Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՙԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ, ՆԱԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐՈՎ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ` ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ՚

ԱՄՆ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է ՍԻՒՆԻՔԻ ՄԱՐԶ

September 29, 2022
in Միջազգային
0
ՙԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ, ՆԱԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐՈՎ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ` ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ՚

 

 

Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեանը ընդունած է Հայաստանի մէջ ԱՄՆ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լին Թրէյսին:

Դեսպանի հետ Սիւնիք այցելած էին նաեւ դեսպանութեան տնտեսական եւ քաղաքական բաժնի ղեկավարի տեղակալ Քիմ Զափֆելը, ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Ճոն Ալելօն, գրասենեակի ծրագիրներու համակարգող Հայկանոյշ Բագրատունեանը: Մարզպետը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպանին` այցի ու յատկապէս 27 Սեպտեմբերին Սիւնիքի մէջ գտնուելու համար:

Դեսպանը, յիշատակելով, որ կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմին 2-րդ տարելիցը` իր յարգանքը փոխանցած է զոհերու յիշատակին ու ցաւակցութիւնը անոնց ընտանիքներուն` փաստելով, որ, ցաւօք, երիտասարդ տղաներու կեանքեր խլեց նաեւ վերջին օրերու պատերազմը:

Ռոպերթ Ղուկասեանը, ներկայացնելով 13 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի` Սիւնիք ներխուժման մանրամասները, նշած է.

ՙՄեզի համար շատ կարեւոր է, որ այս ծանր ժամանակահատուածին մեր կողքին էք: Տեղեակ ենք, տիկի՛ն դեսպան, թէ՛ Ձեր, թէ՛ ԱՄՆ դիրքորոշման մասին այս ամէնին վերաբերեալ, որուն համար շնորհակալ ենք: Բայց վերջին երկօրեայ պատերազմը, որ տեղի ունեցաւ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին մէջ, ցոյց տուաւ, որ թշնամին կ՛ոտնահարէ ոչ միայն մէկ այլ պետութեան ու մարդու հիմնարար բոլոր իրաւունքները, այլեւ մարդասիրական տարրերը ու նոյնիսկ շտապօգնութեան մեքենաները կը թիրախաւորէր: Այստեղ մեծ է խաղաղ բնակչութեան հանդէպ ռազմական գործողութիւններու վտանգը: Այս ամէնը պէտք է խիստ գնահատականի արժանանայ միջազգային հանրութեան կողմէ, ուստի եւս մէկ անգամ բոլորէն կը խնդրենք ուշադրութիւն թշնամիին վերջին գործողութիւններուն նկատմամբ եւ յստակ ճնշումներ` անոնց կրկնութիւնը կանխելու համար՚:

Դեսպան Թրէյսին ըսաւ, որ այս հակամարտութիւնը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու ուշադրութեան կեդրոնին` նոյնիսկ այն պարագային, երբ աւելի լայն տարածաշրջանին մէջ կան զուգահեռ ընթացող հակամարտութիւններ.

ՙՈւ մենք ամենաբարձր մակարդակներով, նաեւ դիւանագիտական խողովակներով, կ՛ընենք ամէն ինչ` թոյլ չտալու ուժի կիրառումը, ապահովելու բանակցութիւններու շարունակականութիւնը եւ ունենալու խնդիրի այնպիսի կարգաւորման հեռանկար, որ երկարաժամկէտ ու կայուն խաղաղութիւն պիտի բերէ՚:

Բարձրաստիճան դիւանագէտը նշեց, որ կը գիտակցի, թէ որքան դժուար է հիմա Սիւնիքի, նաեւ միւս սահմանամերձ մարզերու բնակիչներուն համար անվտանգութեան զգացում ունենալ: Այդ պատճառով ալ մարզ այցելած է գործընկերներուն հետ` հասկնալու, թէ ինչ կը կատարուի ու ինչով կրնան օգնել:

Ռոպերթ Ղուկասեանը հիւրերուն հետ մարզին շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու ծիրին մէջ յառաջ եկած շարք մը խնդիրներ քննարկեց, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԱՄՆ միջազգային զարգացման գործակալութեան` մինչ այժմ իրականացուզած աշխատանքին համար` նշելով, որ շարունակուող համագործակցութեամբ իրականացուելիք ծրագիրները զարգացումէն զատ պէտք է ուղղուած ըլլան դժուարին իրավիճակները դիմակայելուն:

Քանի որ տիկին Թրէյսին կ՛աւարտէ իր դիւանագիտական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, հանդիպման աւարտին նշեց.

ՙԻրավիճակը Սիւնիքի, առհասարակ Հայաստանի մէջ, միշտ իմ մտքին մէջ պիտի ըլլայ, եւ եթէ կայ բան, որ կրնամ ընել ու օգնել այստեղ խաղաղութեան հաստատման, ապագային եւս պիտի ընեք, անկախ անկէ, թէ ուր եմ՚:

Share61Tweet38
Previous Post

ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՍՈՒՐ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Next Post
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.