Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԸ

October 5, 2022
in Գաղութային
0
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՙՇՆՈՐՀԱԼԻ՚ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՊԻՏԻ ՆՇԷ ՍՈՒՐԲ ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՎԱՃԱՆՄԱՆ 850-ԱՄԵԱԿԸ

 

Երկուշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի վեհարանէն ներս, ՆՍ.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Կաթողիկոսարանի ՙՇնորհալի՚ երգչախումբի նորընտիր վարչութիւնը, գլխաւորութեամբ երգչախումբի խմբավար Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

Յանուն երգչախումբին, հայր սուրբը որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, երգչախումբի գործունէութեան նկատմամբ իր ցուցաբերած հայրական հոգածութեան ու զօրակցութեան համար: Այս առիթով, խմբավար հայր սուրբը Նորին Ս. Օծութեան պարզեց երգչախումբին յառաջիկայ ծրագիրները եւ այս ծիրէն ներս ընդգծեց Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակին նուիրուած յատուկ համերգը, որ պիտի կայանայ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հայր սուրբը նաեւ յիշեց, որ յառաջիկայ տարի երգչախումբին հաստատման 50-ամեակն է եւ պարզեց այս առիթով կատարուելիք կարգ մը նախաձեռնութիւններ:

Վեհափառ Հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց խմբավար հայր սուրբին, վարչութեան, ինչպէս նաեւ երգչախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք յատկապէս Լիբանանի ընկերային-տնտեսական դժուար պայմաններուն մէջ կը շարունակեն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել երգչախումբի ծրագիրներու իրագործման: Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ ընդգծեց մեր հոգեւոր ու մշակութային երաժշտական արժէքները տարածելու կոչուած երգչախումբին առաքելութեան կարեւորութիւնը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԽԱՂԵՐԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆ 2023 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ

Next Post

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Next Post
Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Trending
  • Comments
  • Latest
ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ

August 25, 2022
ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ`  ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿ` ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՀԱՅ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՓՈԽՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻ ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՀԵՏ

March 11, 2023
ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՍԻՐԱՆ ՍԵԶԱՅԻ ՙԽՈՐՏԱԿՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔԵՐ՚ ՎԷՊԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

April 19, 2023

ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ ՄՈՒՏՔ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ Ս.Դ.ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ

September 14, 2022

ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ

0

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԻ ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

0

1704 ԶԻՆՈՒՈՐԻ ԱՃԻՒՆ

0

ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄ

0
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ  ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ  ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 120-ԱՄԵԱԿԻՆ

September 21, 2023
ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

ԱՐՑԱԽԸ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԹԻՐԱԽ

September 21, 2023
ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

ԺԱԱԺԱԱ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ

September 21, 2023
ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

ԼԱՐՈՒԱԾ ՎԻՃԱԿ ՀԱՐԱՒԻ ՄԷՋ

September 21, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.