Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԻՏՈՐԴՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

September 29, 2022
in Գլխաւոր Լուրեր, Հայաստան
0
ՖՐԱՆՍԱՑԻ ԴԻՏՈՐԴՆԵՐ ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ

 

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիէն Լըքորնիու Փարիզի մէջ ընդունեց իր հայ պաշտօնակից Սուրէն Պապիկեանը: Վերջինս ֆրանսական խնդրանքով ներկայացուց 13 Սեպտեմբերի ատրպէյճանական սահմանային յարձակումին հետեւանքով յառաջացած իրավիճակը: Ֆրանսացի նախարարը վերահաստատեց խնդիրին առնչութեամբ Ֆրանսայի պետական դիրքորոշումը, ըստ որուն` ատրպէյճանական ուժերը պէտք է անյապաղ դուրս գան Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն: Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարը յայտնեց, որ իրենք դիտորդներու պատուիրակութիւն պիտի ուղարկեն Հայաստան` իրավիճակը գնահատելու համար:

Իսկ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Ֆրանսայի ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը: Յիշեցնելով, որ 26 Սեպտեմբերին կը գտնուէր Փարիզ, Փաշինեան մաղթեց, որ փոխադարձ այցելութիւնները կը սատարեն երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին: Վարչապետը շեշտեց Ֆրանսայի առանցքային դերը` Հայաստանի նկատմամբ Պաքուի գործադրած բռնութիւններու հետեւանքները յաղթահարելու ուղղութեամբ: Ան կարեւորեց միջազգային դիտորդական առաքելութեան գործուղումը սահմանային վնասուած գօտի, որպէսզի միջազգային ընտանիքը ստանայ ուղիղ տեղեկութիւններ: Ֆրանսացի ծերակուտականները տեսակցեցան նաեւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԵՐՋ 1507-Ի ԺԱՄԱՆԱԿԱՇՐՋԱՆԻՆ

Next Post

ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՍՈՒՐ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՍՈՒՐ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԵՏ ՍՈՒՐ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.