Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՍՈՒՐ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

September 29, 2022
in Միջազգային
0
ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՍՈՒՐ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

 

Ռուսիոյ Արտաքին գործերու նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընին հարց տուաւ, թէ արդեօք Ուաշինկթըն գործադրութեան դրա՞ծ էր ՙՆորտ Սթրիմ՚ (Հիւսիսային հոսք) ծրագրին վերջ տալու իր սպառնալիքը: Նշենք, որ ուժանիւթային նշեալ ծրագրի խողովակաշարերը բնական կազ կը փոխադրեն Ռուսիայէն Գերմանիա: Ծրագրի առաջին եւ երկրորդ ստորջրեայ խողովակաշարերէն նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ արտահոսք: Շուէտի եւ Դանիոյ իշխանութիւնները կը նշեն, որ արտահոսքին նախորդած են ստորջրեայ պայթումներ, որոնք վնասած են խողովակաշարը:

Եւրոմիութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց խողովակաշարին կրած վնասին մասին եւ պնդեց, որ տեղի ունեցածը դիտումնաւոր էր, նպատակ ունենալով քաոսի մատնել ուժանիւթային մատակարարումները:

Ռուսիոյ նախագահութեան բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին անհիմն որակեց ՙՆորտ Սթրիմ՚-ի հարցով Մոսկուային ուղղուած ամբաստանութիւնները: Ան Շուէտի եւ Դանիոյ իշխանութիւններէն պահանջեց արկածին մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ: Փեսքով նաեւ շեշտեց, որ ռուսերը պէտք է շարունակեն գործողութիւնները Ուքրանիոյ մէջ` ամբողջութեամբ տիրապետելու համար արեւելեան Տոնպաս գաւառին:

Նոյն ծիրին մէջ, Ուքրանիոյ արեւելեան եւ հարաւային ռուսամէտ գաւառներուն մէջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Ռուսիոյ միանալու հանրաքուէին յաջողութիւնը: Ուքրանիայէն անջատուելու ընտրանքին իր հաւանութիւնը տուած է բնակչութեան 87,05 տոկոսը Խերսոնի մէջ, 93,11 առ հարիւրը` Զափորիժիոյ, 98,54 տոկոսըª Լուկանսկի եւ 99,23 առ հարիւրը` Տոնեցքի մէջ: Այժմ կ’ակնկալուի, որ Մոսկուայի իշխանութիւնները պաշտօնապէս որոշում հրապարակեն նշեալ 4 շրջանները Ռուսիոյ կցելու մասին:

Ռուսիոյ մէջ ամերիկեան դեսպանութիւնը երկրին մէջ գտնուող ամերիկացիներուն խորհուրդ տուաւ անյապաղ հեռանալ, ահազանգելով, որ անոնք ենթակայ են ձերբակալութեան, եթէ մասնակցին բողոքի շարժումներուն:

Ամերիկեան դեսպանութիւնը նախապէս նշած էր, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները ձերբակալած են բողոքի շարժումներուն մասնակցող երկու ամերիկացի:

Share61Tweet38
Previous Post

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԻՏՈՐԴՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

Next Post

ՙԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ, ՆԱԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐՈՎ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ` ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ՚

Next Post
ՙԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ, ՆԱԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐՈՎ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ` ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ՚

ՙԱՄԵՆԱԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿՆԵՐՈՎ, ՆԱԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԽՈՂՈՎԱԿՆԵՐՈՎ, ԱՄԷՆ ԻՆՉ Կ՛ԸՆԵՆՔ` ԹՈՅԼ ՉՏԱԼՈՒ ՈՒԺԻ ԿԻՐԱՌՈՒՄԸ՚

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.