուագախումբի խմբավար` սաքսոֆոնահար Վիգէն Չալեանն է:

Իսկ երրորդը` Վիգէնին աւագ եղբայրը` Տիգրան Չալեանը, որուն հետ բախտը ունեցայ հանդիպելու Օգոստոսին` հայրենիք այցիս, հիւրասիրուելով իր տան մէջ: Սրտառուչ, յուզումնախառն հանդիպում մըն էր տակաւին վերջերս, սրտի բարդ վիրահատութենէ ետք` ապաքինման օրերու մէջ գտնուող հայրենակիցիս հետ: … Թեթեւ սաւառնումով մը պատմութեան 102 տարուան խորքը… կը հանդիպէի ՙքայմաքամ՚ին… հո՛ն, պատմական ՀԱՃԸՆ: Ուշադրութիւնս գրաւեց որ ե՛ւ Վիգէնը, ե՛ւ Ժերարն ու Տիգրանը մարմնի, դէմքի, խօսակցութեան եւ բնաւորութեան որոշ գիծերու ընդհանրութիւն մը ունին: Ծինային հասարակած մը Հերոս Կարապետ Չալեանի ընտանիքէն 3 ու 4 սերունդ փոխանցուած է ապահովաբար: Ուրեմն Հաճնոյ հերոսամարտի ղեկավարն ալ մօտաւորապէս նմանը պիտի ըլլար իմ ճանչցածներուս:

15 Հոկտեմբեր 1920: Ինկա՜ւ Հաճընը: ՙԷվիխանեան տան դիրքը լռեց: Շաբաթ օր, մէջը գտնուող բոլոր մարդիկ, ինչպէս ՙքայմաքամ՚ Չալեան, Թերզեան եւ ուրիշ երեւելիներ գերի կ’իյնան ու կը տարուին վանք՚¥7¤:

ՙՏեղակալ Չալեան անհետացաւ, ո՞ւր մնաց, ինչպէ՞ս մահացաւ, յայտնի չեղաւ: Բայց անոր անունը, դիւանագիտական շարժումները, նպաստաւոր առաջարկները յաւիտեան պիտի չմոռցուին: Այս իմաստուն մարդուն անունը ամէն հաճընցիի սրտին խորքը պիտի տեղաւորուի՚¥8¤:

 

1- ՙՀաճընի Ողբերգութիւնը՚ (Մ. Սեպուհ)

2- Նոյնք

3- ՙՀաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն՚ (Յակոբ Պօղոսեան)

4- ՙՄոռցուած Դէպքեր Եւ Դէմքեր՚ (Մեսրոպ Գ. Շխրտմեան)

5- Նոյնք

6- ՙՅուշերիս Յուշերը՚ (Ժերար Շալեան)

7-ՙՀաճընի Ընդհանուր Պատմութիւն՚ (Յակոբ Պօղոսեան)

8-ՙՄոռցուած Դէպքեր Եւ Դէմքեր՚ (Մեսրոպ Գ. Շխրտմեան):

 

Նկարները

1) Տեղակալ Կարապետ Չալեան

2) Դոկտոր Ժերար Շալեան

3) Վիգէն Չալեանի հետ

4) Տիգրան Չալեանի հետ

 

ՆԱԶՕ ՃԷՐԷՃԵԱՆ

 

Share63Tweet39
Previous Post

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Next Post

102 ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է ՀԱՃԸՆՑԻՆ

Next Post
102 ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է ՀԱՃԸՆՑԻՆ

102 ՏԱՐԻ ԵՒ ԱՄՈՒՐ Է ՀԱՃԸՆՑԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.