Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

September 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԸ ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԾԵՐԱԿՈՒՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐԸ

 

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ընդունած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըւինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Նախարար Միրզոյեան ողջունած է ֆրանսացի ծերակուտականներու պատուիրակութեան այցը Հայաստան` գնահատելով հայ-ֆրանսական բարեկամութեան եւ համերաշխութեան ցուցաբերած շարունակական նուիրուածութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցեր, մասնաւորապէս միտքեր փոխանակուած են հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան զարգացման շուրջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է տարածշրջանային անվտանգութեան եւ խաղաղութեան վերաբերող հարցերուն: Նախարար Միրզոյեան ֆրանսացի ծերակուտականներուն ներկայացուցած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը` բարձր գնահատելով ֆրանսական կողմին հասցէական գնահատականները եւ սկզբունքային դիրքորոշումը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարարը ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի առաւելապաշտական քաղաքականութիւնը, ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու լուծման հասնելու փորձերը անթոյլատրելի են եւ պէտք է միանշանակօրէն դատապարտուին միջազգային հանրութեան կողմէ:

Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ հայկական կողմին դիրքորոշումը: Կարեւորուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ Ֆրանսայի ջանքերը, այդ շարքին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր:

Նախարար Միրզոյեան կարեւորած է նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբին գործունէութիւնը` ուղղուած Ծերակոյտին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի ու արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՙԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ, ՆԱԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐՈՎ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ` ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ՚

Next Post

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱԱԿԱՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՏՈՒԺԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ

Next Post
ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱԱԿԱՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՏՈՒԺԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐԱԾ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԻՏՈՐԴԱԿԱՆ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՈՒՂՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱԱԿԱՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔՈՎ ՏՈՒԺԱԾ ՇՐՋԱՆՆԵՐ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.