ՙՊատմութիւնը պիտի արձանագրէ, թէ որքան երախտապարտ են անոր`
հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, կաթողիկէ առաքելութիւնները,
Սուրբ Աթոռը եւ ամբողջ եկեղեցին՚:
Պօղոս Զ. Քահանայապետ 26/05/1971
Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին ակնկալու յոյսով կը նայի դէպի Հռոմի Ս. Աթոռը, ուր ՙԱստուծոյ Ծառայ՚` Կարդինալ եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս-Պատրիարք` Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի երանացման դատը պիտի հռչակուի յառաջիկայ 28 Հոկտեմբեր 2022-ին: Հռոմի Լատիրան Մայր տաճարի ժողովասրահին մէջ, սրբազան քահանայապետին փոխառաջնորդ Հռոմի թեմին Կարդինալ Անճելօ Տի Տոնադիսն պիտի հռչակէ սիրեցեալ Կարդինալին երանացման դատին բացումը, ներկայութեամբ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանի:
Կարդինալ Աղաճանեան բառին ամենաճշմարիտ իմաստով Աստուծոյ ծառան էր: Օծուած` ծառայելու Կաթողիկէ Ս. եկեղեցիին եւ իր սիրեցեալ ազգին: Աղաճանեան եղաւ եզակի անձնաւորութիւն մը, որ իր ուրոյն դերը ունեցաւ հայ ազգի պատմութեան մէջ` ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Կաթողիկէ Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն ու ի պարծանս հայ ազգին:
Համառօտ տողերով գրել Աղաճանեանի նման մեծանուն անձնաւորութեան մը մասին, հեշտ աշխատանք չէ: Աղաճանեան, որպէս Կաթողիկոս-Պատրիարք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ` անոր անխոնջ հոգատարն էր: Ան թեմեր եւ գաղութներ հիմնեց, դպրոցներ եւ եկեղեցիներ կառուցեց եւ թափ տուաւ հայկական հրատարակչական գործերու: Տարբեր երկիրներու հայկական գաղութները այցելելով անոնց հովուական կարիքներուն հասաւ: Եղաւ շինարար, կրթական մշակ, մարդկանց իրաւանց պաշտպան, լայնատարած հողամասերու հովիւ: Ան աստուածաբան, լեզուաբան (կը տիրապետէր ութ լեզուներու) եւ իրաւաբան էր: Սակայն ասոնցմէ վեր եւ առաջ` միշտ Աստուծոյ ծառան էր:
Կարդինալի Կեանքէն Համառօտ Տեղեկութիւններ
Ան ծնած է 18 Սեպտեմբեր 1895 թուականին, Ջաւախքի հայկական շրջանի Ախալցխա քաղաքին մէջ, Յարութիւն Աղաճանեանի եւ Իսկուհի Սարուխանեանի ընտանիքէն ներս` աւազանի անունով կոչուելով Ղազարոս:
Ան իր փոքր հասակէն սիրած է եկեղեցին: 1906 թուականին, երբ շուրջ 12 տարեկան էր, կ’ուղարկուի Հռոմ` Հայ Կաթողիկէ ճեմարան, ստանալու եկեղեցականի կազմաւորման ուսումը:
1917 Դեկտեմբերի 23-ին քահանայ կը ձեռնադրուի եւ կը վերակոչուի Ֆրանչիսկոս:
1935 Յուլիսի 21-ին, իր կարողութեանց ու յաջողութիւններուն շնորհիւ, կը բարձրանայ եպիսկոպոսական աստիճանին:
1937-ին Պէյրութի մէջ կայացած հայ կաթողիկէ ընտրական Սինոտի հայրերը Աղաճանեանը կ’ընտրեն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք: 42 տարեկանին ան Պատրիարքական գահ կը բարձրանայ վերանուանուելով Գրիգոր, Հայ եկեղեցւոյ հիմնադիր Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի անունով:
1946-ին Աղաճանեան իր օրինակելի հոգեւորականի վարքագծով` կը ստանայ կարդինալի իր կարմիր գլխարկը:
Կարդինալին ստանձնած Պաշտօններ
1932-ին կը նշանակուի Հայ Կաթողիկէ ճեմարանի տեսուչի օգնական, ապաª տեսուչ:
Պիոս ԺԲ. քահանայապետը զինք կը նշանակէ Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագիրքը կազմելու կոչուած յանձնաժողովի նախագահ, դառնալով Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ երկու հազարամեայ պատմութեան այս պաշտօնին կոչուած առաջին հայը:
1935-ին Պիոս ԺԲ. պապը զինք, որպէս Առաքելական այցելու, կ’ուղարկէ Լիբանանի Զմմառու վանք, ուր ան յաջողութեամբ կը կատարէ իր առաքելութիւնը:
Հռոմ վերադառնալէ ետք ան կը նշանակուի Հաւատքի Տարածման Համալսարանի փրոֆեսոր, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Սինոդի եւ Արեւելեան Եկեղեցւոյ Իրաւական Յանձնաժողովի խորհրդական անդամ:
Աղաճանեանի Իրագործումները
Ան Հալէպի Հայ Կաթողիկէ թեմի բացումը կը կատարէ, Աշրաֆիէ թաղամասին մէջ, եկեղեցի կառուցելու հիմնաքարը դնելով:
Աղաճանեան առանցքային դեր ունեցած է 1939 թուականին Քեսապի ու հարեւան գիւղերու թրքական իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրաւումէն ետք` անոնց սուրիական իշխանութեան վերադարձումին մէջ:
Իր պատրիարքութեան ընթացքին եկեղեցական շատ կարեւոր ծրագիրներ կ’իրականացնէ` կառուցելով եկեղեցիներ, ներառեալ` Պէյրութի Ս. Եղիա- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցին եւ Պուրճ Համմուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցին:
1963-ին Վատիկան Բ. Ժողովի ընթացքին, որուն համակարգողն էր ան, Աղաճանեան կ’առաջարկէ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մասնակցութիւնը սոյն ժողովին: Այս իմաստով երկու անջատ պատմական հանդիպումներ կը կազմակերպէ Պօղոս Զ. քահանայապետին եւ Խորէն Ա. եւ ապա Վազգէն Ա. կաթողիկոսներուն միջեւ:
Շատ մը աղբիւրներու համաձայն, 1958 եւ 1963 թուականներու պապական ընտրութիւններու ընթացքին, երկու անգամներուն ալ Աղաճանեանի թեկնածութիւնը դրուած էր, եւ հաւանաբար ընտրուած էր առանց ընդունելու սոյն պաշտօնը:
Աղաճանեան արժանի է երախտագիտութեան բարձրագոյն գնահատանքի, որովհետեւ ան` որպէս Աստուծոյ ծառան, իր կեանքը անսակարկ եւ անմնացորդ տուաւ իր Աստուծոյն, իր Եկեղեցւոյն եւ ժողովուրդին:
Եղաւ սիրոյ եւ արդարութեան առաքեալ: Դարձաւ միութեան եւ համերաշխութեան դեսպան: ՙԲարի պատերազմը պատերազմեցաւ, ընթացքը կատարեց, հաւատքը պահեց: Ասկէ յետոյ կը մնայ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՊՍԱԿԸ՚ (Բ. Տիմ. 4:7):
Իր կեանքին ամբողջ ընթացքին, Աղաճանեան եղած է իր գեղեցիկ խօսքով, քահանայական արժանավայել կեանքով եւ հոգեւորականի յատուկ շնորհքով օժտուած եկեղեցական մը: Ան բաժնուեցաւ այս աշխարէն 16 Մայիս 1971-ին, ըլլալու համար իր սիրելի Տիրոջ հետ:
Կ’եզրափակեմ իր յուղարկաւորութեան ժամանակ Պօղոս Զ. քահանայապետին արտասանած վկայութեան խօսքերով.
ՙՊատմութիւնը պիտի արձանագրէ այն ինչ որ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը, կաթողիկէ առաքելութիւնները, Սուրբ Աթոռը եւ ողջ եկեղեցին կարդինալ Աղաճանեանին կը պարտին՚:
Այո՛, մենք իսկապէս շատ բան կը պարտինք անոր:
Միասնաբար աղօթենք, որ Աղաճանեանի երանացման դատը յառաջ երթայ եւ մենք, որպէս հայեր, կարենանք տեսնել զինք Ընդհանրական Եկեղեցւոյ զոհասեղաններուն վրայ:
Հ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ