15 Հոկտեմբեր 1920-ին, Կիլիկիոյ հայ մամուլը կը գուժէր` ՙՀաճըն` Ոչ Եւս Է՚…
Այդ ահասարսուռ բօթը, այնուհետեւ, սեւ երիզով պիտի շրջանակուէր հայոց պատմութեան օրացոյցի էջերուն մէջ` տարուէ տարի, սերունդէ սերունդ, գաղութէ գաղութ: Այդ դժնեայ օրն էր, երբ վերջին անգամ ըլլալով հիւսիսային Կիլիկիոյ Տաւրոսեան լեռներու լանջին թառած Արծուեբոյնին մէջ պիտի բաբախէր սիրտը հայուն, պիտի մխար օճախը հայկական եւ պիտի բոցկլտար ճրագը հայու տան: Դարաւոր տէրերը Հաճըն աւանին կա՛մ պիտի մոխրանային աւերակներու տակ, կա՛մ անկէ խոյս տուածներ պիտի տարտղնուէին աջ ու ահեակ` իրենց սիրտերն ու աչքերը, կարօտն ու յուշերը մտասեւեռած հոն` որ կը կոչուէր` ՙՀաճը՜նը սիրուն՚:
Ի՞նչպէս բնորոշել այդ անհաւասար գուպարը, որ մղուեցաւ շուրջ ինն ամիսներ` յոյսի եւ լոյսի ակնակառոյց սպասումով. ողբերգակա՞ն` նկատի առնելով անոր եղերական վախճանը. հերոսակա՞ն` ի մտի ունենալով հաճընցիներու մարտական ոգին. սակայն` կայ աւելի շեշտակի ու դիպուկ բնութագիրը անոր` դիւցազնական:
Հո՜ն, դժուարահաս լեռներու ծերպերուն ծուարած բուռ մը հայութիւն, մեղուաջան կարգապահութեամբ, նպատակասլաց պայքարով եւ անկոտրում ոգիով միահամուռօրէն ծառացաւ այն եաթաղանին դէմ, որ մէկ առ մէկ իր սրածութեան կ’ենթարկէր հայկական շէներն ու ոստանները: Եթէ տարբեր վայրեր կարողացան գօտեմարտերէ ետք մազապուրծ ճողոպրիլ, ուրիշներ հլու հնազանդ ենթարկուիլ` ճակատագրի սեւ անէծքին, Հաճընին վիճակուեցաւ մինչեւ արեան վերջին կաթիլն ու շունչը մաքառիլ ազգային ու հայրենասիրական անօրինակ սխրանքներով: Անխուսափելի մահը անոնք դիմաւորեցին զէն ի ձեռին եւ հաւաքաբար ինկան քաջերու վայել վսեմ արժանապատուութեամբ:
Հաճնոյ դիւցազնամարտը գոյութենական այն հազուադէպ կռիւներէն էր, որոնք շքեղօրէն կը զարդարեն պատմութեան էջերը, ոչ թէ անոր յիշատակին միայն խունկ ծխելու եւ աղօթք մրմնջելու նկատառումով, այլեւ` օրինակ ունենալու եւ սերունդներ դաստիարակելու վսեմ առաջադրանքով: Յուսավառութեան եւ յուսախաբութեան տատանումներուն մէջ իրենց հողին կառչած հայորդիներ չլքեցին մարտադաշտը. ի՜նչ իմանային անոնք միջազգային դաւադրութեանց մասին, ինչպէ՜ս գիտնային որ օդանաւերու եւ զինեալ հայրենակիցներու սպասումները ժամավաճառութիւն էին լոկ: Արծիւները կը զգային դառնօրէն, որ շրջապատուած եւ սեղմօրէն օղակուած էին իրենց բոյնին մէջ լքուն, մինչ խոստումներ լսած էին փքուն ու փցուն: Սահակ Բ. կաթողիկոս կը բանաձեւէ` ՙդիւցազն բայց եղերաբախտ Հաճըն՚. իսկ նոյնինքն կաթողիկոսը կը գրէ` ՙՉգիտեմ, ո՞վ մեղադրեմ այս աննախընթաց աղէտին իբրեւ պատճառ, զԱստուա՞ծ, որ բանականութեամբ օժտած է զմեզ վտանգը նախատեսել եւ ըստ այնմ պատրաստուելու համար, մեռած ու անմահացած հաճընցինե՞րը, որոնք հաւատալով օգնութեան հասնելու դատարկ խոստումներուն առիւծաբար դիմադրեցին հայրենիքի ազատութիւնը, ֆրանսական դրօշակը եւ ազգի պատիւը պաշտպանելու համար: Հայ գաղթականութիւնք չխուսափեցան իրենց պարտաւորութիւններէն, տուին եւ առատօրէն տուին Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան, սակայն հաճընցիք ութն ամիսներ իրենց պարէնը սպառելէ ետք, ո՛չ միայն խոտաբուծ եղան, այլ կաշի կրծելով, շուն ու կատու ուտելով ապրեցան եւ կռուեցան՚: Աւելի կսկծալի է Հաճնոյ վերջին առաջնորդ Պետրոս Սրբազանի սրտին կոտտանքը, որ կը գրէր` ՙՈրքա՜ն գովենք հաճընցիին դիւցազնութիւնը, որքա՜ն դրուատենք անոր անզուգական եւ գերմարդկային դիմադրութիւնը, չենք կարող ի վեր հանել այն իրական եւ հիանալի պատկերը, զոր հաճընցին ութ ամիսներ ցուցադրեց աշխարհի, ի զուր սպասելով իւր ազգակիցներուն առ իւր պաշտպան նմաններուն չհասնող օգնութեան, Հաճըն մեռաւ անմահանալով, հաճընցին գիտակցաբար ըմբռնելով դիմեց դէպի մահը նման քաջարի զինուորին որ անխուսափելի մահը կը տեսնէ, կ’արհամարհէ զայն ու կը յաղթահարէ անօրինակ խոյացումով դէպի մահուան վիհը, մահով անմահութեան կոթող մը կերտելով՚:
Հապա միւսնե՞րը, որոնք Արծուեբոյնէն դուրսն էին կամ քաջաբար կարողացան ճեղքել պաշարման անագորոյն կապանքը: Յստակ է, անոնց սխրագործութիւնը կը կայանայ գոյատեւման, վերապրումի, վերաշինութեան եւ անմահներու ուղիով ընթանալու անյողդողդ գաղափարներուն վրայ: Ահա աւելի քան հարիւր տարիներ անցած են այդ չարաբաստիկ դրուագէն: Աւելի քան հարիւր անգամներ ճախրած են Արծուեբոյնին նահատակ արծիւները` ի տես իրենց յետնորդներուն հետեւողական երդումին: Հո՛ն, հայրենի հողին վրայ կոթողուած Նոր Հաճընն ու հաճընցի Մեծն Մուրատի անուան դպրոցը կը վկայեն անոնց սաւառնաթռիչ ներկայութիւնը, հո՛ն` թանգարանն ու հերոսներու յիշատակը կը վկայեն վերապրողներուն կամքն ու կորովը. հո՛ն` Նոր Հաճըն ծնած եւ ուռճացած ու Արցախի մէջ նահատակուած զինուորներու շիրիմները կ’ապացուցեն արծիւներուն դեռեւս շարունակուող սաւառնումները: Ամէնուրեք պիտի երգեն ու պարեն հաճընցիները, մատաղի շուրջ թէ պատարագներու ընթացքին պիտի փառաբանեն իրենց նախնիները. գիտութեան թէ այլ ասպարէզներէ ներս նուաճումներով պիտի փառապսակեն Կիլիկիոյ Հաճընին հայկական ու հերոսական անցեալը: Քաջերը ինկան Հաճնոյ ծերպերուն ու կիրճերուն մէջ, դարանակալ հարուածեցին եւ պայքարեցան կածաններու թէ ծմակներու եզրերուն. ինչո՞ւ, որպէսզի սերմանեն կայտառ հունտերը խիզախութեան, կամքի ու կորովի:
Հայկական ինքնապաշտպանական կռիւներու երկար շարքին մէջ, Հաճընը նուաճած է դափնեպսակը դիւցազնականութեան տիտղոսին: Խտացեալ հայոց պատմութիւնն է հերոսածին աւանին իննամսեայ իրադարձութիւնները եւ ապագայի էջերը` որոնք արդէն գրուեցան հպարտառիթ դրուագներով. քանզի` սուգ ու շիւանին փոխարինած էին կեանքի խինդն ու ճիչը, ապագայատեսիլ լաւատեսութիւնը:
Ինչպիսի՜ յուզաթաթաւ օրագրութիւններ եւ յուշեր կան Հաճընի անկման տարեգրութիւնը նկարագրող. ինչպիսի՜ սրտառուչ եւ յուզական տողեր գրուած են անոր անկումն ու հրկիզումը պատկերող. նաեւ` ինչպիսի՜ հերոսներ առ յաւէտ մնացին խրամատներու ետին, մարտնչող վաշտեր նօսրացան հետզհետէ, ինքնասպանութիւնը մարտական ղեկավարին, նահատակութիւնները սուրհանդակ պատանիներու եւ որբերու, դիրքերու վրայ դիմադրութիւնը մինչեւ յետին փամփուշտ, սովի եւ չքաւորութեան փաստեր, հրկիզուող տուներ ու եկեղեցիներ, փուլ եկող դպրոցներ ու կառոյցներ եւ ապա… գերեզմանային լռութիւն չորսիդին. գեհենային վերջալոյս մը բոսորաթոյր արեան եւ անզսպելի ողբուկոծի…: Հաճըն Ոչ Եւս Էր…
Հաճնոյ անկման պահերուն, արնաթաթախ ոստանէն յատուկ առաքելութեամբ անկէ դուրս գտնուող հոգեւոր առաջնորդ Պետրոս Եպս. Սարաճեան, հետագային իր գրիչը արեան թանաքի մէջ մխրճելով, մորմոքուն սիրտով ու արտասուալիր աչքերով կը գրէր սա սրտամաշ տողերը, քանզի Հաճնոյ փլատակներուն տակ կը գտնուէր իր մօր անշնչացած դիակը նաեւ. ՙՀանգի՜ստ նահատակ հաճընցիին, հանգիստ անոր անսուաղութենէ հիւծած ու մաշած ոսկորին, հանգի՜ստ անոր անգերեզման, անթաղ եւ գազանակեր դիակին, յարգա՜նք անոր վեհ ու սրբազան հոգիին, յարգանք անոր անչափելի քաջութեան եւ անպատմելի անձնուրացութեան՚: