ՀՀ կառավարութեան` 29 Սեպտեմբերի նիստին հաւանութեան արժանացած է Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու կազմակերպման եւ կայացման կազմակերպչական կոմիտէ ստեղծելու եւ անոր անհատական կազմը հաստատելու մասին որոշման նախագիծը:
Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 2023-ին:
Խաղերը պատշաճ ու բարձր մակարդակով կազմակերպելու եւ անցընելու նպատակով ստեղծուած է կազմակերպչական կոմիտէ, որուն նախագահը ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն է: Կոմիտէի կազմին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ՀՀ կրթութեան գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Վահրամ Տումանեանը եւ նախարարի տեղակալ Կարէն Գիլոյեանը:
Համահայկական ամառնային 8-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը պիտի կազմակերպուի Կիւմրիի մէջ, իսկ խաղերը տեղի պիտի ունենան Շիրակի եւ Արագածոտնի մարզերու շարք մը քաղաքներու մէջ: Փակման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ: