Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

October 10, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Լիբանանեան
0
Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, թէ նախագահ Միշէլ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացած է ծովային սահմանագծումի հարցով ամերիկացի միջնորդ Ամուս Հոքսթինէն` քննարկելու համար Իսրայէլի հետ անուղղակի հաղորդակցութիւններուն վերջին արդիւնքները: Միջնորդը հաստատած է, որ քննարկումներու այս փուլը եզրափակուած է, արձանագրուած են նկատողութիւնները եւ յառաջիկայ ժամերուն պիտի ուղարկուի համաձայնութեան առաջարկի վերջնական տարբերակը: Նախագահի գրասենեակին համաձայն, Լիբանան մանրակրկիտ պիտի ուսումնասիրէ վերջնական առաջարկը` համապատասխան որոշումները կայացնելու համար: Աուն խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապէն ծանօթացաւ Հոքսթինի հետ անցնող օրերուն կատարուած հաղորդակցութիւններուն բովանդակութեան:

Իսկ Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Փարիզ աշխուժօրէն կը համագործակցի ամերիկացիներուն հետ` յանգելու համար ծովային սահմանագղումի շուրջ վերջնական համաձայնութեան:

Սահմանագծումի համաձայնութեան առաջարկին հիման վրայ Իսրայէլին տրուող Քարիշ կազահորը շահագործող ՙԷնըրճին՚ ընկերութիւնը երէկ յայտարարեց, որ արտահանումի ծովային հարթակը խողովակաշարով միացուցած է ցամաքին եւ սկսած է կատարել կազահանումի անհրաժեշտ փորձարկումները: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ երէկ նաեւ հաղորդեցին« որ համացանցահէններ յաջողած են կոտրել ընկերութեան համացանցային կապը եւ խափանել կազ արտահանելու փորձը: Իսրայէլ նախապէս միջնորդին միջոցաւ Լիբանանին տեղեկացուցած էր, որ տակաւին չէ սկսած կազ արտահանել, այլ պարզապէս  փորձ կը կատարէ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց լաւ որակեց Լիբանանի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութեան առաջարկը, մաղթելով որ այդ շուտով կը վաւերացուի: Ան սակայն յիշեցուց, որ ՙգնդակը այժմ կը գտնուի լիբանանցիներուն մօտ՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Next Post
ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԽՄՈՐՈՒՄՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022
ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

ՙԱՐԱՐԱՏ՚-Ի 85-ԱՄԵԱԿԻ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄՆԵՐ

August 12, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան

March 24, 2023

ՙՀԱՅԿ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ՚ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ

March 24, 2023

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ

March 24, 2023

ՄԱՀԱԶԴ

March 24, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.